No comments yet

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ 95-ԱՄԵԱԿԸ ՏՕՆՈՒԵՑԱՒ

 

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ 95-ԱՄԵԱԿԸ ՏՕՆՈՒԵՑԱՒ

LUSAVORİÇ KOROSUNUN 95. YILDÖNÜMÜ KUTLANDI

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Մայիս 2024, Կիրակի առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի 95-ամեակին:

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Փոխանորդ եւ դասու պատուոյ անդամներէն՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ ուրարակիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները, ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ներկայ էր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ եւ Դպրաց Դասւ Նախագահ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Երէց Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, քոյր դպրաց դասերէ անդամներ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղայի Խորհուրդի անդամները եւ երգչախումբի համակիրները։
Յաւարտ Ս. Պատարագի՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վարդապետ կարդաց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը, ուղղեալ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի բազմավաստակ վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի: Մեր Հոգեւոր Պետը, իր խօսքերուն մէջ կ՚ողջունէր երգչախումբի 95-ամեակը եւ կը շեշտէր վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ երգչախումբին յաջորդականութիւնը։
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կիսասարկաւագութեան կարգ շնորհեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց սպասաւորներէն Սեւան Տէյիրմէնճեան եւ Արդար Պաղճը ուրարակիր դպիրներուն, իսկ ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Վիչէն Դպիր Պիթլիսլեանին:
Տուուչութեան կարգէ ետք Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց, յարութեան վերջին կիրակիին խորհրդածեց Աստուծոյ արարչագործութեան մեծագոյն երեւոյթին՝ կեանքի գաղափարին վրայ: Կեանք ունեցող մարդոցմէ ճամբայ ելլելով հաւաքականութիւններու մասին խօսեցաւ եւ անհատները զիրար կապելու լաւագոյն շաղկապը ցոյց տուաւ սէրը: Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է միանայ եւ ստիպուած է միանալ ուրիշներու՝ ամէն ճիւղ պէտք է միանայ այլ ճիւղերու եւ բունին: Այս մէկը Աստուծոյ հասնելու ճամբան է: Պատմութեան մեծագոյն միութիւններէն է Եկեղեցին եւ մենք՝ Հայերս ալ պէտք է միանանք մեր Հայ Եկեղեցւոյ միութեան:
Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբին եւ անոր տարեդարձին: Բացատրեց դպրաց դասու մեր կեանքին մէջ ունեցած դերին, շնորհաւորեց Լուսաւորիչ Դպրաց Դասու 95ամեակը, նոյն առթիւ շնորհաւորեց ու գնահատեց Դասու տնօրէն խորհուրդը եւ անդամները, ինչպէս վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանը, որուն օրհնութեան գիրով պատուեց: Մեր Հոգեւոր Պետը բոլորը հրաւիրեց Դպրաց Դասու երդիքին տակ մաս կազմել մեծ միութեան եւ չհեռանալ:
Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց նաեւ Աքսէլ Թօփալեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդը, որ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար ջանք չի խնայեր: Սէրն ու միութիւնը նկատելով մեծագոյն ու լաւագոյն շաղախները, մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրեց բոլորը սիրով ու միութեամբ աշխատելու:
Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեց նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեանը, որ երէց անդամներէն մէկը եղած է Լուսաւորիչ Դպրաց Դասուն եւ իր պատկանելութեան գիտակցութեամբ տօնական Ս. Պատարագը մատոյց։ Մեր Հոգեւոր Պետը նաեւ շնորհաւորեց թաղի քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որ իր կարողութիւնները ի գործ դնելով Պէյօղլուի շրջակայքին մէջ զգալիօրէն կարողացած է ի մի համախմբել հաստատութիւնները սիրոյ եւ յարգանքի գաղափարականներով։
Պատրիարք Հայրը նաեւ գնահատեց ձեռնադրեալները, յատուկ ձեւով յիշելով Սեւան Կիսասարկաւագը, որ բացի Էսաեան Վարժարանի մէջ հայերէնի ու կրօնագիտութեան դասատու ըլլալէ, նաեւ հայագիտական իր կարողութիւններով ու եկեղեցասիրութեամբ կը ծառայէ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Այսօր իր ծառայասիրութիւնը կը գնահատուէր եկեղեցւոյ կողմէ, ինչպէս նաեւ Արդար Կիսասարկաւագինը եւ Վիչէն Ուր. Դպիրինը։
Ապա Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ պաշտօն՝ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի հանգուցեալ հիմնադիրներու, նախագահներու, դպրապետներու, վարիչներուն եւ անդամներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը եկեղեցականաց թափորով եւ երգչախումբի «Սիոնի» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ պարտէզը, ուր փոխանցեց վերջին օրհնութիւնը։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Նարեկեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Այս փուլին միացաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը։ Խօսնակի պարտականութիւնը կատարեց Թամար Մանկասարեան։ Արտայայտուեցան Յակոբ Մամիկոնեան, Սեւան Կիսասարկաւագ, Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդէն Ռաֆֆի Սիւզմէ եւ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Բաց աստի Հրանդ Չիզմէճեանի առաջնորդութեամբ Լուսաւորիչ Մանկանց Երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Մարալ Այվազ մեներգով ելոյթ ունեցան։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին միասնաբար երգուեցան նաեւ տոհմիկ երգեր եւ ներկաներ այս օրուան համար յատուկ պատրաստուած երգարաններով միացան երգեցողութեանց։
Այս առթիւ Յակոբ Մամիկոնեանին, Սեւան Կիսասարկաւագին, Արդար Կիսասարկաւագին, Վիչէն Ուր. Դպիրին, Հրանդ Չիզմէճեանին, Յարութիւն Վարդապետին, Լինտա Գումտակէզէրին, Սայաթ Կիւրիւնի, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդին յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Բաց աստի աւելի քան 25 ամեայ ծառայութիւն մատուցած անդամներուն եւս յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Նուիրաբաշխումէ յետոյ, սրտի խօսք արտասանեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։ Այս առթիւ շաշտեց, որ Եկեղեցւոյ Երէց եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դասու Փոխ-Նախագահ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. կը նշէ իր քահանայական 35-ամեակը։ Այս առթիւ Պատրիարք Հօր ձեռամբ Տէր Հօր նուիրուեցաւ Տ. Յարութիւն Վարդապետի անձնական ձեռաց խաչերէն մին։ Ապա, Հայր Սուրբը նշեց, որ դասուն շարքերէն հասած Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան, որ եւս ունի աւելի քան 35-ամեայ քահանայական ծառայութիւն եւ այս առթիւ Պատրիարք Հօր ձեռամբ Տէր Հօր նուիրուեցաւ Հայր Սուրբին անձնական լանչախաչերէն մին։ Իսկ հուսկ, Տ. Յարութիւն Վարդապետ, յանուն Լուսաւորիչ Երգչախումբի բոլոր անդամներուն յիշատակի նուէր մը յանձնեց Պատրիարք Հօր, ըսելով, թէ Մեր Հոգեւոր Պետը միշտ սատարած է Լուսաւորիչ Դպրաց Դասու գործունէութեանց եւ միշտ դրական ցուցմունքներով երգչախումբին համար դարձած է բառին վաւերական բուն իմաստով հոգեւոր առաջնորդ մը։
Յաջորդաբար երգչախումբը երգեց Լուսաւորչի Կանթեղ օրհներգը, որմէ յետոյ կարկանդակի բեկանում տեղի ունեցաւ։ Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ ըսաւ, որ այն ինչ որ այսօր տեսան, ապացոյցն է, թէ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը վերածուած է ընտանիքի մը եւ անդամները ճշմարտապէս սիրոյ կապով միաբանած են իրարու հետ։ Այնուհետեւ, իրենց յաջողութեանց գաղտնիքը այստեղէն կուգայ։ Անոնք յաջողած են այս կապի զօրութիւնը զգալու եւ այդ միոյն որպէս հետեւանք եկեղեցական եւ մշակութային գետնի վրայ նորանոր նուաճումներ ձեռքբերող երաժշտական կառոյցի մը վերածուած են։ Հետեւաբար, այս մեծ գործունէութեան մէջ գնահատեց երգչախումբի Նախագահ Տ. Յարութիւն Վարդապետը, վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանը, Տնօրէն Խորհուրդը եւ բոլոր անդամները, որոնք միասնաբար գործելով երգչախումբը կ՚առաջնորդեն դէպի փայլուն ապագայ։ Մեր Հոգեւոր Պետը մաղթեց որ այս տօնական ոգին միշտ կանգուն դառնայ եւ լուսաւորչի կանթեղը անշէջ մնայ։
Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգցուած Տէրունական Աղօթքով:
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/793803352396455 ):
***
Kadasetli Patrik Sahak II Hazretleri, 5 Mayıs 2024, Pazar, Beyoğlu S. Yerrortutyun Kilisesi’ndeki S. Badarak’a ve Lusavoriç Korosu’nun 95. yıldönümü kutlamalarına riyaset etti.
S. Badarakı, Patrik Vekili Kd. Peder Krikor Damadyan sundu. Kutsal sofraya, diyakoslar, astdiyakoslar ve kıdemli okuyucular hizmet etti. İlahiler, Hagop Mamigonyan yönetimindeki Lusavoriç Korosu üyeleri tarafından, Sirun Sirunyan’ın orgla eşliğiyle seslendirildiler. S. Badarak’ta Beyoğlu Kiliseleri vaizi ve Koro Başkanı Üstrahip Harutyun Damadyan, Beyoğlu Kiliseleri din görevlisi Kd. Peder Kevork Çınaryan, Karadeniz Ekonomik İşbirliği Teşkilatı Ermenistan Cumhuriyeti Daimî Temsilcisi Nayiri Bedrosyan, kardeş koro üyeleri ve Beyoğlu Kiliseleri Vakfı yönetim kurlu üyeleri hazır bulundular.
S. Badarak sonunda Üstrahip Harutyun, Patrik Hazretleri’nin Hagop Mamigonyan’a hitaben takdis mektubunu okudu. Ruhani Önderimiz, koronun 95. yıldönümünden bahsederek, son otuz yılda Hagop Mamigonyan liderliğindeki başarılarına vurgu yaptı.
Daha sonra Patrik Hazretleri, kıdemli okuyucular Sevan Değirmenciyan ve Artar Bağcı’ya astdiyakosluk, okuyucu Viçen Bitlisliyan’a ise kıdemli okuyuculuk rütbesi verdi.
Patrik Hazretleri, Diriliş’in son pazar günü hakkında vaaz verdikten sonra, yaratılışın en büyük olgusu olan hayat fikri üzerine konuşma yaptı. İnsanlardan yola çıkarak topluluklardan bahsetti ve bireyleri birbirine bağlayan en güzel bağın sevgi olduğunu dile getirdi.
Ruhani Önderimiz, Lusavoriç Korosu’nu ve kuruluş yıldönümüne değindi. Koroların hayatımızdaki rolünü anlattı, Lusavoriç Korosu’nun 95. yıldönümünü kutladı, aynı zamanda koronun yöneticilerini ve şefi Hagop Mamigonyan’ı tebrik ve takdir etti.
Patrik Hazretleri, kilisenin bekası için elinden geleni yapan Aksel Topalyan başkanlığındaki vakıf yönetim kurlu üyelerini de tebrik etti. Sevgi ve birliğin en büyük ve en güzel kazanımlar olduğuna dikkat çeken Ruhani Önderimiz, herkesi sevgi ve birlik içinde çalışmaya davet etti.
Patrik Hazretleri S. Badarakı sunan Kd. Peder Krikor Damadyan’a ve yeteneklerini kullanarak Beyoğlu’nun çevresindeki kurumları, sevgi ve saygı ideolojileriyle buluşturmayı başaran Üstrahip Harutyun Damadyan’a da teşekkür etti. Patrik Hazretleri takdis edilenleri özellikle Esayan Lisesi’nde Ermenice ve din bilgisi öğretmenliği yapan astdiyakos Sevan’ı, astdiyakos Artar’ı ve kıdemli okuyucu Viçen’i tebrik ve takdir etti.
Ardından Patrik Hazretleri riyasetinde Lusavoriç Korosu’nun Rab’de uyuyan kurucuları, başkanları, şefleri ve üyeleri için “hokehankisd” töreni düzenlendi. Törenin sonunda dini geçitle kilise bahçesine götürülen Patrik Hazretleri burada son takdisini iletti.
Dini törenlerin sonunda Naregyan Salonu’nda Patrik Hazretleri riyasetinde sevgi sofrası hazırlandı. Bu bölümde Ermeni Katolik Ruhani Önder Vekili Başrahip Vartan Kazancıyan da kutlamalara katıldı. Tamar Mangasar sunuculuk yaptığı yemekte, Hagop Mamigonyan, Astdiyakos Sevan, Raffi Süzme ve Diyakos Levon Kuyumcuyan birer konuşma yaptılar. Hrant Çizmeciyan yönetimindeki Lusavoriç Çocuk Korosu ve ardından Maral Ayvaz solo şarkılarla sahne aldı.
Bu vesileyle Hagop Mamigonyan’a, astdiyakos Sevan’a, astdiyakos Artar’a, kıdemli okuyucu Viçen’e, Hrant Çizmeciyan’a, Üstrahip Harutyun’a, Linda Kumdagezer’e, Sayat Gürün’e ve Beyoğlu Kiliseleri vakfına hatıra hediyeleri verildi.
Hediyelerin ardından Üstrahip Harutyun bir konuşma yaparak kilise din görevlisi Kd. Peder Kevork Çınaryan’ın görevinde 35. yıldönümünü kutladığını, bu vesileyle Patrik Hazretleri’nin eliyle Üstrahip Harutyun’un şahsi haçlarından birini Kd. Peder Kevork’a hediye ettiğini dile getirdi. Üstrahip Harutyun’un bir başka haçı da yine Patrik Hazretleri’nin eliyle, aynı şekilde 35 yılı aşkın bir süredir pederlik yapan Kd. Peder Krikor Damadyan’a verildiğini bildirdi. Son olarak ise, Üstrahip Harutyun, Lusavoriç Korosu’nun tüm üyeleri adına kendilerine hiçbir zaman desteklerini esirgemeyen Patrik Hazretleri’ne bir hediye takdim etti.
Ardından koro “Lusavorçi Ganteğı” şarkısını söyledi ve ardından pasta kesildi.
Kapanış konuşmasını Patrik Hazretleri yaptı ve bugün gördüklerinin, Lusavoriç Korosu’nun bir aileye dönüştüğünün ve üyelerinin birbirleriyle gerçekten sevgi bağıyla birleştiğinin kanıtı olduğunu, başarılarının sırrının buradan geldiğini söyledi. “Bu bağın gücünü hissetmeyi başarmışlar ve bunun sonucunda dini ve kültürel zeminde yeni başarılara imza atan bir müzikal yapıya dönüşmüşlerdir” dedi. Bu bağlamda elbirliğiyle çalışarak koroyu parlak geleceğe hazırlayan koro yöneticilerini kutladı.
Sevgi sofrası hep birlikte söylenen Rab’bin Duası ile sona erdi.
S. Badarak internette canlı olarak yayınlandı ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/793803352396455 ).

 

Post a comment