ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ԲԱԺԱԿԻ ՊԱՀ»ՈՒ ԵՐԵԿՈՆ ( Ալին Տօնիկեան)
Մարտ 2, 2013 Շաբաթ գիշեր, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ» Քիւրքչիւօղլու» սրահը վարդագոյն ծածկոցներով ու գարնանային ծաղիկներով ճաշակաւոր երեւոյթ մը կը պարզէր մեր աչքերուն: Էսայեանի աւանդական «Բաժակի Պահ»ու հիւրերը ժամանեցին ժամը 8:00ի շուրջ: Ընթրիքը համեղ աղանդերներով ու ճաշերով մեր քիմքերը կ՛օծէր, իսկ Պր. Մերկերեանի ջութակէն լսուող եւրոպական մեղմիկ մեղեդիներն ալ...