No comments yet

Esayan – Getronagan “Pajagi Or 2019”

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԷՍԵԱՆ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ 

ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ՊԱՀԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐԸ 

Գրի առաւ՝ Ալին Տօնիկեան 

Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր, 2019ի գիշեր, Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան մէջ աննախընթաց ելոյթ մը սարքուեցաւ Էսաեան եւ Կեդրոնական սանուց յանձնախումբերուն միացումով: 

Ատենապետ Հերման Չէլիքի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Տիկին Ալին Տօնիկեան հետեւեալ ուղերձով բացումը կատարեց: 

Մեծայարգ Հրաւիրեալներ Սիրելի Էսաեանցիներ եւ Սիրելի Կեդրոնականցիներ 

Այս տարի կը տօնենք բացառիկ բաժակի պահ մը, քանի որ առաջին անգամ, Պոլսոյ կոթողագին երկու վարժարաններու Էսաեան վարժարանին եւ Կեդրոնական վարժարանին սան ու սանուհիներ ըլլալով կազմեցինք էսաեան-Կեդրոնական Յանձնախումբը եւ աւանդական զոյգ միացեալ բաժակի պահերու պիտի արժանանանք: 

Այս միացումը մեզ ոյժ տուաւ, ներոյժ հայթայթեց, աւելի թափով աշխատեցանք եւ արդիւնքը եղաւ այսօրուան ընտրեալ եւ որակաւոր բազմութիւնը Կեդրոնականցիներու, Էսաեանցիներու եւ համակիրներու համախմբումով: 

Ապա հրաւիրեալները, ճաշի երաժշտութեամբ, համով ճաշերը համեմեցին ուրախ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին, պարեցին, նկարահանուեցան, կատակներով ու սրտանց խօսակցութիւններով: Գիշերուան անակնկալներէն մին էր՝ երկու Էսաեանցի տիկիններու եւ երկու Կեդրոնականցի պարոններու գնահատուիլն ու մեծարուիլը: 

Տիկին Նատեա Պարսամեան եւ Տիկին Հիլտա Աճիլաչօղլու գնահատուեցան իրենց երկար տարիներու շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցչութիւնը ստանձնած ու մատշաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ուսուցած ըլլալնուն համար: 

Պր. Յակոբ ծերունեան վերջին մի քանի տարիներ Կեդրոնականի բաժակի պահերը առանձին ստանձնելով սրտանց աշխատութեամբ սարքած ըլլալուն համար: 

Իսկ Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան տարիներ շարունակ ատենապետութեան պաշտօնը վարելուն, միութեան մակարդակը որոշ բարձրութեան մը վրայ պահելուն, Կեդրոնական Սանուց Յանձնախումբը կազմելուն եւ իր խոնարհ անձնաւորութեամբ բոլորին սիրելի ըլլալուն համար, փոքրիկ յուշանուէրներով մեծարուեցան: Վարձքերնին կատար: 

Յետոյ ընթերցուեցաւ Պոլսոյ Էսաեան վարժարանի Տնօրէնուհի Տկ. Սաթենիկ Նշանին ղրկած տեղեկատուութիւնը եւ Պոլսոյ կեդրոնական վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Տկ. Սիլվա Գույումճեանին ղրկած տեղեկատուութիւնը դպրոցներուն երթ ու դարձին մասին: Նաեւ յիշուեցաւ արժէքաւոր Տնօրէնուհի՝ Օր. Հերմինէ Գալուստեանը, որուն հետեւեցաւ յոտընկայս լռութիւն մեզմէ անդարձ բաժնուողներուն համար: 

Կարգը եկած էր «Բաժակի Պահին»: Էսաեանցի երիցագոյն եւ կրտսերագոյն, նաեւ Կեդրոնականցի երիցագոյն եւ կրտսերագոյն աշակերտները՝ Ատենապետ Հերման Չէլիք, Ատենապետուհի՝ Իլտա Շաքարեան եւ օրուան հանդիսավարուհի՝ Ալին Տօնիկեան, գինիի բաժակները իրենց ձեռին՝ բեմին առջեւ իրենց տեղերը գրաւեցին: Ապրի՛ Էսաեանը, Ապրի՛ Կեդրոնականցին, բոլոր ներկաներն ալ միաբերան գոչեցին: 

Պարահարթակը լեցուեցաւ պարողներով զուարթ ու մտերմիկ գիշեր մըն էր կարծէք Կեդրոնականցիներ, Էսաեանցիներ ու համակիրներ մէկ ոգի ու մէկ սիրտ էին: 

Վիճակահանութեան բախտաւորները ստացան իրենց շահած նուէրները: Թիւ 7 բախտաւորն ալ շահեցաւ սեղաններու վրայ գտնուող սառամանները որոնք նուիրուած էին Մայքըլ Պէրքսանլարի կողմէ իր հօր Նշան Պէրքսանլարի եւ իր եղբօր՝ Գուրգէն Պէրքսանլարի յիշատակին համար: 

Շատ հաճելի գիշեր մը իր աւարտին հասաւ, մաղթենք որ յառաջիկային դարձեալ կարենանք կազմակերպել այսպիսի ձեռնարկներ: 

facebook_1575877286365 IMG_5691 IMG_5694


Post a comment