No comments yet

MEETING AND HOSPITALITY With HARUTYUN Vartabed DAMADYAN

December 2, 2022

 

 ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՒ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆ ՀՈԳՇ. Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

 MEETING AND HOSPITALITY With Clergyman of Armenian Patriarchate of Constantinople HARUTYUN Vartabed DAMADYAN

 …

December 4, 2022

May be an illustration

Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi

 

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, 2 Դեկտեմբեր 2022, Ուրբաթ երեկոյեան, Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութեան կեդրոնի մէջ հիւրընկալուեցաւ եւ տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռոյս առաքելութեան մասին։

Հանդիսութիւնը պատուեց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան։ Ողջոյնի խօսքը արտասանեց Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի Ատենապետ Յովհաննէս Քուլաք եւ բարի գալուստ մաղթեց։ Ապա, միութեան նախկին ատենապետներէն Սիմոն Աճըիլաչ կարդաց Հայր Սուրբին կենսագրութիւնը։

Յարութիւն Վարդապետ, փոխանցեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ողջոյնի խօսքը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Յովնան Սրբազան Հօր, որուն օրհնութեամբ իրականացած էր սոյն հանդիպումը եւ ինք անձամբ ներկայ կը գտնուէր։

Հայր Սուրբը, ապա ներկայացուց Աթոռոյս գործունէութիւնը, սկսեալ Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր գահակալութեան շրջանին։ Յիշեց նաեւ թէ համավարակի շրջանին ծնունդ առած էր Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը, որ երեք տարուան գործունէութեան ընթացքին հասած էր մօտ 1600 հոգիներու օգնութեան։ Նշեց նաեւ, թէ տեղեկատուական բաժանմունքի ծառայութեամբ, Աթոռոյ արարողութիւնները եւ քարոզներ հազարաւոր անձերու հասած էին։

Հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ Աթոռոյ կրթական եւ մշակութային առաքելութեան։ Հաստատուած լսարանը կարճ ժամանակի մէջ իր արդիւնքը տուած էր եւ արդէն իսկ ձեռնադրուած էին հինգ հոգեւորականներ։ Այս մէկը նաեւ առիթ եղած էր որ քաղաքիս մէջ եկեղեցւոյ սպասաւորներ եւ երաժիշտներ առաւել եւս զարգացնեն իրենց գիտելիքները։ Այս շրջանին Պատրիարքական Աթոռը, կրթական մշակներու հետ եւս հաւաքոյթներ հաստատելով, Հայ լեզուի եւ կրօնագիտութեան դասաւանդութեան մասին իր գաղափարները փոխանցած եւ շեշտած է վերապատրաստութեան կարեւորութիւնը։ Հայերէն մշակոյթի նկատմամբ ամենէն կարեւոր նշաններէն մին եղած է, Պոլսահայ հայատառ մամուլին զօրակցելու կոչերը։

Ներկայացման ընթացքին յատուկ ձեւով շեշտուած է նաեւ գաւառի ժողովուրդին հետ հաստատուած մթնոլորտը, Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ հաստատուած գաւառի տեսչութիւնն ու հովուապետական այցելութիւնները:

Հայր Սուրբը արտայայտուեցաւ նաեւ երիտասարդական առաքելութեան եւ կատարուած զանազան գործունէութեանց մասին։

Հանդիպման աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Յովնան Արքեպիսկոպոս եւ անդրադարձաւ նաեւ, թէ եկեղեցականաց համար մեծ մխիթարութիւն եւ արդար ուրախութիւն էր նման կրտսէր եկեղեցականաց գործունէութեան ականատես դառնալ ու տեսնել, թէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը շարունակուի։ Իր խօսքերու աւարտին, յայտնեց, թէ նման տեսարանը յոյս կը ներշնչէր, բան մը որ կը պարզէր թէ տակաւին ծաղկուն էր Պոլսահայութիւնը։

Միութեան գործադիր մարմնի ատենապետ Տքթ. Մարք Քէօշկէր, յանուն միութեան յուշանուէր մը յանձնեց Հայր Սուրբին։

May be an image of 7 people, people standing and text that says 'OF ISTANBUL ARMENIANS'

..

May be an image of 6 people, beard and people standing

May be an image of 12 people, people sitting and people standing

 

,,,

 

——–

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԷ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔWELCOMING SPEECH BY ARCHBISHOP HOVNAN DERDERIAN

Before the Lord’s Prayer, Archbishop Hovnan Derderian, Primate of the Western Diocese, delivered a welcoming speech and introduced Rev. Fr. Harutyun Damadyan, the guest celebrant and homilist. According to His Eminence, it was a joy to see young and promising clergy working in the church, who feel the call to continue the mission of the Armenian Church in their souls. His Eminence stated that he follows the Hayrsoorp’s activities in the church. On this occasion, he expressed good wishes and blessings to Hayrsoorp.

His Eminence also referred to the church life of Bolis and the mission of the Armenian Patriarchate. The visit of the Hayrsoorp is an occasion to express the greetings of His Beatitude Sahak II, Patriarch of Bolis.

—–

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանը, ողջոյնի խօսք մը արտասանեց եւ ներկայացուց պատարագիչ Հայր Սուրբը։ Ըստ Նորին Սրբազնութեան ուրախութիւն էր տեսնել, թէ՝ եկեղեցական անդաստանէ ներս կը գործէին երիտասարդ ու խոստմնալից հոգեւորականներ, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը շարունակելու կոչումը կը զգան իրենց հոգիներուն մէջ։

Սրբազան Հայրը, այս առթիւ անդրադարձաւ նաեւ Պոլսոյ եկեղեցական կեանքին եւ Պատրիարքական Աթոռոյ առաքելութեան։ Հայր Սուրբի ներկայութիւնը, առիթ է նաեւ որ փոխանցուի Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հօր ողջոյնները։

 

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ (Քարոզ)

WESTERN DIOCESE AND ITS MISSION (Sermon)

We celebrated the 95th anniversary of the establishment of the Western Diocese, the anniversary of the Khachaturian Choir and the birthday of Archbishop Hovnan Derderian. On these beautiful occasions, greetings from Bolis, appreciatons and blessings from His Beatitude Sahak II.

In the past, the Western Diocese has had notable leaders who have became legends in the Armenian Church. The current Primate, Archbishop Hovnan, is one of those people. Thanks to His Eminence the Diocese is on a high barrier and with a huge mission.

“Apostolic” means having a mission as the member of the apostolic church. The Mission-based Western Diocese had managed to unite the believers under the roof of the church for 95 years, and several missions and works were succeed in this direction. We all should focus on our mission as members of the Armenian Church and serve to strengthen our church.

—-

Թեմի հիմնադրութեան 95 ամեակը, Խաչատուրեան Դպրաց Դասու տօնակատարութիւնը եւ թէ՛ Սրբազան Հօր տարեդարձը յիշատակեցինք։ Այս գեղեցիկ առիթներով, Պոլիս քաղաքէն ողջոյն եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօրմէ սէր եւ օրհնութիւն…

Արեւմտեան Թեմը անցեալին ունեցած է նշանաւոր առաջնորդներ, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ մէջ յիշարժան դէմքերու վերածուած են։ Այնպիսիներէն է նաեւ այժմու առաջնորդ՝ Յովնան Արքեպիսկոպոսը, որուն շնորհիւ ներկայիս եւս Թեմը բարձր պատնեշի վրայ է իր հսկայ առաքելութեամբ։

“Առաքելական” կը նշանակէ առաքելութիւն ունեցող։ Առաքելութեան վրայ հիմնաւորուած Արեւմտեան Թեմը 95 տարիներու շարունակութեամբ յաջողած էր եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ համախմբել հաւատացեալները եւ այս ուղղութեամբ քանի քանի առաքելութիւններ եւ աշխատութիւններ իրականացած էին։ Պէտք է կեդրոնանանք մեր առաքելութեան վ

————————————-

LET’S SERVE…

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՄԲԱՆԿԱՐ

The 44th anniversary of the Khachaturian Choir celebrated presided over by His Eminence Archbishop Hovnan. Especially this photo shows that how inspiring was the celebration. I will give glory to God for this moment. I was so cheerful, because I witnessed the great performance of the young and senior servers of the cathedral. May god give you all strength in your ministry. This moment mostly reminds me one of the Srpazan Hayr’s saying about service:
“Upon his calling, a servant of Christ surrenders his life to the Church, the “Body of Christ”. This calling to service is the epitome of one’s unwavering Christian Faith. We have to respond to God’s call and to serve Armenian Apostolic Church and the Armenian people with honor and love”.
Այս շաբաթավերջին Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբը Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքես. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ տօնեց իր 44րդ տարեդարձը։ Յատկապէս այս լուսանկարը ցույց կուտայ, թէ որքան ոգեշնչող եղած է տօնակատարութիւնը։ Փառք կուտամ Աստուծոյ այս պահուն համար: Բաւականին ուրախ եմ, որովհետեւ ականատեսը եղայ տաճարի երիտասարդ և աւագ սպասաւորներու հիանալի աշխատանքին: Աստուած բոլորդ զօրացնէ ձեր ծառայութեան մեջ: Այս պահը ինծի մասնաւորապէս կը յիշեցնէ ծառայութեան մասին Յովնան Սրբազանի խօսքերը.

«Քրիստոսի ծառան իր կոչումով իր կեանքը կը յանձնէ եկեղեցիին՝ «Քրիստոսի մարմնին»: Ծառայութեան այս կոչումը մարդու մը քրիստոնէական անսասան հաւատքին մարմնացումն է: Մենք պարտաւոր ենք պատասխանել Աստուծոյ կոչին և պատիւով ու սիրով ծառայել Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդին»։

 

 

J A M A N A K

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկ պատարագեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, իսկ այս շաբաթավերջին այցելեց Արեւմտեան թեմը։ Ան Նիւ Եորքէն Լոս Անճելըս մեկնած էր՝ օրհնութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։

Արեւմտեան թեմէն ներս կեցութեան ընթացքին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հիւրընկալուեցաւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութենէն ներս։ Երեկոյթին նախագահեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեց Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբանին այցելութիւնը։ Սրտի խօսք մըն ալ արտայայտեց հայր սուրբը, որուն յուշանուէր մը յանձնուեցաւ ձեռամբ՝ հիւրընկալ միութեան գործադիր վարչութեան ատենապետ տքթ. Մարք Քէօշքէրի։

Հարկ է նշել, որ Պըրպենքի Առաջնորդարանի յարակից Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարի Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձին առթիւ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Արարողութեան նախագահեց թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2022

 May be an image of one or more people and people standing

ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի հիմնադրութեան 44րդ տարեդարձը Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ նշուեցաւ 4 Դեկտեմբեր 2022, Կիրակի առաւօտ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպս. Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Ատենապետ Սարօ Մարուքեանի գլխաւորութեամբ Խաչատուրեան Դպրաց Դասու վարիչներ։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Դպրապետ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ողջոյնի խօսք մը արտասանեց եւ ներկայացուց պատարագիչ Հայր Սուրբը։

Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքին։ Հայր Սուրբը քարոզեց «Երանելի սուրբ առաքեալք, սպասաւորք եւ բարեկամք եւ վկայք Աստուածորդւոյն» բնաբանով։ Յիշեցուց որ առաքելական հաւատք ունենալ կը նշանակէ, նախ եւ առաջ իրենց փոխանցուած հաւատքին հետեւիլ։ Սակայն նաեւ առաքելական կը նշանակէ առաքելութեան նուիրուիլ եւ սպասաւորներ ու վկաներ ըլլալ Քրիստոսի։

Ս. Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն, որով յիշատակուեցան Գարեգին Ա., Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Պատրիարքները, ինչպէս նաեւ վախճանեալ հիմնադիրներն ու անդամները։

Ս. Պատարագէ յետոյ, Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով Հայր Սուրբը, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ Խաչատուրեան Դպրաց Դասու անդամներու հետ։

Հայր Սուրբը եւս սրտի խօսք մը արտասանեց ու  շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր հրաւէրին համար։ Իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ, որ Խաչատուրեան Երգչախումբը թէեւ Պոլիսէ հեռու հիմնուած է, սակայն իր յաջողութիւնները ուրախութիւն պատճառած է Պոլսոյ Պատրիարքութենէ ներս։ Այս առումով յիշեցուց, որ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Խաչատուրեան Երգչախումբին կը մաղթէ ամենայն բարիք։

 

—————-

————————-

May be an image of 11 people and people standing

 May be an image of 2 people

..

 

..

 

 

..

 

..

Post a comment