Comments are off for this post

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ԲԱԺԱԿԻ ՊԱՀ»ՈՒ ԵՐԵԿՈՆ ( Ալին Տօնիկեան)

Մարտ 2, 2013 Շաբաթ գիշեր, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ»
Քիւրքչիւօղլու» սրահը վարդագոյն ծածկոցներով ու գարնանային ծաղիկներով
ճաշակաւոր երեւոյթ մը կը պարզէր մեր աչքերուն:
Էսայեանի աւանդական «Բաժակի Պահ»ու հիւրերը ժամանեցին ժամը 8:00ի
շուրջ: Ընթրիքը համեղ աղանդերներով ու ճաշերով մեր քիմքերը կ՛օծէր, իսկ Պր.
Մերկերեանի ջութակէն լսուող եւրոպական մեղմիկ մեղեդիներն ալ մեր հոգիները կը
վերացնէին հաճոյքով: Ժամը 9:00ին, ատենապետուհի Տիկին Ալին Տօնիկեան նախ իր
սրտի խօսքը արտասանեց ապա Պոլսոյ Էսայեան Վարժարանի կարող Տնօրէնուհի՝
Տիկին Սաթենիկ Նշանին պատգամը ընթերցեց: Մեզմէ անդարձ բաժնուած Էսայեանի
նուիրեալներու ի յարգանս, յոտնկայս յարգանքի տուրքի մատուցումէն ետք, Էսաեան
յանձնախումբի ժրաջան անդամուհիներուն անունները թուեց ներկաներուն,
գնահատանքի արտայայտիչ խօսքերով: Մտերմիկ ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ
շարունակուեցաւ գիշերը DJ Մհերի ներկայացուցած երաժշտութեան ճոխ փունջով,
պարահարթակը լեցուեցաւ ուր ամէն ոք ուրախ տրամադրութեամբ պարեցին եւ
զուարճացան մինչ ուրիշներ հաճելի զրոյցներով գիշերը անցուցին:
Աւելի վերջ Տիկին Ալին Տօնիկեան ընթերցեց Վաստակաշատ ուսուցչուհի
Տիկին Ոսկի Տաղտելէնի առաքած շնորհաւորական բացիկը, որուն մէջ ան իր
շնորհաւորութիւններն ու լաւագոյն մաղթանքները կը փոխանցէր: Ապա Տիկին
Տօնիկեան Պոլսէն ժամանած հիւրերը ծանօթացուց ներկաներուն եւ հրաւիրեց փոխ
ատենապետուհի Տիկին Ալիս Ռէիսեանը որ իրականացնէ «Բաժակի Պահ»ը: Այս
տարուայ երիցագոյն Էսայանցին էր Տիար Գէորգ Պալթա (եղբայրը՝ տնօրէնուհի Տիկին
Աննա Գաւաֆեանի), իսկ կրտսերագոյն Էսաեանցիներն էին Տիկնայք՝ Զարուհի
Խաչիկեան եւ Սիմէ Պոյաճըեան-Քէշիշօղլու:
Օրուան անակնկալն էր Էսաեան Յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ
գնահատանքի յուշանուէրը՝ որ տրուեցաւ Տիկին Ալին Տօնիկեանին, ձեռամբ
յանձնախումբի գանձապահուհի՝ Տիկին Մարի Խաչիկեանին, որ դրուատանքով
արտայատուեցաւ ատենապետուհիին բազում անձնուէր ծառայութեանց մասին եւ
Յանձնախումբի անունով պարգեւատրեց զայն:
Այս տարուան վիճակահանութեան համար արժէքաւոր նուէր մը տրուած էր
Էսաեանցի արուեստագիտուհի Տիկին Իլտա Շաքարեանին կողմէ, իր գեղանկարած
ծովային մէկ իւղանկարը, զոր բախտաւորուեցաւ Տիկին Սրբուհի Մատոյեան:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ խմբապատկերի նկարահանում՝ իբրեւ
ապագայի յուշապատկեր: Կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Շուրջ 160 ներկաներ Էսաեանցիներ ու համակիրներ ուրախ սրտով
բաժնուեցան սրահէն, յիշատակելի գիշեր մը անցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ,
անցեալի հին հին յուշերով համակուած:

Comments are closed.