No comments yet

ՓՐՕՖ․ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԴԱՓՆԷԿԻՐ․

ՓՐՕՖ․ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ
ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԴԱՓՆԷԿԻՐ․

Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրօֆ․Տարօն Աճէմօղլու արժանացաւ 2024 թուականի տնտեսագիտութեան բնագաւառի Նոպէլեան մրցանակի։
Տարօն Աճէմօղլու ծնած է 3 Սեպտեմբեր 1967 թուականին Իսթնապուլ, որդէն է Արամեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի ողբացեալ բանաստեղծ Իրմա Աճէմօղլու եւ ողբացեալ իրաւաբան Մխիթարեանցի Տօչենդ․Գէորգ Աճէմօղլուի։Տարօն Աճէմօղլու, նախնական ուսումը Գատըգիւղի Արամեան-Ունճուեան վարժարանի մէջ ստանալէ ետք, 1986 թուականին աւարտած է Իսթանպուլ-Կալաթասարայ լիսէնմ որմէ ետք ուսումը շարունակած է Անգլիոյ «Եորք» համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնի մէջ։1992-1993 թուականներուն տնտեսգիտութեան դասաւանդած է Լոնտոնի համալսարանի մէջ։
Փրօֆ․Տարօն Աճէմօղլու,1993-էն սկսեալ համաշխարհալի տնտեսագիոըթիւն կը դասաւանդէ ԱՄՆ-ու Մասաչուսէթսի համալսարանի ճարտարագիտական ուսումնարանին մէջ: Ան 2015-ին գլխաւորած է տնտեսագիտական հետազօտութիւններու հրատարակութիւններով զբաղող «RePEc» (Research Papers in Economics) ակադեմական հարթակին կողմէ հրապարակուած տնտեսագէտներու վարկանշային ցանկը:
Պարգեւ եւ Մրցանակները։
1996-ին պարգեւատրուած է Economic Journal-ին մէջ լաւագոյն հրապարակման համար
2004-ին ստացած է՝
–Շիքակոյի համալսարանի Շուլցի մրցանակ
Շերուին Ռոսենի պարգեւ աշխատանքի տնտեսագիտութեան բնագաւառի ներդրման համար․
2005-ին ստացած է Ճոն Պէյթս Քլարքի մետալ,
2006-ին ընտրուած է Ամերիկայի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ,
Արժանացած է Գիտութեան թուրքական ակադեմիայի «Ընկերային գիտութիււններու ակադեմիական մրցանակ-2006»-ին
2007-ին ստացած է Ճոն վան Նոյմանի պարգեւի․Սրտանց կը շնորհաւորեմ Փրօֆ․Տարօն Աճէմօղլուն ,որ հպարտութեան առիթ ստեղծեց մեր ողջ ժողովուրդի համար։
2024 Տնտեսագիտութեան Նոպէլեան Դափնէկիր Սրտանց կը շնորհաւորեմ Փրօֆ․Տարօն Աճէմօղլուն, որ հպարտութեան առիթ ստեղծեց մեր ողջ ժողովուրդի համար․

Տօքթ․Սարգիս Ատամ

….

Post a comment