Comments are off for this post

Հանրայայտ Մասնագէտներ Պիտի Մասնակցին Հայ Դատի Խորհրդաժողովի «Արեւմտեան Հայաստան» Քննարկումին

 

Հանրայայտ Մասնագէտներ Պիտի Մասնակցին Հայ Դատի Խորհրդաժողովի «Արեւմտեան Հայաստան» Քննարկումին

 

0000Western ARmenian
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 23-24ին կայանալիք Հայ Դատի խորհրդաժողովի «Արեւմտեան Հայաստան» խորագրուած քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24ին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ, «Հայաթ Սենչըրի Փլազա» պանդոկին մէջ (2025 Avenue of the Stars, Los Angeles, California, 90067):
Քննարկումին պիտի մասնակցին Արիս Նալճը, Պարիս Ալեն եւ Ճորճ Աղաճանեան, իսկ համադրումը պիտի կատարէ Հայաստանի եւ Արցախի մասին ճամբորդական ուղեցոյց պատրաստած հեղինակ եւ լուսանկարիչ Մեթիու Քարանեան։
Արիս Նալճը գրող, ճարտարագէտ եւ ֆիլմ արտադրող մըն է, որ աշխատակցած է Պոլսոյ «Ակօս» թերթին եւ յօդուածներ կը հրատարակէ թրքական մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտութիւն դասաւանդած է Պոլսոյ «Եըլտըզ» համալսարանին մէջ։ Ան ներկայիս թրքական «Այ.Էմ.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի յայտագիրներու արտադրողներէն մէկն է։
Հայութեան եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմեր եւ յայտագիրներ արտադրած է։
Պարիս Ալեն Տիգրանակերտ ծնած է, մասնագիտացած միջազգային յարաբերութեանց ճիւղին մէջ եւ աշխատած Մարդկային իրաւանց դէտ եւ շարք մը այլ կազմակերպութանց համար։
Ճորճ Աղաճանեան ուսողութեան մասնագէտ է եւ աշխատած է ապահովագրութեան ու ելեւմտական մարզերէն ներս. հանգստեան կոչուելով 2014ին՝ ան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Հայաստանի մէջ իրականցուող աշխատանքներու վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ծածուկ հայերու մասին ուսումնասիրութիւններ կատարած։ Ան անդամ եղած է ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան։
Հայ Դատի խորհրդաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ օրէնքի մասնագէտներուն, մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ գործիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ վերլուծաբաններուն, քննարկելու Հայ Դատի տարբեր երեսները եւ ապագայ նախաձեռնութիւնները: Խորհրդաժողովի մասնակցութեան սակը 85 տոլար է, ներառեալ՝ ընկերային շարք մը հաւաքներու մասնակցութիւն: Ուսանողներու համար սակը 50 տոլար է: Յաւելեալ մանրամասնութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.ANCAWRGrassroots.org կայքը:
Կիրակի, Հոկտեմբեր 25ին կայանալիք Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան իրագործումները եւ պիտի մեծարուին շարք մը պաշտօնատարներ ու կամաւորներ: Մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել (818) 839-1918 թիւին կամ այցելել www.ANCAWRGala.org կայքը։

Comments are closed.