No comments yet

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

 

 

 

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Խորապէս յուզուած եւ հոգեկան մեծագոյն տագնապով իմացանք

գոյժը՝ մեր համայնքի հոգեւոր հովիւ

Արժ. Տ. նարեկ Ա. Քհնյ. եւ երիցուհի Պայծառ Մատարեանի զաւկին՝

Գէորգ Մատարեանի անժամանակ եւ սրտաբեկ մեկնումին

մասին այս երկրաւոր կեանքէն։ Անդարմանելի այս հարուածին եւ

դառնագոյն վշտին առջեւ, Պոլսահայ Միութեան

Հոգաբարձութիւնը, Գործադիր Յանձնախումբը եւ բոլոր յարակից

ենթայանձնախումբերը խոնարհութեամբ զօրակցութիւնն ու

ամենախորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Տ. Նարեկ Քհնյ.

Մատարեանի սգակիր ընտանիքին եւ համայն հարազատներուն։

Մեր Միութեան ողջ ընտանիքը կ՚աղօթէ առ Բարձրեալն Աստուած,

հայցելով Սուրբ Հոգիին անհասանելի մխիթարութիւնն ու երկնային

սփոփանքը հոգեւոր հօր վիրաւոր սրտին եւ ընտանեկան

պարագաներուն, որպէսզի Տէրը ուժ եւ հաւատքի

զօրութիւն պարգեւէ այս ծանրագոյն փորձութեան մէջ։

Թող Ամենակալն Աստուած լուսաւորէ հանգուցեալ ազնուահոգի

երիտասարդին հոգին, երկնային լուսեղէն խորաններու մէջ հանգիստ

պարգեւէ անոր, եւ զայն դասէ Իր արդարներու շարքին։

Ափ մը հող, բուռ մը խունկ եւ զոգ մը մոմ իր անմար յիշատակին:

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Մ.Օ.
 

 

Post a comment