No comments yet

“Manti Night” & “Fathers Day” (June 16,2023)

 …

.

ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՆԹԸ»Ի ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐԸ

 

          Գրի  առաւ՝ Մարիէթ Մ. Օհանէս

 

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2023ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան, տեղի ունեցաւ աննախընթաց «Մանթը»ի Ընտանեկան գիշեր մը նաեւ  Հայրերու Օրուան տօնակատարութիւնը՝ Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ: Ներկայ էին հիւրեր, Միութեան անդամներ, բարեկամներ եւ համակիրներ:

 Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերները՝ աղցաններ, երշիկ, ապուխտ, միջուկով քէօֆթէ, համեղ «Մանթը»ն եւ «Պաքլաւա» հիւրասիրութեամբ:

Բացման խօսքը կատարեց Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, շուրջ 200 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ նաեւ Հայրերու ծագման մասին տեղեկատուութիւններով  եւ խաղերով, Միութեան  քարտուղարուհի՝  Մարիէթ Օհանէսի  կողմէ: Խօսք առաւ նաեւ Հայ Իրաւաբաններու Կաճառի ատենապետուհի՝ Լուսի Վարպետեան որ իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ անդրադարձաւ նաեւ հանգուցեալ Իրաւաբան Էտվին Մինասեանի մասին:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Տօնակատարուեցաւ ծննդեան տարեդարձ մը, նաեւ հրաւիրուեցան  երիցագոյն հայրը՝ Ստեփան Հալըճը եւ կրտսերագոյն հայրը՝ Զաւէն Սարգիսեան,  որոնք ստացան իրենց նուէրները: Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ,  որոնց հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ Միութեան Կրթաթոշակի ֆոնտին: Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն:

          Նաեւ շնորհակալութեան մեծ բաժին մը, գլխաւոր ճաշը հովանաւորող Միութեան Հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ՝  Տէր եւ Տիկին Էտի եւ Թալին Սարաֆօղլուի եւ իրենց ընտանիքին:

          Ներկաները ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր. ջինջ գիշերը իր աւարտին հասաւ հասաւ ուշ ժամերուն:

 

Event Photo Album (click)

.

 

ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԾԱԳՈՒՄԸ:

Մեզմէ շատեր թերեւս չեն գիտեր թէ ինչպէս եւ ուրկէ եկած է հայրերու օրը:

1900ական թուականներու սկիզբը երբ Ամերիկայի մէջ սկսած էին տօնել մայրերու օրը, ամէն զաւակ պարտականութիւն կը զգար գոնէ այդ օր իր երախտագիտական զգացումները յայտնել իր մօր:

Սակայն ծնողք եւ զաւակ փոխ յարաբերութիւնը չի կայանար միայն մօր եւ զաւկի միջեւ: Զաւակ մը պիտի ուզէր իր երախտագիտական զգացումները յայտնել նաեւ իր հօր:

Ուրեմն 1910 թուին, Ուաշինկթընի մէջ Mrs. Sonora Smart Dodd որ մայր չունէր եւ իր հայրը American Civil Warի veteran էր քարոզ մտիկ կ՛ընէր եկեղեցւոյ մէջ եւ այդ օրն ալ մայրերու օր էր, յանկարծ գաղափար մը կ՛ունենայ որ հայրեր ալ պէտք էր մեծարուէին եկեղեցիներու մէջ որպէս ազգի առաջնորդներ, որպէս քրիստոնէութիւնը քարոզողներ իսկ տուներու մէջ որպէս տան պահպանիչներ: Ուրեմն 1916 թուին նախագահ Woodrow Wilson ընդառաջեց այս առաջարկին եւ Յունիս ամսուան երրորդ Կիրակին նշանակուեցաւ Հայրերու օր:

Իսկ 1972ին նախագահ Րիչըրտ Նիքսըն պաշտօնական տօն հռչակեց այս օրը: Որով զաւակներ իրենց որդիական զգացումները կ՛արտայայտէին իրենց հայրերուն նուիրելով անոնց ճերմակ եւ կարմիր վարդեր:

Շնորհաւոր ըլլայ եւ հազար յարգանք ու պատիւ բոլոր հայրերուն, մանաւանդ մեր հայ հայրերուն:

.

.

Post a comment