No comments yet

Mr. Harutyun Şanlı (1964-2020)

 96157928_1542129742626958_2189934413263929344_n (2)

 Mr. Harutyun Şanlı   (1964-2020)

It is with profound sadness and deep sorrow that we learned of the passing of one of the most admired and beloved leaders of the Istanbul Armenian Community Harutyun Şanlı early this morning at the Surp Pırgiç Armenian Hospital where he had been receiving treatment for Covid-19 .

He held leadership positions in numerous Armenian and combined minorities foundations including his current service as the Chairman of the Surp Hovanes Gedikpaşa Armenian Apostolic Church Council and as the Secretary General of the Confederation of Armenian Foundations .

He waged an epic battle against the Covid-19 virus and recently the news that he had been recovering had been welcomed enthusiastically by all . Unfortunately, the virus did cause his condition to take a downward turn and eventually took his life, way too prematurely ,on May 6th 2020 .

On behalf of the Los Angeles based OIA Board of Trustees , the Executive Committee , the numerous subcommittees including the various Alumni associations and all of our individual members , I regrettably extend our condolences and prayers for patience and strength to his spouse , his children , his family and friends as well as the entire Bolsahye community in Istanbul and beyond, due to our collective loss of an irreplaceable human being and servant of the Church and Nation .

May he Rest In Peace !!

Edvin Minassian
Chairman
Organization of Istanbul Armenians

————————————————————————————–

 

ՏԽՐՈՒՆԻ

Կետիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Յարութիւն Շանլը 6 Մայիս, Չորեքշաբթի առաւօտ իր հոգին աւանդեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին մէջ, ուր կը դարմանուէր Քորոնա Ժահրէն վարակուած ըլլալով։ Մեր համայնքին արժէքաւոր զաւակներէն Յարութիւն Շանլըն, դժբախտաբար զոհը դարձաւ յիշեալ վարակման եւ անոր պատճառաւ յառաջացած առողջապահական բարդութիւններուն։

Մեծ է մեր ցաւը։ Երբ նկատի կ՚ունենանք համայնքային կեանքէն ներս ստանձնած կարեւոր վարչական դերերը եւ իր շինարար անհատականութիւնը, ինքնին կը յայտնուի թէ իր մահուամբ կը գոյանայ պարապութիւն մը, որ շատ դժուար պիտի ըլլայ լեցնել։ Նախ Համայնքային Հաստատութեանց Միջեւ Երկխօսութեան Հարթակի, ապա՝ Հայ Հիմնարկներու Միութեան Վարչական Խորհուրդի դիւանին մէջ ստանձնած է գործօն պաշտօններ։ Իր միարար ներոյժին, տեսլապաշտ նախաձեռնութեան, եւ կազմակերպչական կարողութեան շնորհիւ դարձած է աչքառու դէմք մը եւ արձանագրելով՝ բազմաթիւ յաջողութիւններ։
Մեր համայնաքյին շրջանակներու առընթեր, այն փոքրամասնական համայնքներու հետ եւս մշակած է սերտ յարաբերութիւններ, արժանանալով նաեւ անոնց եւս գնահատանքին։

Ընտանեկան կեանքէն ներս եղաւ բարի ու օրինակելի ամուսին մը, հայր մը։
Իր բարեկամութիւնը եւ մտերմութիւնը, իր ժողովուրդին ու անոր շահերուն նկատմամբ ունեցած սրտանց կապուածութիւնը, ուղղամիտ եւ քաջ ու համարձակ կեցուածքը երբեք պիտի չմոռնանք։
Զայն կը յանձնենք Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ, որուն հաւատքովը ապրեցաւ։ Աստուած ընդունի իրեն համար կատարուած ու կատարելի աղօթքները. Թողութիւն շնորհէ իր մեղքերուն, եւ իր հոգւոյն երկնային կայքերու մէջ հանգիստ շնորհէ մինչեւ Յարութեան օրը։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։ Այս առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք սգաւոր կողակցին՝ Տիկին Էօժէնիի, զաւակներուն՝ Վրէժի եւ Գարինի, եւ համայն ընտանեկան ազգական ու բարեկամներուն, Կէտիկփաշայի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին եւ ժողովուրդին, Հայ Հիմնարկներու Միութեան Վարչութեան, հայցելով երկնային մխիթարութիւն։

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի Քորոնա Ժահրէն Վարակուածներու մահուան պարագաներուն կիրակրկուած կանոնագրութեանց տրամադրութեանց համաձայն։

Այսու բոլոր վշտահար անձնաւորութիւններէն յատկապէս եւ կարեւորութեամբ կը խնդրուի շարժիլ սոյն կանոններու ուղղութեամբ եւ յուղարկաւորութեան ժամուն, որ է 6 Մայիս 2020, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 15.00-ին Պալըքլըի Գերեզմանատան մէջ, կատարելի հանգստեան աղօթքներուն մասնակցին իրենց բնակարաններէն։

Այս ստիպողական շրջանի աւարտին, յարմար դատուած թուականներուն Յարութիւն Շանլըի եւ միւս բոլոր հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ պիտի աղօթենք մեր եկեղեցիներուն մէջ։

ACI KAYIP
Gedikpaşa Surp Hovhannes Kilisemiz Yönetim Kurulu Başkanı Sayın Harutyun Şanlı, 6 Mayıs Çarşamba sabahı hayata gözlerini yummuştur. Uzun bir süre Surp Prgiç Hastanesinde Korona virüs tedavisi gören cemaatimizin değerli evladı Harutyun Şanlı, maalesef bu hastalığın ve onun yarattığı komplikasyonların kurbanı olmuştur.
Acımız büyüktür. Cemaatimizde üstlendiği roller göz önüne alındığında yeri çok zor doldurulacak yapıcı bir şahsiyet olmuştur. Önce VADİP Koordinasyon Kurulu, daha sonra Ermeni Vakıflar Birliği İdare Heyeti sekretaryasında hep aktif görevler üstlenmiş, birleştirici enerjisi, vizyon sahibi girişimciliği ve örgütleyici kabiliyetleriyle göz doldurarak sayısız başarılara imza atmıştır. Cemaat dışında, diğer azınlık topluluklarıyla da yakın ilişkiler geliştirmiş, onların da takdirini kazanmıştı. İyi bir eş, çocuklarına harika bir baba oldu. Dostluğunu ve samimiyetini, kendi halkına ve onun çıkarlarına gönülden bağlılığını, dürüst, mert ve cesur duruşunu asla unutmayacağız. Onu hep iman ettiği Göklerdeki Baba’nın kollarına teslim ediyoruz. Onun için edilmiş ve edilecek tüm duaları Tanrı kabul etsin, taksiratlarını affetsin ve ruhu göksel mekanlarda, Diriliş Gününe dek huzur içinde uyusun. Asdvadz Hokin Lusavore. Yaslı eşi Öjeni, çocukları Vrej ve Karin’e ve tüm sevenlerine, Gedikpaşa Kilisesi Yönetim Kurulu ve camiasına ve Ermeni Vakıflar Birliğine başsağlığı ve göksel teselliler diliyoruz.
Cenazenin defni Korona ölümlerine uygulanan yönetmelik ve kurallar gereğince gerçekleştirilmek durumundadır. Yüreği yanan tüm sevenlerine bu zorunlu kurallara uyarak, bugün, 6 Mayıs 2020, saat 15.00’te Balıklı mezarliğında gercekleşecek cenaze töreninde mümkünse evlerinde kalarak Ayini Ruhaniye iştirak etmelerini önemle rica ederiz. Bu zorlayıcı dönemden sonra, uygun tarihlerde, Harutyun Şanlı ve diğer kayıplarımızı kiliselerimizde özel törenlerle anacağız.

——————————————————-

JAMANAK

ՈՉ ԵՒՍ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը դժբախտաբար իր մահկանացուն կնքեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ան վարակուած էր քորոնաժահրով ու երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար դարմանման տակ։ Վերջին նմուշառումները թէեւ ցոյց կու տային, որ մարմինը քորոնաժահրը յաղթահարած էր, սակայն Յարութիւն Շանլը միշտ կը պահուէր խտացեալ խնամքի տակ։ Ափսոս, որ իր մարմինը չէ կրցած վերջնականօրէն յաղթահարել վարակի պատճառած ծանր հետեւանքները եւ ան այս առաւօտ աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը։ Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուցած է նաեւ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Կէտիկփաշայի ընտանիքն ալ ցնցումի մէջ է՝ իր սիրեցեալ ատենապետի կորուստին բերումով։

Յարութիւն Շանլը ծնած էր 1964 թուականին, յաճախած էր Կէտիկփաշայի Մեսրոպեան վարժարանը, կը զբաղէր առեւտուրով։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը գլխաւորէր Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը, նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր համայնքային կեանքէ ներս։ Իր ատենապետութեան տարիներուն Կէտիկփաշայի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումներ ապահովուած էին։ Հայկական բնակչութենէ նօսրացած այս թաղէն ներս, իր գլխաւորած աշխատանքով եւ իր կողմէ ներդրուած եռանդով վերստին աշխուժացաւ եկեղեցին։ Բաց աստի, եկեղեցապատկան կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորման կամ ոմանց սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման ուղղութեամբ իր գլխաւորութեամբ տարուեցաւ մեծ աշխատանք։ Սա ոչ միայն Կէտիկփաշայի ընտանիքի հաշուոյն արձանագրուած յաջողութիւն մը եղաւ, այլեւ՝ համայնքի ընդհանուրին տեսակէտէ վերածուեցաւ ձեռքբերումի։ Յարութիւն Շանլը միշտ խթանեց համայնքէ ներս համագործակցութեան ամրապնդումը, զօրակցութեան շարժումներու ջատագովը եղաւ։ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի՝ VADİP-ի ատենադպիրն էր եւ այդ դիրքին վրայ աշխատեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս կառավարման համակարգը կատարելագործելու, բարեփոխելու ուղղութեամբ։ Վերջին շրջանին ստեղծուած Թրքահայ վաքըֆներու միութեան հիմքերուն մէջ ալ ունեցաւ իր ներդրումը։ Աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կ՚աշխատէր, որպէսզի մեր համայնքային հաստատութիւններու գործունէութիւնը ըլլայ աւելի համակարգուած եւ նպատակասլաց։

Ամուսնացած էր, ունէր երկու զաւակ։ Ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Յարգանք եւ համակրանք կը վայելէր բարեկամական շրջանակէն ներս։

Յարութիւն Շանլըի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ համաճարակի առկայ մթնոլորտով պայմանաւորուած պարտադիր սահմանափակումներուն համապատասխան՝ այսօր, ժամը 15.00-ին, Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր այրիին՝ Էօժէն Շանլըի, զաւակներուն, Կէտիկփաշայի ընտանիքին եւ իր բոլոր սիրելիներուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020

 

 

 

Post a comment