Յայտնի Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի Աճիւնները Հայաստան Պիտի ՏեղափոխուինՄիջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆեսոր Վահագն Տատրեանի աճիւնը ԱՄՆ-էն պիտի տեղափոխուի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան «Ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջը: «Հաշուի առնելով միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆեսոր Վահագն Տատրեանի անկոտրում պայքարն արդարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման համար, իր մեծ գիտական ներդրումը ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան գործում՝ որոշում է կայացուել նրա աճիւնը տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս ուղղութեամբ աշխատանքներն արդէն իսկ իրականացւում են»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: |