No comments yet

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔ 2026

 

 

..

 
 

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ
ԽՈՀԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ՝ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մ. Օհանէս
Մարդկային գոյութեան ամենախորունկ իմաստներէն մէկը
հաւաքականութեան մէջ ինքզինք գտնելն է, ուր անցեալի յիշողութիւնը, ներկայի
համերաշխութիւնը եւ ապագայի յոյսը կը միաձուլուին մէկ յարկի տակ։ Այս
խորհուրդով կայացաւ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային եւ Տիկնանց
Յանձնախումբերու կազմակերպած Գոհաբանութեան տօնին նուիրուած
հանդիսութիւնը՝ վերածուելով ոչ միայն աւանդական հաւաքի, այլեւ հոգեկան
վերանորոգման ու արժէքներու վերահաստատման պահու։
Երեկոյի բացումը կատարեց Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝
Կարպիս Սարաֆեան, որ իր ջերմ բարի գալուստի խօսքը հիւրերուն փոխանցեց,
բանալով հաղորդակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի դռները։ Ապա, խօսք
առաւ Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէս, անդրադառնալով
ներկաներուն համախմբումին խորհուրդին՝ շեշտելով, թէ իւրաքանչիւր
հանդիպում առիթ մըն է վերյիշելու, որ մեր ուժը մեր միասնականութեան եւ
իրարու հանդէպ ունեցած անկեղծ կապուածութեան մէջ է։
Այնուհետեւ, ներկաները վայելեցին տօնական սեղանի առատ ու համադամ
բարիքները՝ յատուկ հիացմունքով համտեսելով աւանդական հնդկահաւի
համեմունքաւոր լիցքը, որ իսկական տօնական շունչ ու ջերմութիւն հաղորդեց
ընթրիքին, պատրաստուած՝ իսկական խնամքով Միութեան Տիկնանց
Յանձնախումբին կողմէ:
Ընթրիքէն ետք, կրկին դարձեալ խօսք առաւ Տկ. Օհանէս, անդրադառնալով
Գոհաբանութեան տօնին պատմական ակունքներուն ու փիլիսոփայական
իմաստին՝ երախտագիտութիւնը դիտարկելով իբրեւ մարդկային հոգիի
ամենաազնիւ առաքինութիւններէն մէկը։ Խօսքին յաջորդեց իմացական եւ
զուարճալի խաղեր՝ նուիրուած միութեան պատմութեան եւ Պոլսոյ կրթական
հաստատութիւններուն։ Այս խաղերը ոչ միայն աշխուժացուցին մթնոլորտը, այլեւ
վերակենդանացուցին անոնց մշակութային ու կրթական ժառանգութեան հանդէպ
ունեցած հպարտութիւնը, իսկ ամենաբախտաւոր եւ գիտակ մասնակիցները
արժանացան նուէրներու։
Հանդիսութեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն էր միութեան
ատենապետ Բարունակ Չէլիքեանի զեկոյցը։ Ան ներկայացուց կատարուած
բարեսիրական եւ կրթական աշխատանքները՝ առանձնայատուկ ուրախութիւնով
նշելով, որ այս տարի կրթանպաստներ յատկացուած են 13 ուսանողներու։ Այս
քայլը խորքին մէջ ներդրում մըն է Միութեան ապագային մէջ, վկայութիւն մը այն
իրողութեան, որ գիտելիքն ու ուսումը մեր համայնքի յարատեւման
ամենահաստատուն հիմքերն են։ Զեկոյցի ընթացքին ատենապետը նաեւ
երախտագիտութեամբ յիշատակեց Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Աղաւնի Գուրեաններու
առատաձեռն նուիրատուութիւնը՝ ուղղուած Պարահանդէսի Յանձնախումբին,
ընդգծելով, որ նման ազնիւ աջակցութիւնները կենսական են միութեան
աշխատանքներու անխափան եւ կազմակերպուած ընթացքին համար։
Ատենապետը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր
կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն՝ անոնց նուիրումին եւ աջակցութեան
համար։ Այս ոգիով ան նաեւ յատուկ յուշատախտակ մը շնորհեց Տիկնանց
Օժանդակ Յանձնախումբին՝ ի գնահատանք միութեան հանդէպ անոնց
անսակարկ նուիրումին ու մատուցած բազմաթիւ ծառայութիւններուն։
Այնուհետեւ, երախտագիտութեան խօսքը շարունակուեցաւ առարկայական
պարգեւատրումներով. Միութեան նախկին երկարամեայ ատենապետ եւ
Ընդհանուր Ժողովի ներկայ ատենապետ Սիմոն Աճըիլաչի՝ Պոլսահայ Միութեան
40 տարիներու անխոնջ ղեկավարման համար, եւ Կարպիս Սարաֆեանի՝ 40
տարիներու ընթացքին կայքէջի վարման եւ մշակութային ձեռնարկներու
կազմակերպման մէջ ունեցած իր անգնահատելի ներդրումին համար,
պարգեւատրուեցան յատուկ կրծքանշաններով՝ զարդարուած չորս
ադամանդներով, ինչպէս միշտ պատրաստուած եւ նուիրուած՝ Սարօ եւ Րաֆֆի
Մարուքեան եղբայրներու կողմէ։ Այս պարգեւները խորհրդանշեցին չորս
տասնամեակներու անսակարկ ծառայութիւնն ու անմար նուիրումը, որոնք
ժամանակի ընթացքին ադամանդի պէս յղկուած ու դարձած են անփոխարինելի
արժէք։ Պրն. Սիմոն խօսեցաւ միութիւնը աւելի զարգացնելու եւ բարելաւելու
մասին, եւ խնդրեց որ բոլորը մասնակցին ամսական ընտանեկան ընթրիքներուն՝
ակնկալելով տակաւին աւելի մեծ թիւով ներկաներ։
Աւելի քան 40 տարի ծառայած չորս անդամներ մէկտեղուեցան յիշատակի
նկարի մը համար՝ Տոքթ. Արթօ Էրսան-Խաչերեան, Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ
Աւետիքեան, Սիմոն Աճըիլաչ եւ Կարպիս Սարաֆեան: Ապա անոնց միացան երկու
հիմնադիր անդամներ՝ Կիւլպէնկ Մովսէսեան եւ Աւետիս Թէքօլեան նաեւ երեսուն
տարի եւ աւելի ծառայող անդամ՝ Միրիճան Կիւրեղեան:
Երեկոյի աւարտին, սեղաններու կեդրոնի զարդարանքները նուիրուեցան
այն ներկաներուն, որոնց ծննդեան տարեդարձը ամենամօտն էր այդ օրուան՝
իբրեւ կեանքի շարունակականութեան եւ նոր տարուան բարեմաղթանք։
Ամբողջ միջոցառումը եզրափակուեցաւ ընդհանուր լուսանկարչական
պահով՝ յաւերժացնելու համար այն ջերմ ժպիտներն ու հոգեկան միասնութիւնը,
որոնք այս Գոհաբանութեան երեկոն դարձուցին անմոռանալի։

..

 
 
 


…
…
…

 

Post a comment