Posted on February 27, 2026
Posted By: oiaCategories: All News
A G O S
Մեծարանքի երեկոյ Ալիս Մանուկեանին
18 Փետրուար 2026, Չորեքշաբթի իրիկուն, Աթլաս շարժանկարի սրահին մէջ իրականացաւ Պոլսոյ պետական օփերայի երկարամեայ նախկին մեներգչուհի, քոլորաթուր սոփրանօ Ալիս Մանուկեանին ձօնուած մեծարանքի երեկոյթ մը։
Լուսանկար՝ Ֆըրաթ Թաշ
18 Փետրուար 2026, Չորեքշաբթի իրիկուն, Աթլաս շարժանկարի սրահին մէջ իրականացաւ Պոլսոյ պետական օփերայի երկարամեայ նախկին մեներգչուհի, քոլորաթուր սոփրանօ Ալիս Մանուկեանին ձօնուած մեծարանքի երեկոյթ մը։
Երեկոյթին կազմակերպիչներն էին Արի Էտիրնէի, Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Կարօ Վրամ Պապաեանի գլխաւորութեամբ Ալիս Մանուկեանի համակիրներ:
Ներկայ էր Սահակ Բ. Պատրիարքը, իր շուրջ ունենալով Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Նաթան Արապեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Տէյիրմէնճեան քահանաները, օրուայ մեծարեալը, շրջապատուած՝ իր հարազատներով, քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկան Ժպիտ Իսկենտէրօղլու Գալայճը եւ Գրիգոր Տինչքայըքճը, ապա սրտի խօսք արտասանեց մեծարեալի դուստրը՝ Ժիլտա Մանուկեան-Թըրփան:
Ան յայտնեց իր հպարտութիւնը՝ մօրը նկատմամբ, ապա անխառն ուրախութիւնը՝ մեծարանքի սոյն երեկոյթին առթիւ: Յուշատախտակներ յանձնուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անունով Մանուկ Էօղէրին, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անունով Թանիա Օզինեան Քուրուչին, Ստանպուլի Ֆիլարմոնիի Միութեան անունով Փերիհան Քըլըչին, որոնք ներդրում ունեցած էին համերգի իրականացման գործընթացին։
Երեկոյթի խօսնակներն էին Գարոլին Մամիկոնեան եւ Պօղոս Չալկըճեան։
Հարուստ յայտագիրը սկսաւ Թաթուլ Ալթունեանի Կենաց երգով, Էտվին Կալիպեանի դաշնաւորումով, եւ երգուեցաւ բոլոր արուեստագէտներու կողմէ՝ միասնաբար: Շուշան Քալաթաշ երգեց Ա. Մօրլեանի Օտար ամայի ճամբէքի վրայ, Ալին Եաղճըօղլու՝ Ա. Տվորժաքի Ռուսալքա օփերայէն Měsíčku na nebi hlubokém երգը, Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ՝ Չայքովսքիի Da Vspomnila…” Podrougui Milye երգը, Սեւան Շէնճան Արմէն Տիգրանեանի Դաւիթ Բեկ օփերայէն Գուսանի երգը, Արթիւր Պաղտասարեան Արմէն Տիգրանեանի Անուշ օփերայէն Մոսիյի արիան, Սեդա Քիւրքճիւօղլու Ճուզէփփէ Վէրտիի Իլ Գորսարօ օփերայէն Egli non riede ancora!… Non so le tetre immagini երգը, Կունոյի Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ օփերայէն Ժիւլիէթի արիան՝ Էտվին Կալիպեանի դաշնաւորումով, Սեդա Քիւրքճիւօղլու եւ Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ Եալչըն Թուրայի Sevmek Nedir? երգը: Նուագով ներկաներուն հրամցուեցաւ Աշըք Վէյսէլի Uzun ince bir yoldayım ծանօթ երգը, Էտվին Կալիպեանի դաշնաւորումով, ապա Արի Էտիրնէ երգեց Փուչչինիյի Թոսքա օփերայէն E lucevan le stelle երգը, Գէորգ Դաւիթեան Ճորճ Պիզէյի Գարմէն օփերայէն Toreador երգը, Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ Ճորճ Պիզէյի Գարմէն օփերայէն Habanera երգը, Արի Էտիրնէ եւ Արթիւր Պաղտասարեան երգեցին Փուչչինիյի La Boheme օփերայէն O Mimi tu piu non torni երգը, Սեւան Շէնճան երգեց Ռոսսինիի Սեվիլեան Սափրիչը օփերայէն La calunnia è un venticello երգը, Արթիւր Պաղտասարեան երգեց Ռոսսինիի նոյն օփերայէն Largo al factotum երգը, հուսկ՝ բոլոր երգիչներ միասնաբար երգեցին Ճ. Վէրտիի La Traviata օփերայէն Brindisi երգը:
Երգիչներուն կ’ընկերանային երաժիշտներ Նիլսու Պաշթօփճու, Էճէմ Սու Փիրիմ, Մեթին Եավուզ, Պուրճու Էսին եւ Նուրսէր Ուկան։ Իսկ պարով բեմ եկան Գարէն Էմիրկէլօղլու, Ժուլիա Քիւթնարօղլու Էօզնիկոլեան եւ Անտրէ Տօնէրեան: Հանդիսութեան պարագրութեամբ ներդրում ունեցաւ Լեռնա Շուշան Փափազեան:
Հանդիսութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ Ալիս Մանուկեան եւ ողջունեց արուեստագէտներն ու դիտողները։
Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ ուրախութիւնը յայտնեց այս ոգեւոր ու յաջող երեկոյթին համար: Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ տարիներ ետք տեսնելով Ալիս Մանուկեանը, որ անձայն անշշուկ քաշուած էր բեմերէն, սակայն այսօր յայտնի կը դառնար, որ հակառակ տարիներու հոլովոյթին, ան դեռ կը վայելէ մեր արուեստագէտներուն ու ժողովուրդին սէրն ու համակրանքը: Նման երեկոյթի մը յաջողութեան ի տես, մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ ընդհանրապէս տիրող յոռետեսութեան մէջ ժպտացող երեւոյթ մըն էր այս մեծարանքի երեկոյթը, որով մեր համայնքը անգամ մը եւս իր անխառն համակրանքը կը ցուցաբերէր իր մեծանուն արժէքին՝ Ալիս Մանուկեանին: Նորին Ամենապատուութիւնը առողջ ու երջանիկ կեանք մաղթեց մեծարեալ արուեստագէտին եւ կազմակերպիչներու անունով արծաթեայ յուշապնակ մը յանձնեց անոր։
..
c
Alis Manukyan: Nota, emek, disiplin, tutku ve opera
Türkiye Ermeni Patrikliği, Türkiye Ermeni toplumunun yetiştirdiği, İstanbul Devlet Opera ve Balesi eski solisti koloratur soprano Alis Manukyan için bir gece düzenlendi. Kültür ve Turizm Bakanlığı’nın katkılarıyla yapılan gecede, Ermeni toplumundan opera sanatçıları ve dansçıları sahne aldı. Performanslar ayakta alkışlandı.
Fotoğraf: İşhan Erdinç
18 Şubat Çarşamba akşamı Beyoğlu Atlas Sineması’nda yapılan “Alis Manukyan’a Saygı” gecesine Patrik Sahak Maşalyan, Üstrahip Hovagim Seropyan, Rahip Kaspar Garabedyan, Peder Nareg Değirmenciyan, Peder Natan Arabyan, Karadeniz Ekonomik İşbirliği Ermenistan Daimi Temsilcisi Nairi Petrosyan ve davetliler katıldı.
Geceye katılan 93 yaşındaki Alis Manukyan’a gümüş bir plaket verildi, Manukyan konserin son parçasında sahneye çıktı ve şarkıya eşlik etti.
Krikor Dinçkayıkçı ve Jbid İskenderoğlu Kalaycı’nın açılış konuşmalarının ardından Manukyan’ın kızı Jilda Manukyan Tırpan, duygu ve düşüncelerini paylaştı. Annesinin sanat hayatında büyükbabasının büyük payı olduğunu söyleyen Tırpan, babası Arman Manukyan’ın desteğini esirgemediğini vurguladı. Tırpan, “Opera sanatçısı olmak belki de dünyanın en zor mesleklerinden biridir çünkü büyük bir disiplin, kararlılık ve süreklilik gerektirir ve zamanla bir yaşam biçimine dönüşür. Annem sahneye her çıktığında sadece notaları değil aynı zamanda emeğini, disiplinini ve kalbini de seyirciye sundu. Opera onun için bir meslekten öte bir tutkuydu. Bu yolculuk boyunca Ermeni cemaatinin desteği ve sevgisi de onun için her zaman çok kıymetli oldu” ifadelerini kullandı. Tırpan, son olarak Artür Bağdasaryan, Ari Edirne, Garo Vram Babayan ve Lerna Şuşan Papazyan olmak üzere gecenin organizasyonunda katkı sunanlara teşekkür etti. Karolin Mamigonyan ve Boğos Çalgıcıoğlu’nun sunuculuk görevini üstlendiği gecenin hazırlığında emeği geçen Üstrahip Seropyan’a, Feriköy Surp Vartanants Kilisesi Vakfı Başkanı Manuk Öğer’e, Beyoğlu Üç Horan Kilisesi Vakfı’ndan Tanya Ozinyan Kuduç’a ve İstanbul Filarmoni Derneği’nden Perihan Kılıç’a Türkiye Ermeni Patrikliği tarafından teşekkür plaketi verildi.
Şuşan Kalataş, Seta Kürkçüoğlu, Alin Yağcıoğlu, Lerna Baloğlu Akbulut, Ari Edirne, Artür Bağdasaryan, Kevork Tavityan ve Sevan Şencan solist olarak sahne aldı. Sanatçılara Nilsu Baştopçu keman, Ecem Su Pirim viyolonsel, Metin Yavuz flüt, Burcu Ersin ve Nurser Ugan ise piyano ile eşlik etti. Gecede, icra edilen bazı parçaların enstrümantal düzenlemeleri Edvin Galipyan tarafından yapıldı. Sanatçılara, Andre Doneryan, Julia Kütnaroğlu Öznigolyan ve Karen Emirgeloğlu, danslarıyla eşlik etti. Dansların koreograflığını ise Lerna Papazyan yaptı. Gecede sanatçılar ve orkestra Tatul Altunyan, Aleksey Hekimyan, Antonin Dvorak, Giuseppe Verdi, Armen Dikranyan gibi birçok ünlü bestecinin eserleri seslendirildi.
Gecenin kapanış konuşmasını Patrik Maşalyan yaptı. Alis Manukyan ile ilgili bir haber okumadıklarını, sessiz sedasız bir biçimde köşeye çekildiğini söyleyen Patrik Maşalyan, gecede sahne alan kişilerin Alis Manukyan’ın ismini duyar duymaz teklifi geri çeviremediğini belirtti. Katılımdan memnun olduğunu ifade eden Patrik Maşalyan, sahne tahsisi için Kültür ve Turizm Bakanı Mehmet Nuri Ersoy’a teşekkür etti.
Patrik Maşalyan, “Sevgili Alis, hayattaki yaptığın en güzel şey kendini keşfetmen olmuş. Çünkü bir insanın hayatında iki büyük önemli gün vardır. Birisi doğduğu gün, ötekisi niçin doğduğunu anladığı gündür. Sen erken yaşlarda müzik için doğduğunu anlamışsın. Ailen de desteklemiş ve tanrı vergisi yeteneğini geliştirmişsin. Yetenek tek başına işe yaramaz. Çalışmak, ter, gözyaşı, yorgunluk gerekir. Hepsinden geçmişsin. Kendin için, ailen için, halkın için, Türkiye için çok güzel bir kariyer edinmişsin. Bu gece ispatlandı ki Alis Manukyan o kadar da kolay unutulacak birisi değil. Onun için senin hayatın ve etkilerin buradaki sanatçı dostlarda kendini gösteriyor.”
Gösterinin sonunda sanatçılara, organizasyon ekibine, dansçılara, orkestraya plaket verildi.
Alis Manukyan hakkında
1933 yılında İstanbul’da doğdu. 1959’da İstanbul Belediye Konservatuvarı’ndan mezun olduktan sonra, özel bir bursla ABD’ye giderek eğitimini Miami Üniversitesinde tamamladı. Dora Lyon ve Otto Freuhljch gibi öğretmenlerle şan çalıştı. 1962’de İstanbul Devlet Operasına girdi. Yurt içinde ve dışında birçok konser verdi. Bulgaristan ve Romanya’da çeşitli operaların başrollerinde sahneye çıktı. Rigoletto, Lucia di Lammermoor, La Boheme, Aşk İksiri gibi birçok yapıtta başrol oynadı. Ayrıca, İstanbul Devlet Senfoni Orkestrası, Cumhurbaşkanlığı Senfoni Orkestrası ve İzmir Devlet Senfoni Orkestrası eşliğinde konserler v…erdi.
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռոյս եւ Զբօսաշրջութեան ու Մշակոյթի Նախարարութեան համատեղ կազմակերպութեամբ, 18 Փետրուար 2026, Չորեքշաբթի իրիկուն, Աթլաս շարժանկարի սրահին մէջ իրականացաւ Ստանպուլի պետական օփերայի երկարամեայ նախկին մեներգչուհի, քոլորաթուր սոփրանօ Ալիս Մանուկեանին ձօնուած մեծարանքի երեկոյթ մը։
Երեկոյթին կազմակերպիչներն էին Արի Էտիրնէի, Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Կարօ Վրամ Պապաեանի գլխաւորութեամբ Ալիս Մանուկեանի համակիրներ:
Ներկայ էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Նաթան Արապեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Տէյիրմէնճեան քահանաները, օրուայ մեծարեալը, շրջապատուած՝ իր հարազատներով, քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկան Ժպիտ Իսկենտէրօղլու Գալայճը եւ Գրիգոր Տինչքայըքճը, ապա սրտի խօսք արտասանեց մեծարեալի դուստրը՝ Ժիլտա Մանուկեան-Թըրփան: Ան յայտնեց իր հպարտութիւնը՝ մօրը նկատմամբ, ապա անխառն ուրախութիւնը՝ մեծարանքի սոյն երեկոյթին առթիւ: Յուշատախտակներ յանձնուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անունով Մանուկ Էօղէրին, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անունով Թանիա Օզինեան Քուրուչին, Ստանպուլի Ֆիլարմոնիի Միութեան անունով Փերիհան Քըլըչին, որոնք ներդրում ունեցած էին համերգի իրականացման գործընթացին։