No comments yet

Ոչ Եւս է Թուրքիոյ Առապելային Հայ Բժիշկ Փրէֆէսոր Յակոբ Կոթողեանը. (Քաղեց Տօքթ.Սարգիս Ատամ)

Ոչ Եւս է Թուրքիոյ Առապելային Հայ Բժիշկ Փրէֆէսոր Յակոբ Կոթողեանը.

Յակոբը ծնած է 1939-ին Պոլսոյ հայաշատ Սամաթիա թաղամասին մէջ՝ Ճերահփաշա հիւանդանոցը,նախակրթարանի ուսումը ստացած է Սամաթիոյ Հայոց Սահակեան վարժարանի մէջ:Աղքատիկ ընտանիքի տղան ստիպուած եղած է մանուկ հասակէն աշխատիլ արծաթագործներու խանութներէն մէկուն մէջ: Ծանր աշխատանքի ընթացքին է, որ սարսափելի միջադէպի ժամանակ Յակոբը կորսնցուցած է ձեռքը: Երկար օրեր հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժնի մէջ բժշութեան հսկողութեան տակ ապրող «Անթեւ Յակոբի» բժիշկները ,Յակոբի ընտանիքին յոյս չեն ներշնչած եւ ըսած են՝ կըմեռնի: Սակայն, Յակոբ Կոթողեան կարծես վերածնուած է՝ կրկին Սամաթիայի Ճերահփաշա հիւանդանոցին մէջ:Հաշմանդամութեան պատճառով հասակակիցներու խղճահարութեամբ լեցուն հայեացքներէն խուսափելու համար մէկ տարի շարունակ դպրոց չէ ուզած երթալ, սակայն աւելի ուշ հասկցած է, որ լաւ մասնագիտութիւն ձեռք բերելու միակ ուղին ուսում ու կրթութիւն ստանալ է ,սորվիլն է, հետեւաբար վերադարձած է կրկին իր դպրոցական կեանքին.Լիսէի ուսում մեծ յաջողութիւնով եւ դպրոցի առաջինի աստիճանով աւարտելէ յետոյ ,
1957-ին Պոլսոյ համալսարանի բժշկագիտական հիմնարկ ընդունուած Յակոբը աւելի ուշ աշխատանքի անցած է նոյն Ճերահփաշա հիւանդանոցին մէջ նախ որպէս բժիշկ, ապա մասնագէտ ,դասախօս եւ վարած է նաեւ Իսթանպուլի Պետական համասլարանի Բժշկագիտական Ֆաքիւլթէի Մաշկի եւ Վեներեկան հիւանդութիւններու բաժնի տեսուչ տնօրէնի պաշտօնը :
Փրօֆէսոր բժիշկ Յակոբ Կոթողեան, անդամ է բժիշկագիտական բազմաթիւ միջասգային միութիւններու ու հիմնարկներու , նահագահած է նաեւ շարք մը միջազգային ու ազգային բժիշկագիտական համագումարներու ու վեհաժողովներու .
Գիտական գիրքերու եւ բազմաթիւ գիտական յօդուածներու հեղինակ, միջազգային համաժողովներու մասնակից, փրոֆէսոր, դասախօս եւ վաստակաւոր բժիշկ Յակոբ Կոթողեանը բազմաթիւ կեանքեր փրկած է միայն մէկ՝ ձախ ձեռքով:
Քաղեց Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Post a comment