No comments yet

Ռոպէր Հատտէճեան (1926-2025)

 

 

     

Պատուարժան խմբագրական կազմ՝

«Մարմարա» օրաթերթի,

 

 

Խոր վշտով իմացանք Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագրի՝ սիրելի Ռոպէր Հատտէճեանի մահուան գոյժը։

Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութիւնը, Գործադիր Յանձնախումբը եւ բոլոր յարակից Յանձնախումբերը  կը սգան այս խորը կորուստը։ Հանգուցեալ Ռոպէր Հատտէճեանը «Մարմարա» օրաթերթի հրատարակութեան սիրտն ու հոգին էր։ Մենք յաւերժ պիտի յիշենք իր դրական յատկանիշները, պատմութիւններ գրելու կիրքն ու ձիրքը, անսասան ազնուութիւնը եւ ուշագրաւ բարութիւնը, եւ պիտի պատուենք հանգուցեալին արտասովոր կեանքն ու ժառանգութիւնը, փոխանցելով Միութեան խորազգաց ցաւակցութիւնները հանգուցեալին ընտանիքին եւ հարազատներուն:

Ցաւակցաբար՝

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 
ՄԱՐՄԱՐԱ-ի խմբագրակազմի եւ Պոլսահայութեան մեծ կորուստը
ՄԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԸ, ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԵՂԷՆ ԲԱԶՈՒՄ ԷՋԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ՝ ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴ
Մեծ սուգ է ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքի համար։
Մեր երկարամեայ խմբագրապետը՝ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ կեանքի դարադարձը նշելէ երեք ամիս առաջ, այս առտու, պատկառելի տարիքին մէջ աւարտեց իր երկրային ուղին ու բռնեց յաւերժութեան ճամբան։
Սուգ է համայնքի ու բոլոր անոնց համար, որոնք ԶԻՆՔը ճանչցան ո՛չ միայն որպէս անփոխարինելի խմբագիր, այլ որպէս ՄԱՐԴ՝ մեծատառով։
Անսակարկելի ճշմարտութիւն է որ ՄԱՐՄԱՐԱ-ն իր ոսկեդարը ապրեցաւ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի շնորհիւ։ 1967 թուականէն սկսեալ՝ իր խմբագրապետութեան ներքեւ, մեր թերթը միայն չհրատարակուեցաւ, այլ շնչեց, սիրեց, կերտեց, ապրեցաւ, պայքարեցաւ։
Լեզուի պահապան էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ, նաեւ հոգիի ջահակիր՝ անոնց համար, որոնց սրտին մէջ կենդանի է հայ ոգին եւ որոնց համար մայրենին արժէք մը չէ միայն, այլ կեանքի բաբախուն մասնիկ։
Տիպար լրագրողի մարմնացում էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Ո՛չ մէկը վիրաւորեց, անտարբեր չգտնուեցաւ դիմացինի արժանապատուութեան նկատմամբ, իր քննադատութիւններու մէջ մնաց զուսպ ու հաւասարակշռուած. սիրեց, յարգեց, սորվեցուց։
Պոլսահայութեան վերջին 60ամեակի հզօր պատմիչներէն մէկն էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ, անփոխարինելի վկայագիրը այն տարիներու, երբ մեր հասարակութիւնը դեռ հայախօս էր, երբ հայ մամուլը հպարտութեամբ կը կարդացուէր տուներէն ներս։
ՄԱՐՄԱՐԱ-ն ունեցաւ բազմահազար ընթերցողներ, որոնց համար թերթը մասունք էր, իսկ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի յօդուածները՝ բարոյական սուրբ նշխար։
Յարգանքի ու սիրոյ արժանի մարդ էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Ապրեցաւ ստեղծագործական կեանքի գագաթային պահերը, մեծարուելով Սփիւռքի գաղթօճախներու ու Հայաստանի պետական ու հասարակական շրջանակներէն ներս։
Բախտաւոր ծնող էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Միշտ մնաց ընտանիքի հոգածութեան կիզակէտին վրայ։ Զոյգ որդիները մինչեւ վերջին վայրկեանները «պահակ» մնացին իր սնարին քով։ Այս առտու ժամը 8։30ի շուրջ, արժանապատիւ հեռացաւ սիրով շրջապատուած ու խաղաղ սիրտով։ Հոգին աւանդեց իր որդիներուն ձեռքերուն մէջ ու անցաւ յաւերժութեան անդորրը՝ անջնջելի հետք թողլով մեր բոլորի յիշողութեան մէջ։
Այսօր որբացաւ ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքը։ Որբացան նաեւ անոնք, որոնք սիրեցին հայ մամուլը, վայելեցին Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի բեղուն գրիչէն յամեցող գրական շունչը, ոգեշնչուեցան ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԱԿԱՆ գաղափարներով։
Մեր խոնարհումը ձեզի՝ սիրելի ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ։
Մեր երախտագիտութիւնը ձեր ապրած կեանքին։
Մեր խոստումը՝ անսասան հաւատքով փարած մնալու ձեր դաւանած արժէքներուն։
Թող լոյսերով ողողուի ձեր երկնային ճամբան։
ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱԶՄ

..

ՀԱՅՐՍ…
Գրեց՝ ԱՐԻ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Գիտեմ որ շատ բան գրուեցաւ, կը գրուի եւ դեռ պիտի գրուի, – եւ անշուշտ պէտք է որ գրուի -, հօրս՝ Ռ. Հատտէճեանի մասին։ Որքա՜ն որ ալ խօսուի կամ գրուի իր լրագրութեան, խմբագրութեան, հայ լեզուի ու մշակոյթի հանդէպ իր անսասան սիրոյ ու ծառայութեան, բազմահազար ընթերցողներու եւ իր միջեւ ստեղծած այդ ամենօրեայ միասնութեան, 57 տարուան իր մրցանշային խմբագրապետութեան, ութսունի մօտ իր գիրքերու հրատարակութեան, Հայաստանի, Մայր Աթոռի ու Պոլսոյ Պատրիարքութեան բարձրագոյն մետայլներն ալ ներառեալ իր ստացած անհամար շքանշաններուն ու մրցանակներուն համար՝ ան միշտ արժանի պիտի ըլլայ աւելիին։
Իմ խօսքը ասոնց մասին պիտի չըլլայ։ Ես պիտի ըսեմ այն ինչ որ ինձմէ կամ եղբօրս՝ Այգէն զատ ոչ մէկը կրնայ ըսել։
Իմ հայրն էր ան։ Ան, մինչեւ իմ այս 70 անց տարիները, ինծի, իրեն նման մարդու մը զաւակը ըլլալու հպարտութիւնը ու հաճոյքը ապրեցուց։ Մանկութեանս այն տարիներէն սկսեալ զորս կրնամ յիշել, մինչեւ 6 Սեպտեմբեր 2025 առաւօտ ժամը 8.30, չէ պատահած որ ձայնը բարձրացնէ, զիս յանդիմանէ, սիրտս կոտրէ։ Իր այդ անոյշ ու մեղմ ձայնով, փիլիսոփայական ու խելացի իր ցուցմունք ու խրատներով միշտ մեր կողքին եղաւ։
Շատ սիրեց մեզ, վստահաբար մեր արժանացածէն շատ աւելին տուաւ մեզի թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս։ Ամբողջ կեանք մը, որու ընթացքին եղաւ կատարեալ ու օրինակելի հայր մը։
Ինծի համար վերջացաւ որդի ըլլալու հանգրուանը, այլեւս միայն հայր եւ մեծ հայր եմ։
Միակ փափաք մը ունիմ միայն՝ կարենալ իմ հօր նման հայր մը ըլլալ զաւակներուս։
«Ա՜հ պէ հայրիկ…»
Դուն իմ սիրտը առաջին եւ վերջին անգամ կոտրեցիր, երբ այդ անիծեալ պահը հասաւ եւ դուն քու այդ պաշտելի ձեռքդ իմ ձեռքին մէջ փչեցիր քու վերջին շունչը։ Երանի՜ քիչ մը խիստ ըլլայիր, յանդիմանէիր, հալածէիր զիս, ինքզինքդ այդքան չսիրցնէիր… Թերեւս այսքան չէի արտասուեր քու ետեւէն։
 

..

 


 

..

… 
…..
..
Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ
ԽՕՍՈՒԱԾ
ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ-ԳՐՈՂ-ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ
ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ
ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
(Առակաց Ա.2)
Աւելի տեղին ու յարմար բնաբան մը չգտայ հանգուցեալ Ռոպէր Հատտէճեանի դամբանականին համար: Մեսրոպեան լեզուի պաշտամունքը կարծես անձնական կրօնքի վերածած այս հայորդին կ’արժէ յուղարկել անդենական հայերէն գրուած առաջին նախադասութեամբ: Բոլոր հայեր, որոնք ազգային ուսումն ունին՝ անգիր գիտեն այս խօսքը եւ գիտեն որ Մայրենի լեզուի պատմութեան մէջ համազօր է սոյն արտայայտութիւնը ստեղծագործութեան ընթացքին Աստուածային առաջին բառերուն. «Եղիցի՛ լոյս եւ եղեւ լոյս»: Թարգմանիչ վարդապետները, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի գլխաւորութեամբ, որոշեցին Սողոմոն Իմաստունի Առակաց Գիրքի այս համարը ընտրել եւ արձանագրել որպէս գաղտնագիրը Հայ մշակոյթն ու գրականութեան:
Իրենք կ’ըսէին բոլոր դարերու մարդոց թէ խօսքը, գիրը եւ գրականութիւնը պէտք է ուղղուի հասկնալու կեանքը եւ տիեզերքը ճանչնալով հազարամեայ իմաստութիւնը մարդկային եւ հաւաքուած խրատները՝ քաղուած մարդկային բազմատեսակ փորձառութիւններէն: Մարդս սնոտի խօսքերու ովկիանոսին մէջ կը լողայ, իսկ իմաստուն անձը պէտք է փնտռէ, գտնէ եւ ուսումնասիրէ հանճարներու խօսքերը եւ ընդմիշտ աշակերտի անոնց: Թարգմանիչ վարդապետները այս առաջին նախադասութեան միջոցով ունին նաեւ ուրիշ խորագէտ պատգամ մը. Պէտք է վերածել ամէն գիտութիւն ազգայինին, որուն մէջէն հասնիլ եւ հասկնալ մարդկայինը: Կարկինի մը նման, հայուն մէկ ոտքը միշտ հաստատօրէն կանգ առնելու է ազգային արժէքներուն վրայ, իսկ միւսով պէտք է շրջի ամբողջ աշխարհը եւ հաւաքէ ինչ որ մարդկային է, ինչ որ թանկագին է: Պէտք է հայացնել մարդկայինը եւ ինչ որ հայեցի է՝ մարդկայնացնել զայն: Որովհետեւ անձը միայն կրնայ տեսնել աշխարհը ի՛ր իսկ աչքերով, հայն ալ հայու աչքերով:
Այս բոլորը մարմնացան Ռոպէր Հատտէճեանի անձին ու կեանքին մէջ՝ լիուլի: Իր մասին սապէս գրած էր անգամ մը, երբ տակաւին եօթանասուն տարեկան էր. «Ես զիս երջանիկ կը նկատէի որ ես ալ կրցած էի ըլլալ մշակոյթի զինուոր մը, որ յիսուն տարիէ ի վեր արձանագրուած էր Սահակ-Մեսրոպի բանակին: Եւ ի՜նչ զինուոր: Զինուոր մը որ բանակէն արձակուելու տարիք չունի: Զինուոր մը, որ քանի կը ծերանայ, այնքան աւելի լաւ կը գործածէ իր զէնքը, այնքան աւելի լաւ կը սիրէ իր հողատարածքը, այնքան աւելի ամուր տեղ կը գրաւէ ռազմաճակատի առաջին կարգին վրայ, որ այնքան աւելի լաւ կը պաշտպանէ իր բերդը»: («Ասիկա Այբ է» յօդուածաշարքէն, էջ 😎
Մեր մշակոյթի այս աներեր զինուորը, որ ասպետի մը վերածուեցաւ հերոսական իր պայքարով, մինչեւ վերջին պահուն շարժելով իր սուրը, որ իր գրիչը եղած է, արժանի է արդարօրէն Աւետարանի հետեւեալ խոստումին. «Պատերազմեցայ բարի պատերազմը, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատքը: Եւ հիմա ինծի կը սպասէ արդարութեան պսակը՝ զոր ինծի պիտի տայ Տէրը՝ արդար Դատաւորը, իբրեւ հատուցում» (Բ. Տիմ. Դ.6-8):
Հարիւր տարուայ կաղնիի մը նման երկար իր կեանքը կարելի է ամփոփել մէկ իսկ բառով. «Հոյակա՜պ»: Ամէն ինչ միացուլուած է այդ կեանքին մէջ՝ մարդ արարածին հետ առընչուած: Մեր բառարանի բոլոր ազնիւ բառերը անձի մը համար ըսուելիք՝ մէկտեղուած էր անոր կեանքին, գործին եւ նկարագրին մէջ: Ինչ որ առած էր կեանքէն, աւելիով ետ դարձուց տասնապատիկ, ճոխացած ու բազմապատկուած՝ պարարտ հունձքով մը ոսկեզօծ:
Երբ կը դիտեմ իր կեանքը եւ գործը ես կը տեսնեմ ընտրեալ հոգի մը՝ յատուկ առաքելութեամբ ուղարկուած աշխարհ, գեղեցիկը, ճշմարտութիւնը եւ բարին ապրեցնելու համար: Կամուրջ անձ մըն էր նա, որ իր էութեան վրայ միացուց անցեալը եւ ներկան, հայկականը եւ մարդկայինը, հոգին եւ մարմինը, գրաբարը եւ աշխարհաբարը, փիլիսոփայութիւնը եւ գեղարուեստը, բանաստեղծը եւ քարոզիչը, ազգասիրութիւնը եւ պայքարը:
Երանելի հանգուցեալը եղած է թրքահայութեան բազմակողմանի եւ բազմահմուտ մտաւորական ու գրող, գիրքերու հեղինակ, թերթի խմբագիր, լեզուի մասնագէտ, հանրային ելոյթներու առաջին կարգի բանախօս եւ հռետոր, ազգային գործիչ, ամուսին եւ հայր, բարեկամ եւ ընկեր: Երկու զաւակներու կողքին Մարմարա օրաթերթը հասցուցած է եւ հասունցուցած որպէս իր երրրորդ զաւակը՝ վերածելով զայն ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱյի: Թերթ մը, որ նոյնացած է իր գրիչին հետ: Քանի անգամներ Մարմարան ձեռք առած եմ եւ լուրերէն առաջ իր Յուշատետրը կարդացած եմ: Ինքը չէր գիտեր, բայց իմ հայերէնի ուսուցիչս եղած է, ինչպէս բազմաթիւ ընթերցողներու: Որպէս եկեղեցական ասպարէզի թեկնածու աշակերտ մը կը ջանայի հայերէնս զարգացնել, Մեսրոպ Պատրիարքը որպէս հայերէնի ուսուցիչս, օր մը առջեւս դրաւ Յուշատետրի առաջին երեք հատորները եւ ըսաւ. «Կ’ուզեմ որ այս հայերէնը սորվիս, արեւմտահայերէնի ներկայ լաւագոյն արձակը եւ զուլալ ոճը ա՛յս է»: Ես լափեցի այդ գիրքերը, էջերով ընդօրինակեցի եւ թերեւս Յուշատետրի լաւագոյն աշակերտը դարձայ: Երախտապարտ եմ իրեն եւ միշտ աղօթողը պիտի ըլլամ իր բարի յիշատակին:
Չէք կրնար դամբանականի մը սեղմ խօսքերով նկարագրել իր անձը եւ գործը, զորս նիւթ պիտի վերցնեն գրականութեան պատմագէտներ, որոնք պիտի գտնեն իրենց առջեւ ուսումնասիրուելիք լայնածաւալ գանձ մը հարիւրաւոր գիրքերէ եւ հազարաւոր էջերէ բաղկացեալ: Պահն է պանծացնելու իր անթառամ յիշատակը:
Ծնած էր տոհմային բոլոր արժէքները իրեն ժառանգ թողելիք ընտանիքի մը մէջ, Մխիթարեան վարժարանի առասպելական ուսուցիչներուն ձեռքէն սնած էր եւ զաւակն էր ամէն գինով հայ մնալ ուխտած Պոլսահայութեան մը: Այս բոլորին յաւելեալ՝ աստուածատուր ուշիմ միտք ու փառաւոր յիշողութիւն մը դարձուց զինք իր ժամանակներու ազգային տիտաններէն մին: Իր համբաւը հասաւ ամէն տեղ, ուր մայրենին յարգանք կը վայելէ. Հայաստանէն մինչեւ Գանատա, Արկենթինայէն մինչեւ Աւստրալիա: Արժանացաւ բոլորին կողմէ ծափահարութեան եւ շքանշաններով պարգեւատրուեցաւ արդարօրէն իր հպարտ կուրծքը:
Անխոնջ ծառան եղաւ մեր գրականութեան դաշտերուն, Մեծասքանչին սիրահար, անոր ամէն մէկ բառին, ամէն մէկ տառին նուիրեալ բանուոր, Արմենական մեր ցեղին դրօշակիր ու ասպետ՝ Մեսրոպեան պաշտամունքին ոսկեբերան քարոզիչ եւ ջատագով՝ ի բնութենէ: Հայապահպանման նուիրուած իր գրական կալուածէն մեր քաղած գաղափարները կարելի է ամփոփել Եկեղեցի, Դպրոց եւ Մամուլ եռանկիւնի մէջ, որոնք կը կրեն մեր ազգային գոյապահպանումի հզօրագոյն սիւները՝ հաւատքի, կրթութեան եւ լեզուի: Երբ կը տեսնէր նուազումը այս բոլորին, իր գրութիւնները կը համեմուէին արդար դժգոհութեամբ եւ անկեղծ գանգատով մը: Խորունկ ցաւ կ’ապրէր ի տես այս երեք կալուածներուն մէջ արձանագրուած նահանջին, սակայն առանց յուսահատութեան:
Որպէս մարդ՝ շատ սիրեցինք Պարոն Ռոպէրը. Իր խաղաղասէր ու հաշտեցուցիչ նկարագիրը, իր բարեկամութեան ազդած համակրանքը անմոռանալի պիտի մնան զինք ճանչցողներուս մէջ: Մենք, իր ժողովուրդը, իր ազգակիցներն ու ընթերցողները, որոնց սիրտի դղեակին մէջ անվերջ պիտի շրջի իր պայծառ յիշատակը: Թոյլ պիտի չտանք, որ իր ցանած սերմերը մեր մէջ կորին, անհետանան: Իր յօդուածները պիտի կարդանք, իր արձակով պիտի հիանանք մեր Մայրենիի գեղեցկութեան վրայ, իր անեկդոտները ժպիտ պիտի պատճառեն մեր շրթներուն վրայ կրկին, իր ուսումնասիրութիւններով պիտի լուսաւորուինք եւ իրմէ ներշնչուած հազարաւորներ պիտի աղօթենք իր անմահ հոգիին համար երբ յիշատակը կայծակի յանկարծ մեր մտքին մէջ: Այժմ կը վերցնենք իր յիշատակը Պոլսահայ մեծութիւններու պանթէոնին եւ իր հոգին կ’ուղարկենք ազգային մեծ փառքով Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն: Հարկաւ թէ անդենականի մէջ աւելի հոծ բազմութիւն մը պիտի դիմաւորէ զինք՝ ծափ տալով ցնծագին:
Իր բարձր կրթութիւնը փիլիսոփայութիւն եղող հանգուցեալ Ռոպէր Հատտէճեան ի հարկէ հարցաքննած է մահուան գաղափարը: Այնպէս որ այսօր այս դագաղին մէջ գտնուիլ իրեն համար տարօրինակ ու անակնկալ բան մը չէ եղած: Գիտէր, շատ լաւ գիտէր թէ մահը այս կեանքի անուրանալի գագաթնակէտն էր Արարատի ձիւնապատ գագաթին պէս: Անտեսել զայն անկարելի էր: Իր գրականութիւնը լեցուն է մահուան մասին խորհրդածութիւններով: Կրօնաշունչ սքանչելի գրութիւններ ունի: Ամբողջ գիրք մը ունի, որ նուիրած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, որուն բարեխօսութեան կը յանձնենք իր թանկագին հոգին, որպէսզի հասնի իր արժանի գեղեցկութիւններուն: Աստուած հոգին լուսաւորէ: Ինչպէս Տէրը օժտած է զինք երկրային երկար ու պտղալից կեանքով մը, նոյնպէս շնորհէ յաւիտենական կեանքը իր ամբողջ շքեղութեամբ:
Այս ազգային յուղարկաուրութեան առթիւ մեր կրօնական եւ աշխարհական բոլոր հաստատութիւններու եւ անոնց ներկայացուցիչներու ցաւակցութիւնները հաւաքաբար կը փոխանցեմ իր սգակիր որդիներուն՝ Արիին եւ Այգին, թոռններուն ու պարագաներուն: Շնորհակալ ենք ձեզի ազգովին, որովհետեւ իր հանգուցեալ կողակիցի՝ Տիկին Սիւզանի հոգածութեամբ ընտանեօք մեզի համար կայտառ եւ կենսառողջ ազգային մշակ մը պահեցիք ձեր երդիքին տակ: Անոր արդիւնաբեր կեանքի գաղտնիքը ձեր ընտանական կեանքն էր, ձեր տաքուկ բոյնը՝ սէր, համերաշխութիւնն ու հոգածութիւն պարունակող: Իրենց անփոխարինելի խմբագրապետի կորուստով ցնցուած Մարմարա Օրաթերթի աշխատակիցներուն եւս կը փոխանցենք մեր ցաւակցութիւնները:
Հայ Կաթոլիկ համայնքը եւս կը բերէ իր ցաւակցութիւնը յանձին Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, Մխիթարեան հայրերու հետ միասին: Հանգուցեալը Մխիթարեան Վարժարանի պարծանք շրջանաւարտներէն եղած է եւ հաւատարիմ նուիրեալը՝ Մխիթարեան աւանդին: Ուստի մեր յատուկ ցաւակցութիւնները կը յղենք նաեւ Մխիթարեան մեծ ընտանիքին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ իրենց բերած երկու հարիւն տարուան անփոխառինելի ներդրումին համար Ռոպէր Հատտէճեանի պէս ազգային հսկայի մը կազմութենէն ներս: Իր կամուրջ անձնաւորութեան մէջ միացուցած էր ինչ որ հայկական էր ու Քրիստոնէական՝ մէկ ազգ մէկ իտէալ բնաբանով՝ առանց խտրութեան:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Աստուած հոգին լուսաւորէ:

All reactions:

Ani Torosoglu Kalayci, Սեւան Տէյիրմենճեան and 67 others







c

 


 

..

Post a comment