No comments yet

ԱՆԻ ԻՓԷՔՔԱՅԱ, ՆՇԱՆ ՇԻՐԻՆԵԱՆ ԵՒ ՏԻԱՆԱ ՉԻԼԻՆԿԱՐԵԱՆ՝ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ

N O R   M A R M A R A

May be an image of 1 person

ԱՆԻ ԻՓԷՔՔԱՅԱ, ՆՇԱՆ ՇԻՐԻՆԵԱՆ ԵՒ ՏԻԱՆԱ ՉԻԼԻՆԿԱՐԵԱՆ՝ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ
Երէկ, 7 Մայիսին, «Էմէք» շարժանկարի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական աշխարհի հեղինակաւոր «Իւսթիւն Աքմէն» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը, ուր ի ուրախութիւն մեր համայնքին, մրցանակներու արժանացան երեք հայ դերասաններ։ Քաղաքապետական թատրոնի դերասանուհի Անի Իփէքքայա եւ հանրայայտ դերասան Նշան Շիրինեան, որ հանդէս կուգայ նաեւ «Յանկարծ» թատերախումբի «Իմ սիրտը լեռնագաւառն է» թատերախաղին մէջ, արժանի նկատուեցան «Իւսթիւն Աքմէն» պատուոյ մրցանակին։ Պատուաբեր միւս յաջողութիւնը կ’երթայ նոյն թատերախաղի միւս գլխաւոր դերակատարուհիին՝ Տիանա Չիլինկարեանին։ Ան արժանացաւ «Տարուայ խոստմնալից դերասանուհի» մրցանակին՝ իր յաջող դերակատարութեան համար։
Կը շնորհաւորենք բոլորը եւ կը բաժնենք «Յանկարծ» թատերախումբի հպարտութիւնը։

May be an image of 2 people and suit

Post a comment