Comments are off for this post

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՁԿՆՈՐՍՆԵՐՈՒ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԳԻՇԵՐԸ – FISHERMAN’S NIGHT

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ  ՁԿՆՈՐՍՆԵՐՈՒ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԳԻՇԵՐԸ

 

Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս

 

«Ձկնորսներու գիշերուան» ձեռնարկը հիմնադրուած է ԱՄՆ ռազմածովային Նորվեկ-իացի հրամանատար Carl M. Moe ի (1890 – 1989) կողմէ դարձնելով զայն յայտնի առիթի մը մինչեւ այսօր:

Այս տարի ալ 320է աւելի անդամներ եւ հիւրեր ներկայ գտնուեցան Պոլսահայ Միութեան Մխիթարեան Սանուց Յանձնախումբին կազմա-կերպած «Ձկնորսներու գիշերուան» երկրորդ խրախճանքին, որ տեղի ունեցաւ Միութեան տանիքը «Գուրեան դարատափ»ին վրայ:

Առատ ծովային ուտելիքներն ու ախորժաբերները պատրաստուած էին Միութեան Տիկնանց եւ Ընկերային Ձեռնարկներու ինչպէս նաեւ Մխիթարեան Սանուց Յանձնախումբերուն կամաւոր եւ ժրաջան անդամներուն կողմէ: Երաժշտութիւնն ալ կը ներկայացուէր DJ Jerry ի կողմէ Պուզուքիի նուագածուներու ընկերակ-ցութեամբ:

Ձեռնարկը սկսաւ ժամը 8:30ին, Գործադիր Մարմնի Վարչութեան Անգլերէնի նորընտիր ատենադպիր՝ Տիար Սերժ Պուլանըքեանի կողմէ, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց ըսելով թէ Մխիթարեան Միաբանութեան վանական սովորութիւնը մեր վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած է, շեշտելով թէ ան եղած է նեցուկը իրենց գործունէութիւններուն Նափոլէոն Պոնափարթի օրերուն, երբ ան Վենետիկը գրաւելով բոլոր միաբանութիւնները փակած է, բացի Մխիթարեան Միաբանութենէն: Ան յայտնեց թէ 1825ին առաջին Մխիթարեան վարժարանը բացուած է Պոլսոյ մէջ որուն յաջորդած են այլ վարժարաններու բացումները Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Ան յայտնեց նաեւ թէ վարժարանին 190րդ տարեդարձը պիտի տօնակատարուի  2015ին Լոս Անճէլըսի մէջ:

Ապա հրաւիրեց Գործադիր Մարմնի Վարչութեան խորհրդական՝ Տիկին Թալին Սարա-ֆօղլուն որ ընթերցեց Միութեան Հոգաբար-ձութեան ատենապետ՝ Իրաւաբան էտվին Մինաս-եանի խօսքը՝ տրուած ըլլալով որ ան քաղաքէն դուրս կը գտնուէր: Իր խօսքին մէջ Իրաւաբան Մինասեան շնորհակալութիւն կը յայտնէր  Միութեան Տիկնանց եւ Ընկերային Ձեռնարկներու ինչպէս նաեւ Մխիթարեան Սանուց Յանձնախում-բերուն, որոնք  անդադար աշխատեցան սոյն ձեռ-նարկին տոմսերը սպառելու, ինչպէս նաեւ համադամ ծովային ուտելիք եւ հաճելի պահ հայ-թայթելով մեր հիւրերուն, նոյն ատեն հաւաքելով նուիրատուութիւններու կոկիկ գումար մը, փա-փաք յայտնելով շարունակ միասնաբար աշխատիլ իրագործելու Պոլսահայ Միութեան առաքելու-թիւնը ապագայ տարիներուն:

Ապա հրաւիրուեցաւ Մխիթարեան Սանուց Յաձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Էտի Սարա-ֆօղլու որ իր կարգին շնորհակալութիւններ յայտ-նեց Միութեան Տիկնանց եւ Ընկերային Ձեռնարկ-ներու ինչպէս նաեւ իր Յանձնախումբի բոլոր ան-դամներուն անխտիր, որոնք անխոնջ աշխատանք տարին եւ հովանավորեցին սոյն ձեռնարկը: Ան շեշտեց ըսելով թէ «մենք մեր կարելին կ՛ընենք շարունակելու մեր աւանդութիւնները եւ իբրեւ Մխիթարեան Յանձնախումբ՝ կարելի կը դար-ձնենք զայն Հայ ժողովուրդին լայն շրջանակին համար միասնաբար հաւաքուելով ունենալու համար հաճելի գիշեր մը»:

Մեծ շնորհակալութիւն նաեւ Միութեան հաշուապահ Տիար Եղիա Քէօսէին, որ Միութեան տանիքը վերածած էր իսկական նաւու մը իր հրաշալի տաղանդները ի գործ դնելով, որուն մէջ ակներեւ էր անոր ստեղծագործական միտքը:

Նշենք թէ ներկայ էին նաեւ Լոս Անճէլըսի մտաւորական դասակարգէն կարգ մը անձեր իրենց կողակիցներով, որոնք հրաւիրեալներն էին Մխիթարեան Սանուց Յանձնախումբին եւ  որոնք մեծ գոհունակութեամբ ընթրեցին եւ զուարճացան, գնահատելով թէ՛ Պոլսահայ Միութեան մշա-կութային եւ թէ՛  այլ ընկերային ձեռնարկները:

Յաջորդ տարի դարձեալ մէկտեղուելու յոյսով, այս շատ յաջող գիշերը իր աւարտին  հասաւ առաւօտեան վաղ ժամերուն:

=================

 FISHERMAN’S NIGHT

 

By  Mariette Minassian-Okhanes

 

The “Fisherman Night” event was founded by Norwegian Commander Carl M. Moe, U.S. Navy (1890 – 1989) making it a popular occasion to this day.

Over 320 members and guests attended the second successful “Fisherman’s Night “of OIA, organized by OIA Mekhitarian Alumni Committee, which was held on the Rooftop (Kurian Terrace) of the OIA building.

The delicious appetizers, the sushi and the main fish were prepared by members of Ladies Auxiliary and Social Events and Mekhitarian Alumni Committees members. The Music was provided by DJ Jerry accompanied by the Bouzouki players.

The event started at 8:30 p.m., by OIA EC Secretary Mr. Serj Bulanikyan, who officially kicked off the banquet with introductions about the Mekhitarian congregation, stating that it has left a great effect on us because when Napoleon Bonapart occupied Venice he closed all the monasteries except Mekhitarian. He informed that the first Mekhitarian School was opened in 1825 in Istanbul and preparations will be done in 2015 to celebrate the 190th anniversary of the foundation of the school, which will take place in Los Angeles.

He invited Mrs. Talin Sarafoglu who read the message delivered by Chairman of Board of Trustees Edvin Minassian Esq., who was out of town that day, in which he was thanking the members of OIA Ladies Auxiliary and Social Events Committee as well as Mekhitarian Alumni Committee members who worked relentlessly to make this a sold out event, as well as provide out guests with great food and entertainment raising a serious amount of donation to OIA which is greatly appreciated. As we continue to work towards achieving the mission of this organization for many many years to come together.

Mrs. Sarafoglu invited Chairman of Mekhitarian Alumni Committee Mr. Edi Sarafoglu who welcomed the attendees and on behalf of his Committee thanked all those who made this evening possible. Also, he thanked OIA Ladies Auxiliary and Social Events Committee who worked tirelessly and sponsored this event. Mr. Sarafoglu emphasized that “we do our best to continue our traditions and as Mekhitarian Committee make it possible for wide range of Armenians to get together to have an enjoyable evening”.

From the food to the décor, all was superior, our special thanks to OIA accountant Mr. Yeghia Kose who has brilliant decorating abilities, converting the OIA rooftop to a beautiful ship deck and we definitely see in him the creative mind of an amazing design talent.

One of the greatest aspects of the OIA “Fisherman’s Night” event is not only the variety of sea food, or camaraderie, though all of these are wonderful reasons to attend this event, but it’s the depth of giving on display is truly the hallmark of the event and shows just how much the OIA members care about their organization, sociability, good quality of food and lovely and friendly ambiance.. The service was good.. and OIA Ladies and Social Events Committee members were extremely helpful.

Thank you once again for your support of this excellent and worthwhile event.

 

Comments are closed.