Posted on August 24, 2026 Posted By: oiaCategories: All News .. ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս Ընտանեկան եւ համայնքային հաւաքոյթները պարզապէս ժամանակ անցընելու միջոց չեն, այլ՝ անոնք պահեր են, ուր մարդիկ կը վերագտնեն իրարու հոգին, կը ջերմանան միասնութեան կայծով եւ սերունդներուն կը փոխանցեն անցեալի արմատներն ու ապագայի յոյսը: Հինգշաբթի, Օգոստոս 20 երեկոյեան ժամը 7ին,անմոռանալի եւ անկրկնելի ջերմ մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային եւ Տիկնանց Յանձնախումբերու կազմակերպած աւանդական ընտանեկան երեկոն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կոկիկ թիւով նուիրեալ հիւրեր: Այս յաջող ձեռնարկը ամբողջութեամբ կեդրոնացած էր խնձորի խորհրդանշական եւ գեղեցիկ թեմային շուրջ, որը իւրայատուկ, տօնական եւ հարազատ շունչ մը հաղորդեց օրուան բոլոր պահերուն: Հանդիսութիւնը հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ մշակութային յանձնախումբի ատենապետի՝ Կարպիս Սարաֆեանի ողջոյնի խօսքով, ան ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ անուշ ու բարի ախորժակ մաղթեց բոլորին՝ տրամադրելով դէպի հաճելի հիւրասիրութիւն: Այնուհետեւ, ընդհանուր ժողովի ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ, հանդէս եկաւ սրտաբուխ խօսքով, ան ներկայացուց յատուկ պատգամ մը՝ ընդգծելով նման ընտանեկան ու համայնքային հաւաքներու կարեւորութիւնը եւ ողջունելով բոլոր ներկաները: Ապա հրաւիրեց Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէսը որ մեծ հաճոյքով կիսուեցաւ ներկաներուն հետ խնձորի թեմային առնչուող խորհրդածութիւններով: Բացատրելով թէ ինչպէս ժամանակի ընթացքին փոխուած է խնձորին բնական համն ու որակը, որը ուղղակիօրէն կը զուգորդուի մեր կեանքին փոփոխութիւններուն հետ: Համեմատութիւններ կատարեց հին ու բարի, համերաշխ օրերու պարզութեան եւ մեր օրերու արագնթաց ու բարդ իրողութիւններուն միջեւ՝ արժանանալով հիւրերուն մեծ ուշադրութեան ու համակրանքին: Խօսք առաւ նաեւ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենադպրուհի՝ Անահիտ Գոճաեան: Հիւրերը մեծ խանդավառութեամբ վայելեցին Տիկնանց յանձնախումբին անդամներուն կողմէ պատրաստուած անուշահամ աղանդերներն ու աւանդական օրման քէպապը: Ճաշին համն ու հոտը միաձուլուեցան սեղաններու շուրջ տիրող ջերմ զրոյցներուն, որոնց ընթացքին մասնակիցները առիթը ունեցան մտերմանալու, անկեղծօրէն զրուցելու եւ միասին անցընելու մտերմիկ պահեր: Հիմնական ճաշէն եւ հաճելի զրոյցներէն ետք, ծրագիրը շարունակուեցաւ անակնկալներով ու հետաքրքրաշարժ խաղերով: Խաղերը ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն, ծիծաղ եւ առողջ մրցակցութիւն, որմէ ետք մասնակիցներուն բաժնուեցան յատուկ նուէրներ: Երեկոյի աւարտին, մշակութային յանձնախումբի ատենապետը սրտի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնն ու ջանքը բերին այս հիանալի միջոցառման կազմակերպման համար: Այս ձեռնարկը՝ իր խնձորի իմաստալից թեմայով, գեղեցիկ յիշատակներով եւ ջերմ մթնոլորտով, երկար պիտի մնայ բոլոր մասնակիցներուն սրտին ու յիշողութեան մէջ: Բարի եկած էք այսօրուան մեր ընտանեկան հաւաքոյթին։ Երբ կը նայինք այսօրուան մեր շուրջը՝ արագօրէն փոխուող աշխարհին, մեր միտքը բնականաբար կը վերադառնայ դէպի անցեալը։ Հին օրերը… Անոնք պարզապէս ժամանակաշրջաններ չէին, այլ՝ ապրումներ, մթնոլորտ մը, ուր լռութիւնն անգամ իմաստ ունէր, իսկ հանդիպումները՝ խորհուրդ։ Այն ժամանակներուն, մեր կեանքը կը հիւսուէր դանդաղ, բայց անխզելի թելերով. մարդիկ կը նայէին իրարու աչքերուն, երբ կը խօսէին, եւ սիրտը սրտի կը խօսէր առանց միջնորդներու։ Հին օրերը կը կրէին մեր հողին, մեր պապերու շունչին եւ մեր մաքուր կարօտին բոյրը։ Այսօր, այս յարկին տակ, հինն ու նորը կը հանդիպին։ Երբ մենք՝ որպէս մէկ ընտանիք, կը համախմբուինք, մենք կամուրջ մը կը կառուցենք անցեալի ջերմութեան եւ ապագայի յոյսին միջեւ։ Մենք կը վերագտնենք այն, ինչ որ ժամանակը կրնայ փոխել, բայց ոչ երբեք՝ ջնջել՝ իրարու պատկանելու զգացումը, միասնութեան ուժը եւ հոգեւոր հարազատութիւնը։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրին ներկայութիւնը այսօր ապացոյցն է, որ մեր արմատները կենդանի են, եւ մեր աւանդոյթները՝ անշէջ։ Կը մաղթեմ, որ այս երեկոն ըլլայ ոչ միայն պարզ հանդիպում մը, այլ՝ հոգիներու զրոյց, յիշատակներու արթնցում եւ վերանորոգ հաւատք՝ մեր վաղուան օրերուն հանդէպ։ Բարի եկաք վերստին, եւ վայելէք այս գեղեցիկ պահերը միասին։ .. ԻՆՉՈՒ ՓՈԽՈՒԵՑԱՒ ԽՆՁՈՐԻՆ ՀԱՄԸ Ժամանակին՝ մեր անունները աւելի գեղեցիկ էին: Երբ տանտիկինները ճաշ կ՛եփէին, մանաւանդ պամիային բոյրը կը սողոսկէր պատուհաններէն: Ժովեալ ժամացոյցը մարդոց թեւերուն վրայ ամենասուղ եւ ամենարդիականն էր: Անձրեւուն կաթիլները աւելի խիտ էին: Հանրակառքերը երկու ղրուշ էին եւ յաջողագոյն ուսանողներուն անունները լրագիրները կը լեցնէին: Տուներուն խողովակներէն իջած անձրեւուն ջուրը կը հաւաքուէր տակառներուն մէջ, դրացին ձեռքը կ՛երկարէր դրան ետեւէն աղբահաւաքին տաք թէյ մը տալով, ան ալ պատին կռթնած քրտինքը կը սրբէր: Չէինք գիտեր թէ պտուղ մը պիտի ելլէ անունը քիուի կօշիկներ փայլեցնող «ճիլա»յին անունով: Նաեւ չէինք գիտեր որ հեռաձայնը իր արմատներէն պիտի փրցնէին, գրպաններուն մէջ գործածելու համար: Աղի լէպլէպին, խիթ ի (սանճը) համար կը գործածուէր եւ փոքրիկները դրացիին ձեռքը կը պագնէին տօնական օրուան առաւօտը: Հեռատեսիլը, որեւէ խանութի կամ ճաշարանի նման իր պաստառը կը փակէր որոշեալ ժամուն: Երբ կարմիր պիք գրիչները միակ միջոցն էր սիրահարներու օրուան, բջիջային հեռաձայնը չստեղծուած, երբ գրատուները վարդերու նաշխուն նամակի յատուկ թուղթեր կը ծախէին: Երբ բասբորները ձեռագիր կը գրուէին եւ դէպի մօտակայ քաղաքներ ճամբորդութիւնը շոգեկառքով էր, իսկ այր մարդոց կէս թեւ շապիկները պահպանողական ընտանիքները ամօթ կը սեպէին: Մայրեր խմոր կը շաղէին առաւօտեան վաղ ժամերուն, եփելու համար կանուխ, իսկ ոչխարներուն վզին անցուած զանգակներուն ձայները կ՛աւետէին թէ կաթը պատրաստ է թաղին մէջ: Մարդիկ իրար կը շնորհաւորէին կամ կը ցաւակցէին մէկ քիլօ տոպրակ մը շաքարով: Մայրեր իրենց զաւակները «լէկէնին» մէջ կը լոգցնէին, իսկ չոր քէխկէն կը տանէին հիւանդտեսի: Ինթէրնէթի գոյութիւնը բախտագուշակներն իսկ չէին նախատեսած: Երբ ցուրտը կը սառեցնէր եւ կը կարմրցնէր աշակերտներուն ձեռքերը անոնք դողդողալով իրենց ձեռքերը իրար կը շփէին տաքնալու համար: Մարդոց խօսելու հնչումները աւելի քաղցր էին, իրենց սրտերը աւելի մեծ, ձգտումները աւելի պարզ եւ խեղճ էին: Պաշտօնեաները ժամը տասնէն առաջ կը քնանային, արեւը աւելի տաքուկ էր ծոմ պահողներուն հետ եւ ձիւնը իր տարեկան ժամադրութենէն չէր շեղէր: Ժամանակին կ՛ըսէին դրացին տունէն առաջ է, հիմա անոնք իրենց վիճակին մենք մեր վիճակին: Ժամանակին կ՛ըսէին մօտիկը օտարէն առաջ է, հիմա կ՛ըսենք ազգականները կարիճներ են: Ժամանակին, սիրոյ եւ ողորմութեան եւ բացականերու մասին հարցնելու համար կը հաւաքուէինք, իսկ հիմա կը հաւաքուինք միայն ցաւակցութիւններու եւ հարսնիքներու համար: Գինին եղաւ խմիչք, երգը՝ արուեստ, կաշառքը՝ սուրճ, իրար հետ խառնուիլ՝ քաղաքակրթութիւն, մաքիյաժ ընելը կոկիկութիւն, մերկանալը՝ ազատութիւն, շնութիւնը անցողակի հաճոյք: Հիւրին կ՛ըսէինք բարի եկար հազար բարի, հիմա կ՛ըսենք՝ հեռաձայնէ չեկած: Կեանքը աւելի աղքատ, ցուրտ եւ անօթի էր, բայց միշտ կանաչ էր: Իսկ հիմա ի՞նչ եղաւ այս ժամանակին Տուները ընդարձակուեցան եւ ընտանիքները նեղցան: Բժշկագիտութինը յառաջացաւ եւ առողջութիւնը վատացաւ: Դրամը շատացաւ եւ մտքի հանգստութիւնը չքացաւ: Գիտելիքները շատացան իսկ իմաստութիւնը նօսրացաւ: Ընկերները շատացան իսկ ճշմարիտ ընկերները անյայտացան: Ժամացոյցները տեսակաւոր դարձան եւ մենք ժամանակ իսկ չունինք: Մարդիկ շատացան եւ մարդկութիւնը կորսուեցաւ: Սիրելիներ, Խնձորին համը չի փոխուեցաւ, այլ՝ մենք փոխուեցանք եւ փոխեցինք խնձորին համը: Խնձորը իր բոյրը կը սփռէր երբ մեր մեծ հայրերը կը ջրէին զայն իրենց ճակտի քրտինքով եւ իրենց ափերը վեր կը բարձրացնէին հալալ ապրուստի համար, կ՛աղաչէին եւ ներում կը խնդրէին, եւ երկինքը առատօրէն կը թափէր, եւ կը ջրէր խնձորը անարատ ջուրով: Փոխեցինք խնձորին համը երբ մենք փոխուեցանք եւ մեր ձեռքերը ներարկեցին խնձորին արմատները քիմիական թոյներով, եւ ջրեցին խնձորը անմաքուր ջուրով, մրցակցելով դրամին վրայ որեւէ ձեւով: Եւ կը հարցնէք թէ ինչո՞ւ փոխուեցաւ խնձորին համը: Արեւուն շողը խնձորին վրայ աւելի փայլուն էր, եւ լուսնին լոյսը աւելի կենսունակ էր, եւ ջուրին կաթիլները մեր բերնին մէջ աւելի անարատ էր նոյնիսկ գիշերուան մեղմ հովը մեր ճակատներուն վրայ կը խնդար եւ տակաւին կը հարցնէք ինչո՞ւ փոխուեցաւ խնձորին համը: Ժամանակին՝ թաղին էրիկ մարդիկը իրենց սրտերով կը ձեռնուէին, իրար օգնել կը ջանային, յայտնի չէր ով աղքատ կամ ով որբ էր, կը մրցակցէին ամուսնանալ այրիի մը կամ ամուսնալուծուածի մը հետ իրենց գլուխը բարձր բռնած, առանց ամօթի դրոշմ մը փակցնելու անոր վրայ, թաղին կիները սրտանց կ՛ուրախանային երբ մէկը ամուսնանար, եւ կը խնդակցիէն նորածինի մը լոյս աշխարհ գալուն, եւ տանտիկինը բարեսրտօրէն աղբահաւաքին խնձոր մը կու տար, եւ տակաւին կը հարցնէք ինչո՞ւ փոխուեցաւ խնձորին համը: Փոխուեցաւ, որովհետեւ հեռացանք կրօնքէն եւ մարդիկ սկսան գողնալ ու կեղծել: Այն բժիշկը որ իր ընկերուհիին հետ կը զբաղի քովի սենեակը, թողելով հիւանդը իր ցաւերուն մէջ: Այն պաշտօնեան որ հեռաձայնով կը զբաղի եւ սպասողներուն շարքը անդին կ՛երկարի, այն ուսուցիչը որ իր աշակերտներէն առաջ ձգելով դուրս կ՛ելլէ դասարանէն, այն պաշտօնեան որ կեղծ հիւանդ կը ձեւանայ եւ արձակուրդ կ՛առնէ եւ բոլոր անոնք որոնք կեղծ միջոցներու եւ խաբեբայութեամբ ապրուստի ետեւ ինկած են եւ տակաւին կը հարցնէք թէ ինչո՞ւ փոխուեցաւ խնձորին համը: Event Photo Album (click) .. ————————————————————————