Posted on October 24, 2025 Posted By: oiaCategories: All News ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս Յաջողութիւնը տարբեր նշանակութիւն ունի իւրաքանչիւր անձի համար որ կը ցանկայ անոր: Սակայն հեղինակ Գէորգ Պ. Յակոբեանի համար որուն գրչէն գիրքերը կը հոսին անխախտ եւ հաստատ հոսանքով, զայն յաջողութեան գագաթը հասցնելէ աւելի դարձուցած են արժէքի մարդ, ուր ան դրած է իր սիրտն ու անձը իր ողջ էութեամբ եւ գոյութեամբ գրական շունչով ոսկեզօծուած: Կիրակի, Հոտեմբեր 19, 2025 կէսօրէ ետք ժամը 3ին, գրասէր հասարակութիւն մը լեցուցած էր Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահը պատուելու եւ վայելելու Պոլսահայ գրագէտ Գէորգ Պ. Յակոբեանի վերջերս լոյս տեսած «Հայոց Կրթական Հաստատութիւններու Պատմութիւն՝ Օսմանեան Գաւառներու Մէջ» երկհատոր գրքերու շնորհանդէսը: Բարի Գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, ողջունեց ներկաներն ու հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործակցողներուն, ըսելով թէ հայ ազգին գլխաւոր նպատակներէն ամենակարեւորը եղած է նախ՝ եկեղեցին ապա անոր քովը՝ դպրոցը: Մեր լոզունգը եղած է արտագաղթի հայոց ուծացումէն փրկութիւնը որ միայն մշակոյթով ուսումով եւ իր մայրենի լեզուն գործածելով պիտի ըլլայ: Ապա հրաւիրեց միութեան Գործադիր Յանձնախումբի համա-ատենապետուհի՝ կրթական մշակ՝ Տկ. Ռոզալին Մատոեանը հանդիսավարելու համար սոյն երեկոն: Հանդիսավարուհին իր ողջոյնի խօսքերով բարեւեց ներկաները, մտքով ճամբորդելու հեռաւոր եւ հարազատ վայրեր հոն գտնելու համար հազարաւոր կրթական օճախներ պապենական հողերուն վրայ: Ան շեշտեց թէ հեղինակին այս երկու հատորները ոչ միայն պատմական փաստաթուղթ են, այլ՝ ոգեւորիչ վկայութիւն մը մեր ժողովուրդին յարատեւութեան մասին: Ընթերցեց գիրքի ծանօթացումը կատարող մանկավարժ եւ խմբագիր՝ Տիար Հրաչ Սեփեթճեանի հակիրճ կենսագրականը ապա ամպիոն հրաւիրեց զայն: Տիար Սեփեթճեան ըսաւ թէ իր տեսակին մէջ յատուկ ցերեկոյթ մըն է այսօր որ մէկտեղած է մեզ այստեղ: Ամէն բանէ առաջ շնորհաւորեց հեղինակը իր գրի առած երկու հատորներուն համար: Շնորհակալութիւն յայտնելով եւ շնորհաւորելով իր կողակիցը եւ ընտանիքը, նաեւ քոյրը՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը իրեն նեցուկ կանգնած ըլլալուն համար: Ստուարածաւալ եւ հազար մեծաթիւ էջերու այս աշխատութիւնը ըստ էութեան շարունակութիւնն է «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի և Կրթական Հաստատութիւններու» հատորին, ուր ներկայացուած է պատմական Պոլիս քաղաքի վարչական շրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցած 170 հայ վարժարաններու պատմութիւնը: Այժմ հերթը մինչեւ 1915-ը Օսմանեան կայսրութեան գաւառներու մէջ գործած մօտաւորապէս 1000 հայկական կրթական հաստատութիւններու եւ որբանոցներու պատմութեանն է: Հոն կ՛ուսանէին 120 հազար երկսեռ աշակերտներ՝ 5000-ի հասնող ուսուցիչներով: Իր ելոյթով Տիար Հրաչ ընդգծեց տասնամեակներու տքնաջան աշխատանքը, որ կատարած է հեղինակը՝ նիւթը համակարգելու համար դիմելով ոչ միայն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի եւ այլ հայկական աղբիւրներուն, այլեւ՝ Օսմանեան արխիւներուն: Ծանօթացուց առաջին հատորը որ բաժնած է չորսի այս երկուքը կը ներկայացնեն արեւմտեան կողմը: Առաջին հատորը կը բաղկանայ երեք գլուխներէ: Դպրոցը եւ դաստիարակութիւնը Հայոց պատմութեան մէջ իր տասը խորագրերով որ կատարուած է լուրջ աշխատանքով: Պատմական աղբիւրներ Հայերու եւ Հայաստանի ծագման մասին, նախաքրիստոնէական շրջանին հայ դպրոցներու մասին գոյութեան փաստերը, նախաքրիստոնէական շրջանին հայոց հին կրօնները, ազգային եկեղեցի մը հաստատելու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը եւ տակաւին շարքը երկար է: Եւ այս բոլորը՝ գծանկարներով եւ լուսանկարներով ճոխացած: Մէկ խօսքով Գէորգ Պ. Յակոբեանի աշխատանքը եզակի է այնպէսով, որ առաջին անգամ ամբողջականօրէն կը ներկայացնէ հայ կրթօճախներու պատմական դերը՝ սկսած նախնական դպրոցներէն մինչև մեծ քաղաքներուն մէջ գործող վարժարանները։ Հեղինակին աշխատութիւնը կը փաստէ, որ մինչև Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայ կրթական հաստատութիւնները գրեթէ ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին՝ Կոստանդնուպոլսէն մինչև Վան, ունէին հսկայական ծաւալ և ազդեցութիւն։ Հայկական վարժարաններու թիւը կը հաշուէր հարիւրներով, իսկ աշակերտներունը՝ տասնեակ հազարներով։ Այդ կրթօճախներուն մէջ կը դասաւանդէին ժամանակի լաւագոյն մանկավարժները, որոնք կրթութիւն ստացած էին ինչպէս Պոլսոյ մէջ, այնպէս ալ Եւրոպայի մէջ։ Հրաւիրուեցաւ Պոլսահայ Միութեան ատենապետ՝ Տիար Բարունակ Չէլիքեան՝ որ իր ստի խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր շնորհիւ Գէորգ Պ. Յակոբեանի մեծ աշխատանքին, Պոլսահայ Միութիւնը ապրեցաւ նշանակելի օր մը որ ոսկի տառերով պիտի գրուի մեր էջերուն մէջ: Սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ որ հովանաւորեց այս միջոցառումը, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մուշեղ Սրբազան Հօր՝ որ պատուեց այս պատմական ձեռնարկը: Անհուն շնորհակալութիւններ Մշակութային Յանձնախումբին՝ որ կազմակերպեց այս գեղեցիկ հաւաքոյթը: Օրուան բանախօսներուն՝ որոնք լուսաբանեցին մեզ բովանդակութեան մասին նաեւ շնորհաւորեց հեղինակը եւ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց որ բաժնեկից եղան մեր ուրախութեան»: Ապա ամպիոն հրաւիրուեցաւ Մշակութային Յանձնախումբի փոխ ատենադպրուհի՝ Տկ. Թամար Եշիլչիմէնը որ ընթերցեց Տիար Յովսէփ Թոքաթի սրտի խօսքը ինքը բացակայ ըլլալուն համար: «Նուէր ստացայ մակագրուած երկհատոր սքանչելի աշխատանք մը հեղինակէն: Երբ սկսայ թղթատել գրքին էջերը, յիշեցի մեծ հայրս ճարտարագէտ Մարտիրոս Սարգիսեանը որ կը հաւաքէր իր շուրջ Եղեռնէն վերապրած մտերիմներէն մի քանիներ: Անոնց նիւթերը այլազան էին: Սկսած հալածաքներէն աւելի կը խորանային հայահոծ գաւառներու, գիւղերու դպրոցներու հսկայութէնէն, աշակերտութեան թիւէն, դասատուներու բարձր որակէն եւ հաւատացեալներու համախմբումէն եկեղեցիներուն մէջ: Երբ կ՛իմանայի այս զրոյցները ինծի կը թուէր թէ շուրջս պարիկներ եւ ուրուականներ կ՛երգէին ու կը պարէին որոնք իրենց տուներէն վտարուած, կողոպտուած ու սպաննուած հայ ժողովուրդն էր: Երբ խորացայ այս երկու հատորներուն մէջ հիասթափուեցայ իրօք: Այս աստիճանի բծախնդիր աշխատանքի համար որքան ժամանակ յատկացուցած ես նպատակիդ ուղիղ ճանապարհով հասնելու համար: Այս բոլորը քու ազգասիրութեանդ արդիւնքն է: Վարձքդ կատար, գրիչդ անսպառ: Հանդիսութեան աւարտին շնորհակալական խօսք ըսաւ հեղինակը՝ Գէորգ Պ. Յակոբեանը՝ յիշատակելով իր քրոջ գրքի խմբագիր Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի բծախնդիր աշխատանքը, Պոլսոյ «Փարոս» պարբերաթերթի հրատարակչութեանը՝ խմբագիր Մայտա Սարիսի առաջանորդութեամբ, ելոյթ ունեցողներուն, եւ ուրախութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար ըսելով թէ համակուած է անբացատրելի ուրախութեամբ տեսնելով իր աշխատանքը իրերայաջորդ շնորհանդէսներով որ հանրային ուշադրութեան կ՛արժանանայ: Ես, ըսաւ ան իմ համեստ կարողութիւններուն ներած չափով կատարեցի աշխատանք մը, դոյզն ինչ վճարելու համար իմ ազգային նուիրական պարտականութիւնը։ Բախտաւոր կը նկատեմ ինքզինքս, որ երկար տարիներու յարատեւ աշխատանքս ապարդիւն չմնաց։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Յովնան Սրբազանին հովանաւորութեան համար նաեւ Մուշեղ Սրբազան Հօր իր օրհնաբեր ներկայութեան համար, խորին շնորհակալութիւն ՊՄ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ Աւետիքեանին եւ Գործադիր Յանձնախումբի համատենապետուհի՝ կրթական Մշակ՝ Ռոզալին Մատոեանի որոնք կազմակերպեցին այս հաւաքոյթը: Տոքթ. Վահրամ Շամմասեանին եւ Տոքթ. Յասմիկ Պարանի որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ոչ միայն հրատարակչական ծախսերուն, այլ՝ այսօր ներկայութեամբ պատուեցին զիս: Նեցուկ հանդիսացաւ նաեւ բեղուն մտաւորական, մանկավարժ եւ խմբագիր՝ Հրաչ Սեփեթճեանին որ լեզուական եւ ուղղագրական սրբագրութիւններուն դժուարին աշխատանքի բաժինը: Ան էր որ հիւթեղ ոճով գրի առաւ գիրքերու յառաջաբանը: Իսկ այսօր դարձեալ ան էր որ որպէս բանախօս լիակատար կերպով պարզաբանեց աշխատանքս պատիւ շնորհելով անձիս: Օրուան հանդիսավարուհի՝ Տկ. Ռոզալինին որ ձեռնհասօրէն վարեց սոյն ձեռնարկը, նաեւ Մշակութային Յանձնախումբի փոխ ատենադպրուհի՝ Թամար Եշիլչիմէնի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Բարունակ Չէլիքեանի: Հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ Գ. եւ Դ. հատորներուն մասին չորս կուսակալութիւններուն մասին, առաջինը՝ Տրապիզոնի, երկրորդը՝ Սեբաստիոյ, երրորդը՝ Խարբերդի իսկ չորրորդը՝ Հալէպի Կուսակալութիւնները: Նշելով թէ իր աշատանքը պիտի կեդրոնացնէ սոյն յաջորդ հատորներուն վրայ ամբողջացնելու եւ աւարտին հասցնելու համար իր ծրագիրը: Խօսք առաւ նաեւ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, ըսելով. « Հիացած ենք այս բացառիկ առաքելութեան իրականացմանը հրաշալի առիթով: Այսքան սեղմ վիճակով հնարաւոր չէր ներկայացնել աշխատանքի մը ահաւորութիւնը: Ովկեանի մը կարողութեամբ կատարուած աշխատանք մըն է սա ութը տարիներու մէջ ամփոփուած տասնեակ տարիներու մեր ժողովուրդի պատմութիւնը գրած էք երկու հատորներու մէջ որոնք կը խօսին պատմական ճշմարտութեանց մասին: Ինչ որ երէկ կար մեր կեանքին մէջ ապրող շնչող ներկայութիւն, հարիւրաւոր ուսումնական հաստատութիւնները այսօր չկան: Բայց աշխատանքը ոչ միայն վկայութիւն մըն է պատմութեան մասին բայց նաեւ պարտաւորեցնող է: Պատմութիւնը սերտելով է որ մենք չենք կրկներ մեր սխալները եւ զգոյշ ըլլանք որ նոր յաջողութիւններու ձեռքբերումներու տեսիլքովը շարունակենք մեր կեանքը: Ձեր ներկայութեամբ ձեր հետ կը տանիք նաեւ պատգամ մը՝ արժեւորելու աշխատանքի մը առաքելութիւնը որ անգին է, կարելի չէ նաեւ գումարի սահմաններու մէջ դնել այն ինչ որ հրապարակուած է: Հարիւրաւոր հազարաւոր ժամերու արդիւնքն է այս աշխատանքը որուն արժէքը մենք պէտք է որ գիտնանք ազգովին եւ որպէս հայ համայնք որ այստեղ կ՛ապրինք: Ձեր վարձքը կատար յարգելի հեղինակ եւ բոլոր անոնք որ բաժին ունեցան, Հրաչ Սեփեթճեանը, Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը եւ մենք աշխատողներու այս հոյլին ծանօթ ըլլալով կը հասկնանք թէ ինչպիսի զուշաւորութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ աչալուրջ նուիրումով այս ծնունդին արժանի դարձուցիք: Խօսք առաւ նաեւ Գերշ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան որ իր գնահատանքի եւ վկայութեան խօսքը ըսաւ անցեալէն յուշեր բերելով իր պատանի տարիքին ճանչցած ըլլալով հեղինակը երբ ան երիտասարդ էր: Ան որակեց հեղինակը իբրեւ խոհեմ, բանիմաց, ազնիւ, կիրթ համբերութեամբ լի տիպար հայ քրիստոնեայ մը յատուկ կերպով գնահատեց Պոլսահայ Միութեան եւ Մշակութային Յանձնախումբին որ իսկապէս ոչ միայն յատուկ ձեռնարկ մըն էր կազմակերպուած, այլ՝ սոյն վայրը ամենապատշաճ վայրն էր ներկայացնելու համար սոյն գիրքերը որոնք կենդանի վկայութիւն են եւ կոթողական վիթխարի գործեր են մեր ժողովուրդի իրաւունքներու իմաստով: Մենք ունինք կորսուած հողեր, կորսուած ազգային ժառանգութիւն, ասոնք վկայութիւն են, ազգագրութիւն եւ վաւերագրութիւն, որուն համար վարձքը կատար հեղինակին: Հրաւիրուեցաւ Յովնան Սրբազանը որպէսզի կատարէ փակման աղօթքը: Ապա հրաւիրուեցաւ օրուան մեծարեալը եւ իր ընտանիքի անդամները, Առաջնորդներն ու հիւրերը որպէսզի կատարեն «Գինեձօնի« արարողութիւնը, որմէ վերջ հեղինակին նուիրուեցաւ գնահատանքի յուշանուէր մը ձեռամբ՝ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Բարունակ Չէլիքեանի: Աւարտին՝ հեղինակը իր գիրքերը մակագրեց եւ առնուեցաւ խմբային յիշատակի պատկեր ու տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Նաեւ, հեղինակը նուիրեց Ա. եւ Գ. մակագրուած հատորները Միութեան Սարգիս Հացպանեան գրադարանին:. .. Event Videos { —