ՈՉ ԵՒՍ Է ՓՐՕՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ԼՈՒՍՈՅ, ԳՐՉԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՒԵՐԺ ՃԱՄԲՈՐԴԸ
Posted on October 21, 2026
Posted By: oiaCategories: All News
ՈՉ ԵՒՍ Է ՓՐՕՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ԼՈՒՍՈՅ, ԳՐՉԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՒԵՐԺ ՃԱՄԲՈՐԴԸ
Կեանքի եւ մահուան խորհրդաւոր սահմանագծին վրայ, երբ մահկանացու մարմինը կը հեռանայ, անմահ կը մնան ոգին, վաստակն ու թողած անջնջելի ձօնը:
Խոր սուգով ու յարգանքով կը հաղորդենք, թէ Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2026-ին, 91 տարեկան հասակին իր երկրային երթը բոլորեց եւ յաւերժութեան ճամբան բռնեց Գալիֆորնիոյ հայ համայնքի մտաւորական մայր սիւներէն՝ լրագրող, դասախօս եւ հասարակական-քաղաքական գործիչ Փրօֆ. Օշին ՔԷՇԻՇԵԱՆԸ:
Փրօֆ. Օշին Քէշիշեան ծնած է Երուսաղէմի սրբազան հողին վրայ, ապա ապրած եւ կրթութիւն ստացած է Լիբանան: Աւարտելով ՀԲԸՄ-ի Հովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը՝ 1956-ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ իբրեւ զինուորական բժշկական սպասարկու: Իր ամբողջ կեանքը դարձած է իմաստասիրական առաքելութիւն մը՝ նուիրուած հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման:
Վաստակաշատ հրապարակագիրը հաւատաց որ գիրն ու խօսքը ոչ միայն տեղեկատուութիւն են, այլեւ ազգի մը հոգեւոր ու քաղաքական ողնաշարը. 1969-ին, Լոս ԱնՃէլըսի մէջ ան հիմնադրեց անգլիատառ «The Armenian Observer». շաբաթաթերթը, որուն սեփականատէրն ու գլխաւոր խմբագիրը հանդիսացաւ տասնամեակներ շարունակ: Ան թերթը վերածեց օտարամուտ ալիքներու դէմ կանգնող ազգային իմաստութեան եւ ինքնագիտակցութեան հզօր ձայնափողի: Նաեւ, իբրեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»-ի երկարամեայ խմբագիր, ան իր գրիչով լուսաւորեց համայնքային, քաղաքական եւ մշակութային խորխորատները՝ առաջնորդուելով ազգային միասնականութեան եւ հեռատեսութեան գաղափարներով:
Իբրեւ ՌԱԿ-ի հաւատարիմ ու իմաստուն ղեկավար դէմք, ան իր ամբողջ գիտակից կեանքը ծառայեցուց ազգային-ազատական գաղափարախօսութեան եւ հայ դատի պաշտպանութեան: Կլէնտէյլ քաղաքի Համայնքային Քոլէճին (Glendale Community College) եւ այլ հաստատութիւններու մէջ, իբրեւ Փրօֆ., ան սերունդներու հոգիներուն մէջ սերմանեց սէր դէպի լեզուն, պատմութիւնն ու ճշմարտութիւնը: Ան մաս կազմեց 1968-ին կանգնեցուած Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբին՝ անմահացնելով նահատակաց յիշատակը: 1982-ին անոր վստահուեցաւ հայ գրականութեան հսկայ Ուիլիամ Սարոյեանի աճիւններու մասնակի փոխադրումը մայր հայրենիք՝ Երեւան: Երեք անգամ հրաւիրուեցաւ Սպիտակ Տուն, որոնցմէ մէկուն ընթացքին ընկերակցեցաւ ՀՀ Առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին:
Իր ազգանուէր ծառայութեանց եւ վաստակին համար արժանացած է «Սուրբ Սահակ–Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանին եւ Հայրապետական Կոնդակին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի կողմէ: Թեքէեան Մշակութային Միութեան «Վարդգէս Պալեան» լրագրական մրցանակին:
Վաստակաշատ մտաւորականին յաւերժական երթը կը սգան՝ Դուստրը՝ Քնար Քէշիշեան եւ թոռնուհին, Քոյրը՝ Անգինէ Մուրատեան եւ ընտանիքը, Եղբայրը՝ Փրօֆ. Օննիկ Քէշիշեան եւ ընտանիքը, Համազգային, կուսակցական, գործընկերական եւ համայնքային լայն շրջանակը:
Փրօֆ. Օշին Քէշիշեանի հեռացումով հայ մամուլը, ՌԱԿ ընտանիքը եւ ամերիկահայ համայնքը կորսնցուցին ոչ միայն վաստակաշատ գործիչ մը, այլեւ ազգային ոգիի եւ իմաստութեան անփոխարինելի ուղեցոյց մը: Իր թողած վաստակն ու գիրը պիտի շարունակեն լուսաւորել գալիք սերունդներու ուղին:
Կեանքի իմաստը չի չափուիր տարիներու թուական հաշուարկով, այլ այն լոյսով ու իմաստութեամբ, որ մարդ անհատը կը սփռէ իր շուրջը: Փրօֆ. Օշին Քէշիշեան, իբրեւ ազգային, մշակութային եւ կրթական նուիրեալ դէմք, եղած է Պոլսահայ Միութեան Պատուոյ Անդամ՝ իր իմաստասիրական հայեացքով ու վաստակով հարստացնելով համայնքային կեանքը: Արդարեւ, Պոլսահայ Միութիւնը մեծարած է զինք իր 90-ամեակի հանգրուանին, մեծարելով ոչ միայն ժամանակի հոլովոյթին մէջ անցած իննիսուն տարիները, այլեւ՝ այն մնայուն արժէքներն ու ոգեղէն ժառանգութիւնը, որոնք կը գերազանցեն ժամանակաւորը եւ կը դառնան յաւերժական ներշնչում ապագայ նոր սերունդներուն համար:
Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Յանձնախումբի եւ բոլոր յարակից ենթայանձնախումբերու անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ համակիրներուն: