No comments yet

Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ Տ. ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԸ

….

 

May be an image of 1 person

Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ

Տ. ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԸ

Այսու կու գանք խոր ցաւով յայտնելու վախճանումը Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երիցագոյն եւ վաստակաշատ հոգեւորականերէն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան՝ Տ. ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ։
Հանգուցեալ Սրբազան Հօր կենսագրութեան եւ թաղմանական արարողութեանց հետ կապուած այլ մանրամասնութիւններ պաշտօնապէս կը յայտարարենք յառաջիկայ օրերուն։
Այսու մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Տ. Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն եւ Թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացելոց։
Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ հանգուցեալ Սրբազան Հօր հոգին երկնային օթեւաններուն մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտնէ։
Յիշատակն արդարոց օրհութեամբ եղիցի։

Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան

Առաջնորդ Միացեալ Նահանգաց Արեւմտեան Թեմի

 

Post a comment