ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ, ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ  ԵՒ  ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ՈՂԲԱՑԵԱԼ  ՀՐԱՆԴ  ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Գրի  առաւ՝ Մարիէթ Օհաննէս

 

Կիրակի, Փետրուար 5, 2023ին Պոլսահայ Միութիւնը «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին  մէջ կազմակերպած էր յուշ երեկոյ մը, հանգուցեալ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 16րդ տարելիցին առթիւ:

Երեկոն սկսաւ տուտուկահար Ալպէրթ Վարդանեանի քաղցրահնչիւն մեղեդիներով:

Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ ներկաները  ողջունելէ  ետք  շնորհակալութիւն յայտնեց Միութեան բոլոր անդամներուն թէ՛ բարոյական եւ թէ` նիւթական իրենց աջակցութեան համար: Ան նշեց թէ այդ օր բոլորը մէկտեղուած են յիշելու նահատակութեան 16րդ տարելիցը, Ակօս շաբաթաթերթի խմբագրապետ եւ մեր հերոս՝ Հրանդ Տինքի եւ շնորհելու աւանդութիւն դարձած Հրանդ ՏԻնք Ազատութեան եւ Արդարութեան շքանշանը Ցեղասպանութեան Ընդդիմադիրներու Միութեան նախագահ՝ յետ մահու՝ թուրք մտաւորական եւ մարդասէր՝ Ալի Էրթէմի: Ապա հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս եւ վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Տինքի եւ վերջերս մեզմէ անդարձ բաժնուած Պոլսահայ Միութեան նախագահ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեանի հոգիներուն յիշատակին: Որմէ ետք հրաւիրեց Հոգեւորականաց դասը՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու: Կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը եւ հրուշակի օրհնութիւնը:

Ձեռնարկի հանդիսավարուհին կրթական Մշակ եւ Հայերէն լեզուի եւ հոգեբանութեան ուսուցչուհի՝ Ռոզալին Մատոեանն էր, որ ձեռնհասօրէն վարեց երեկոն:

         Հանդիսավարուհին հրաւիրեց Ակօս շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ բաժնետէր IMC հեռուստատեսութեան մէջ արտադրիչ եւ խմբագիր` Արիս Նալճըն (Զումի վրայ) որ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք հրաւիրած ըլլալնուն համար ապա խօսեցաւ հետաքրքրական  թեմայի մասին ունենալով 2 ակադեմիկոսներ:  Խօսքը Յունուար 19-ի Սերունդի մասին էր, թէ ինչպէս այս 2 երիտասարդները անցուցած են այս հետազօտութիւնը և յայտնած. Նալճըն ներկայացուց Ճիհան Էրտալը Գարլթօն համալսարանէն և Էօնտէրճան Մութին՝ ընկերաբան՝ Գերմանիոյ Համպօլտդ համալսարանէն:

          Ճիհան Էրտալ նշեց թէ, 20/10-ականներու սկիզբը և 20/11-ին և անցեալ տարի, իրենք հնարաւորութիւն ունեցած են հերթական հետազօտութիւն անցնել յիշողութեան աջակցութեամբ՝ Հրանդ Տինք հիմնադրամի կողմէ տրամադրուած հետազօտական ​​խիզախութեան և փորձած են հասկնալ Յունուարի հետքը։ 19-րդ սերունդը իր վերջին հետազօտութեան հիմնական նպատակին կը վերաբերէ՝ շատ աւելի լաւ ձեւով հասկնալու և իմաստաւորելու երիտասարդ հայերու, ինչպէս նաև երիտասարդ թուրք և քիւրտ ժողովուրդի քաղաքական եւ պատշաճ ակնկալիքները, և թէ ինչպէս իրենց վրայ ազդած են 2007-2015 թուականներուն. իրենց հետազօտութիւնները նաև ծանրաբեռնած են իրենց մանրամասնել, թէ ինչպէս երիտասարդ հայերը ազդուած են 20/20-ի Ղարաբաղեան պատերազմէն: Ճիհան Էրտալը  նշեց թէ, կրնայ ըսել, որ իրենց կատարած հետազօտութիւնը թոյլ կու տայ ներկայացնել Յունուար 19-ի սերունդը մինչեւ այսօր։

          Իսկ Ընկերաբան Էօնտէրճան Մութի արտայայտուեցաւ ըսելով թէ՝ ի՞նչ կ՛ըսէ իրենց այս հետազօտութիւնը ապագայի մասին: Աւելի պայծառ ապագային նայելու համար անոնք պէտք է ետ նային անցեալին: Իրենց համար, որպէս իրենց հետազօտութեան հիմնական յայտնաբերողներու, աւելի դիւրին է թրքերէնի և քրտերէնի լռութիւնը պետական ​​պաշտօնեաներու և ընկերական լրատուամիջոցներու կողմէ օգտագործուող ցեղասպան և ցեղական ​​լեզուի դէմ: Եւ պարզապէս գլուխը թեքելով, երբ քաղաքացիական կորուստներ կ՛ըլլան։ Ասիկա հիասթափութիւն է մէկ կողմէն։ Հետազօտութեան միւս կողմն այն է, որ անձնապէս ինքը՝ Հրանդ Տինքը, դարձած է յիշատակի վայր կամ շատ կարևոր գործիչ, որ չի սահմանափակուիր որևէ տարիքային խումբով այս պահուն Թուրքիոյ մէջ։ Այսպիսով, անոր ժառանգութիւնն ու յիշատակը Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին։ Անոնք ականատես եղան ոչ թէ Պոլսոյ տարբեր խումբերու համերաշխութեանը, այլ այդ համերաշխութեան յիշողութեանը և համերաշխութեան դրական մտածելակերպի ընդհանուր նպատակներուն կիսելուն, ինչ որ մենք պարզեցինք հետազօտութեան մէջ, որ թոյլ տուաւ մեզ աւելի պայծառօրէն նայիլ ապագային:

             Հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետ՝  Յարութ Տէր Դաւիթեանը որուն խօսքին նիւթն էր՝ «Հրանդ Տինք` նորարար մտածողութեան մարդը»:                                        

          Տիար Տէր Դաւիթեան յայտնեց թէ «Մարդ անհատին ուղեղը եւ մտածելու կարողութիւնը հրաշալի երեւոյթ մըն է: Մարդ կայ, որ տուեալ կացութեան մը մէջ կ’անճրկի եւ կը յուսահատի: Մարդ ալ կայ, որ այդ նոյն կացութեան մէջ գտնուելով, հիանալի գաղափարներ կ’ունենայ եւ գլխիվայր շրջելով իրավիճակը, մեծ յաջողութիւններ կ’արձանագրէ: Ուրեմն, մարդուս մտածելու կարողութենէն կախեալ է, որ ի՞նչպիսի կեանք մը կ’ապրի եւ ի՞նչ աւանդ կը թողու:

          Միլիոնաւոր թուրքեր ամէն առաւօտ կը կրկնէին լոզունգ մը՝ «Ես թուրք եմ, շիտակ եմ, աշխատասէր եմ, պարտականութիւնս է փոքրերը պաշտպանել եւ մեծերը յարգել, հայրենիքս ու ազգս անձէս աւելի սիրել, ամենէն մեծ ցանկութիւնս է բարձրանալ եւ յառաջդիմել ու իմ գոյութիւնը թուրք գոյութեան նուէր թող ըլլայ:» Հրանդ Տինք զատուեցաւ անոնցմէ, բացագանչելով՝ «Ես թուրք չեմ, Թուրքիայէն եմ եւ հայ եմ»: Կրնա՞ք երեւակայել, որ ի՜նչ մեծ հետեւանքներ ու արձագանք կրնար ունենալ այս պարզ երեւացող, բայց շա՜տ խորունկ մտածելակերպը: 85 միլիոննոց Թուրքիոյ բնակչութեան առնուազն 25-30 միլիոնը թուրք չեն, եւ եթէ ասոնք Հրանդ Տինքի նման սկսէին մտածել եւ գործել, կրնա՞ք երեւակայել որ ինչե՜ր կրնային ըլլալ հետեւանքները: Հետաքրքրական է, որ երբ Էրտողան իշխանութեան տիրացաւ, վերջ դրաւ այս ամենօրեայ արարողութեան:    Ահա այսպիսի մտածելակերպի մարդ էր Հրանդ Տինք: Դժբախտաբար իր նմանները հեշտութեամբ չեն հասկցուիր իրենց շրջապատին կողմէ եւ նոյնիսկ սխալ ալ կը հասկցուին: Ու ժամանակ պէտք է անցնի, որ այսպիսիներուն մեծութիւնը հասկնալի դառնայ ընդհանուր ժողովուրդին: Դժբախտաբար նաեւ, այս հասկացողութիւնը կը պատահի անոնց մահէն ետք միայն: Այս մտածելակերպի մարդիկ շատ լաւ կը գիտակցին այս իրականութեան, բայց չեն շեղիր իրենց ընթացքէն, Պարոյր Սեւակի նման յայտարարելով՝ «Յանուն վաղուան ճշմարտութեան, թող որ այսօր լինեմ սխալ»:

          Հրանդ Տինք իր կենդանութեան դժբախտաբար չհասկցուեցաւ շատ մը հայերու կողմէ: Հեգնականը հոն է, որ ան շատ լաւ հասկցուեցաւ թուրք ղեկավարութեան կողմէ, որ զինքը մեծ վտանգ նկատելով, վերացուցին:

          Մինչ շատ մը հայեր կ’աշխատէին մէկուսացնել Թուրքիան, ինք պատգամեց՝ փոխանակ աշխատելու ի նպաստ Թուրքիոյ մէկուսացման, մենք պէտք է աշխատինք, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութիւն մտնէ: Եթէ այդ պատահի, Թուրքիոյ մէջի հայ ժողովուրդի թիւը կրնայ 2-3 միլիոնով աւելնալ (թրքացած հայերու հայութեան վերադարձով):

          Մինչ շատ մը հայեր համաձայն չէին Թուրքիոյ ժողովրդավարացման, ան պատգամեց՝ Թուրքիան այսօր ինքնութեան հարց ունի: Մենք պէտք է քաջալերենք այս հարցի ազատ քննարկումը ժողովրդային լայն խաւերու կողմէ, ժողովրդավար մթնոլորտի ստեղծումով: Թուրքիոյ ժողովրդավար դառնալը մեզի նպաստաւոր է:

          Մինչ շատ մը հայեր կ’աշխատէին հայերու ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժամիջոցներու ենթարկելու, ան պատգամեց՝ ես դէմ եմ այդ գծով Ֆրանսայի Խորհրդարանի որոշումին: Ոեւէ մէկուն բերանը փակելով յառաջ չենք երթար, այլ՝ երկխօսութեամբ:

Ան նաեւ պատգամեց՝

-Էական գործը ժողովուրդներու միջեւ պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ կառավարական կամ պետական մարմիններու: Հիմնական փոփոխութիւնները միշտ ալ վարէն վեր կ’ըլլան եւ ոչ թէ վերէն վար:

-Պատմութենէն դաս պէտք է քաղել: Հայը պէտք չէ իր դատը խաղաքարտ դարձնէ այս կամ այն պետութեան ձեռքին:

-Ցեղասպանութեան ճանաչում պէտք չէ մուրալ, այլ՝ պահանջել: Եւրոպան քաջածանօթ է թէ հայերուն ի՞նչ պատահեցաւ համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին:

-Սփիւռքը չի՛ կրնար մէկ մարմին դառնալ: Պէտք չէ դառնայ: Բայց կրնայ աշխատիլ մէկ նպատակի իրագործման համար՝ Հայաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար: Ըստ ինծի, այս պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթ գործը:

-Մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, հայուն սիրտն ու զգացական մօտեցումները հայապահպանման նեցուկ հանդիսացան: Անկախացումէն ետք, պետական մտածողութիւնը պէտք է փոխարինէ զգացական մօտեցումները:

Իր այս պատգամները մենք գրի առինք երբ իր Լոս Անճէլըս այցելութեան առթիւ, Նոյեմբեր 4, 2006-ին, 5 հոգիով հանդիպում ունեցանք Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան գրասենեակին մէջ, լուսահոգի Էտվին Մինասեանի ներկայութեան:     Մինչ այդ, ան հանդիպումներ ունեցած էր այլ կազմակերպութիւններու հետ: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած այդ հանդիպման աւարտին, ան ըսաւ, որ միայն մեզի հետ հարց չէր ունեցած, որովհետեւ կրցած էինք զիրար լաւ հասկնալ: Այդ հանդիպման ընթացքին, երբ իրեն ըսի, որ պէտք չէ՞ զգոյշ ըլլայ, որ իր արտայայտած գաղափարները, մանաւանդ այն մէկը, որ «Թուրքիան ինքնութեան հարց ունի եւ մենք պէտք է քաջալերենք այս հարցի ազատ քննարկումը ժողովրդային լայն խաւերու կողմէ», վտանգաւոր հետեւանքներ կրնան ունենալ իր անձին համար, ան անդրդուելի մնաց: Իր մեկնումէն ետք, ընկերներս զարմանք յայտնեցին իր քաջութեան եւ անվախութեան վրայ, հակառակ իր ստացած բազում սպառնալիքներուն: Իրենց ըսի, որ Հրանդ Տինք զօրաւոր սկզբունքներու եւ հաստատ համոզումի տէր անձ մը ըլլալով, այլ կերպ պիտի չկրնար շարժիլ, որովհետեւ այդ պիտի նշանակէր գործել հակառակ իր մտածելակերպին ու համոզումներուն: Որ նաեւ պիտի նշանակէր, որ պիտի նահանջէր իր կեանքի նպատակէն ու պարպուէր իր բուն էութիւնէն: Մեր այդ հանդիպումէն երկու ամիս չանցած, Յունուար 19, 2007-ին Հրանդ Տինք կը նահատակուէր, յանուն իր մտածելակերպին ու գաղափարներուն:

          Իմաստալից ու իմացեալ կեանք մը ապրիլ որոշած մարդը, վսեմ առաքելութեան մը լծուած մարդը, համոզումի տէր քաջ մարդը, մէկ խօսքով՝ առաջնո՛րդ մարդը, չ՛անսար առօրեայ հոգերու եւ պարտադրանքներու լուծին, սպառնալիքներու եւ նոյնիսկ մահուան տեսիլքին, որոնք կրնան կաշկանդել իր առաքելութիւնը գլուխ հանելու իր ազատութիւնը: Ընդհակառակը, ամէն տեսակի սպառնալիքները կը հանդիսանան պսակադրումը իր դաւանած հաւատամքի ճշմարտացիութեան: Իր համոզումները, գաղափարները, դաւանանքը, այնքա՜ն վսեմ են, որ սակարկութեան առարկայ չեն կրնար ըլլալ, որպէսզի չվնասուի անոնց արժէքն ու վսեմութիւնը: Պարզ մահկանացուն չի՛ կրնար անմիջապէս մտնել անմահի մտքին մէջ եւ անմահն ալ չի՛ կրնար զիջիլ իր վսեմութիւնէն, ինչ ալ ըլլան պարագաները: Ուրեմն պէտք է ապաւինիլ ժամանակի թաւալքին, կարենալ մտնելու համար անմահներու մտքին մէջ ու կարենալ լաւագոյնս հասկնալ զանոնք:

          Հրանդ Տինք հերոս առաջնորդ մըն էր, որ մտածողութեան նոր դաշտ մը բացաւ մեր առջեւ: Դժբախտաբար, հերոսներու աշխարհիկ կեանքը ընդհանրապէս կ’ունենայ ողբերգական վերջաւորութիւն: Բայց այդ իրականութիւնը երբեք արգելք չըլլար, որ անոնք մինչեւ վերջ շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, մեկնած իրենց համոզումէն, որ պատրաստ են նուիրաբերել իրենց կեանքը աւելի վեհ եւ արժեքաւոր նպատակի համար: Որովհետեւ անոնք նաեւ կը հաւատան, որ իրենց զոհաբերութիւնը եւ թողած աւանդը պիտի նպաստէ նոր հերոսներու ծնունդին:

             Կրկին բեմ բարձրացաւ տուտուկահար Վարդանեան եւ նուագեց հայկական մեղեդիներ:  

             Դարձեալ Զումի վրայ մեր հետ կապուեցաւ հեղինակ Յովսէփ Հայրենի, որ յայտնեց թէ Հրանդ Տինքի Արդարութեան եւ Ազատութեան տարեկան Շքանշանը որ Պոլսահայ Միութիւնը կը շնորհէ արժանի գտնուող անձնաւորութեան մը լաւ եւ յարգալիր որոշում մըն է: Ի տարբերութիւն նախկիններուն, սա բառին բուն առումով ձօն կը հանդիսանայ պարգեւատրուողի յիշատակին որովհետեւ ան կեանքէն հեռացած է: Իր կեանքին տարած պայքարին համար եւ երախտագիտութեան դրսեւորում մը յանուն հայ ժողովուրդին, որուն հետ ան ուս-ուսի տուած էր մշտապէս: Վստահ եմ որ իր հոգին ասոր հետ մշտապէս պիտի երջանկանանայ:

             Հայրենի կիսեց իր միտքերն ու զգացումները: Ան յայտնեց թէ «Ալի Էրթէմը իր առած յարատեւ քայլերով իրականութիւն դարձուց: Ան՝ քսան տարի  եւ ամէն տարի Ապրիլ 24ին այցելութիւն տալով Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցանելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ նուիրատուութիւն ընելով այն թանգարանին, ցայտուն օրինակ մը հանդիսացաւ իր հասարակութեան: Ասիկա ջուր սփռեց նման վերաբերմունք մը տեսնելու ծարաւած սրտերուն: Փաստն էր՝ Լոս Անճէլըսէն ստացած նամակը: Անոր գործունէութիւնները չէր սահմանափակուէր Ապրիլ 24ի եւ Յունուար 19ի ոգեկոչումներուն մէջ, այլեւ՝ ան կը պաշտպանէր արդարութեան հրամայականները մինջեւ վերջին աստիճան եւ տէր կը կանգնէր առանց քաշուելու այս ուղղութեամբ տարուող պայքարին: Ալի՝ Հրանդին իրական բարեկամներէն էր: Հրանդ Տինքի անուան շքանշանը իր կենաց օրով շատ պիտի ուրախացնէր զինք, կը մաղթենք որ գոնէ իր հոգւոյն ուրախութիւն պատճառէ»:  

             Ամպիոն մօտեցաւ դարձեալ Տոք. Աւետիքեան եւ ընթերցեց Ալի Էրթէմի կենսագրականը:

             Ալի Էրթէմ ծնած է Փետրուար 1, 1950ին, Թուրքիոյ Անգարայի Շէրէֆլիք Հիսարի գաւառի Կէօլլիւ գիւղը: Մահմետական սիւննի ընտանիքի եօթը զաւակներէն մին ըլլալով: Իր գիւղին մէջ դպրոցի չգոյութեան պատճառով, հայրը նախ զինք ուղարկեց «Գուրանի« դասընթացքներու որպէսզի «գուրան»ը գոց սորվի: Իր պնդումով, իր քրոջ քով ղրկուած է դպրոց ուսանելու իր գիւղին առաջին դպրոցականն ըլլալով: Ապա միջնակարգը ուսանած է նախ Անգարա ապա Շէրէֆլիք Հիսար: Տասնեւչորս տարեկանէն, միջնակարգէն շրջանաւարտ եղած է: Գացած է Անգարա թէ գործ գտնելու եւ թէ ուսանելու: Ըստ բախտի, Գերմանական գործատեղիի մը գործի ծանուցումը տեսնելով միջնակարգ աւարտած ուսանողներուն համար, անմիջապէս կը դիմէ եւ կ՛ընդունուի: Նախ Գերմանիոյ Էսսէն քաղաքը կը յաճախէ իրենց փորձառական դպրոցը, կ՛ուսանի որպէս ելեկտրական «թէքնիշըն»: Երեք ու կէս տարի յետոյ կը վկայուի եւ գործի կ՛անցնի: Ահա Ալին հոն է որ կը ճանչնայ Թուրքիոյ Պետական ճնշումէն փախուստ տուած եւ Գերմանիա ապաստանած թուրք ձախակողմեան յառաջդիմական մտքով յեղափոխականներուն հետ: Ալի կը մասնակցի անոնց ժողովներուն եւ գործնապէս կ՛աշխատի անոնց հետ: 1980ական տարիներուն, կազմակերպութեան մէջ կարծիքներու տարբերութիւնները պատճառ կը հանդիսանան բաժանումներու: 1981 թուին, արտերկրի «բարթիզան» կազմակերպութենէն կը հեռանայ եւ կը միանայ նոր կազմակերպութեան մը: Այս խումբին մէջ գտնուող Ալի Էրթէմը 1983ին երկրորդ բաժանման առթիւ, փոքր խումբի մը հետ կը շարունակէ իր ճամբան: Այս տարանջատման գործընթացները եւ անոնց մէջ ներառուած կարծիքները բախումներու շատ կարեւոր դեր խաղացին անոր յետագայ որոշումներուն մէջ: Այդ տարիներուն էր որ Ալի Էրթէմ մասնաւորապէս ծանօթացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ահա իր ձախակողմեան համոզումները, տասնամեակներու ընթացքին ան կարդաց «մարքսիզմի» հիմնական գործերը եւ այնքան իրեն զարգացուց որ ուրիշներուն սկսաւ պատմել Ռուսաստանի, Չինաստանի, Ալպանիոյ եւ Գուպայի յեղափոխական պատմութեան մասին: Նոյնպէս ընբռնելով շատ ուշ հասկնալ իրենց  նորագոյն  պատմութիւնը այսինքն Թուրքիոյ մասին: Ան սկած է հարցնել եւ քննել թէ ի՞նչ պատահած է Հայ, Ասորի Եզիտի ազգերուն որոնք մինչեւ վերջերս կ՛ապրէին թուրքիոյ մէջ:

             Երբ իր միտքը արտայայտել սկսաւ իր խումբի անդամներուն, կեցուածքն ու գաղափարները զարմացուց զիրենք եւ ան որակուեցաւ իբրեւ կեղծ թուրք մանաւանդ երբ ան Ցեղասպանութեան ժխտումը դարձուց իր կեանքի նպատակը:

             1998ին, շուրջ քսան հոգիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ժողովով, պաշտօնապէս հիմնեց Ցեղասպանութեան Ընդդիմադիրներու Միութիւնը: Ալի Էրթէմ այն կարծիքն ունէր որ այս միութեան անդամները պէտք է որ ըլլային յանցագործ հասարակութեան պատկանող անձերէ կազմուած: Այսինքն՝ թուրք, քիւրտ եւ չէրքէզ: Այդպէս ալ եղաւ: Այս միութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ ստորագահաւաքի սկսած է թուրք ժողովուրդի բոլոր խաւերէն 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար որ առաջինն էր թուրքիոյ  պատմութեան մէջ: Հաւաքուած ստորագրութիւնները ներկայացուած են թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին թուրքիոյ կողմէ այս ստորագրութիւնները չընդունուեցան եւ ետ վերադարձուեցան: Աւելի ուշ, անոնք միջնորդութեամբ ուղարկուեցան Գերմանիոյ  Խորհրդարան՝ պատուիրակութեամբ Տոքթ. Ժիրայր Քոչարեանի, Տոքթ. Թէտ Հոֆմէնի եւ Ալի Էրթէմի կողմէ: 2000ի Յունիսին, տասնըվեց տարիներ ետք, Գերմանիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 1999 թուականէն սկսեալ, այս միութիւնը ամէն տարի Ապրիլ 24ին պատուիրակութիւն կ՛ուղարկէ Հայաստանի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ զետեղելու եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս միութիւնը Ապրիլ 24ը կը համարէ «ՍԳՈՅ ՕՐ»:

             2002 թուականին, Յունուար 19նն ալ աւելցաւ: Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը խոր հետք թողուց Ցեղասպանութեան ԸնդդիմադիրներուՄիութեան  անդամներուն մօտ, մեծ զայրոյթ յառաջացնելով:

             Ալի Էրթէմ ամուսնացած է Սէլայ Էրթէմի հետ եւ ունի երկու դուստրեր: Մահացաւ Փետրուար 12, 2021ին:

             Յայտագրին վերջին բաժնով Զումի վրայ մեզ հետ կապուեցաւ Ալի Էրթէմի այրին՝ Սէլայ Էրթէմը որուն ուղերձը հակիրճ ձեւով թարգմանեց եւ հայերէն լեզուով ընթերցեց հանդիսավարուհի Ռոզա Մատոեանը:   

    «Պոլսահայ Միութեան յարգելի անդամներ: Յարգանքով եւ կարօտով կ՛ողջունեմ բոլորդ Հրանդ Տինքի յիշատակին առջեւ: Երբ լսեցի այն գաղափարը թէ Հրանդ  Տինքի իմաստալից պատուոյ նշանը իմ ամուսնոյս պիտի տրուի: Կրնաք երեւակայել թէ ինչպիսի խառն զգացումներ ունեցայ: Որովհետեւ իմ երկրիս  մէջ կատարուած Ցեղասպանութեան հետեւանքով նռան հատիկներու պէս աշխարհի չորս կողմը տարածուած հայութիւնը մեզ արժանի համարած է Հրանդ Տինքի մրցանակը ստանալու: Այս ամէն ինչէն ետք հայերուն թուրքի մը այսպիսի պատիւ մը շնորհելը շատ մեծ առաքինութիւն է: Մեծապէս զգացուած եւ շնորհակալ եմ»:

             «Ես հպարտ էի իրմով եւ իր ջանքերով: Ալի գրած էր ի յիշատակ Հրանդին: Հրանդը կ՛երազէր դրախտի վերածել մեր ապրած դժոխքը: Ան գիտէր թէ այս երազանքը կ՛իրականանայ միայն այն ժամանակ երբ կարենանք լուսաւորել թրքական հասարակութեան պատմութեան մութ էջերը: Ան՝ 1915 թուականին թուրք կառավարիչներու կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութիւնն էր որ դժոխքի վերածած էին մեր ապրած դրախտը: Ան դարձաւ Ցեղասպանութեան զոհերու ձայնը ովքեր մինչեւ օրս կ՛աղաղակեն մարդու իրաւունքներու արդարութեան համար»:

             «Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին քաջալերանքի աղբիւր հանդիսացաւ Թուրքիոյ դէմ տեմոքրատական ուժերու այս գործին համար իր պայքարով եւ իր սկզբունքային դիրքորոշմամբ: Այդ էր որ անհանգստացուց խաւարի պահակներուն: Հրանդ Տինքը ձգեց իր երազանքը որպէս կտակ անոնց որոնք դեռ կ՛ապրին մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու գիտակցութեամբ: Թողեց եւ քալեց դէպի մահ, ան ինքզինք զոհեց մարդկութան փրկելու մեր զոհուած մարդկային արժանապատուութիւնը»:

          Հրաւիրուեցաւ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, Միութեան նախկին ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ ինչպէս նաեւ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան յանձնելու համար «Հրանդ Տինք Արդարութեան եւ Ազատութեան» տարեկան Շքանշանը, հանգուցեալ Ալի Էրթէմի (յետ մահու):

               Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ խմբային լուսանկարչական պահ, ապա պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները իրար հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:

 

 

 Video and Photos  (click)

.

.