No comments yet

..ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ “MYKONOS NIGHT”ի ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԳԻՇԵՐԸ

….
 

 

 

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ
"MYKONOS NIGHT"ի ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԳԻՇԵՐԸ

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս

Հիանալի երեկոներու վայելքը անմոռանալի փորձառութիւն է՝ շնորհիւ
շքեղօրէն յարդարուած վայրի մը եւ խումբ մը կամաւորներու, որոնք ամէն ջանք
կը թափեն լաւագոյն պայմաններով մեծարելու հիւրերը, իսկ մայրամուտը
Միութեան տանիքին վրայ ալ աւելի հրապուրիչ կը դարձնէ գիշերը՝ համեղ
աղանդերներով, մինչ երկինքը կը լեցուի վառ գոյներով:
Շուրջ 300 հիւրեր ներկայ եղան Պոլսահայ Միութեան Գործադիր
Յանձնախումբի կազմակերպած տարեկան Ձկնորսներու Գիշերուան «MYKONOS
NIGHT»ի խրախճանքին՝ որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Sept. 20, 2025ին,
Միութեան «Գուրեան» տանիքին վրայ: Անոնք վայելեցին հաճելի մեղմ գիշերը,
համադամ ճաշերն ու թարմ ձուկերը որոնք բերուած էին Պոլսէն, եւ որ
իսկական հաճոյք էր արդէն:
Բոլոր ներկաները բարի գալուստի խօսքերով ողջունուեցան Միութեան
Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Բարունակ Չէլիքեանի կողմէ որ յայտնեց
թէ Միութիւնը կազմուեցաւ 49 տարիներ առաջ Մոնթէպէլլօ քաղաքին մէջ, 36
հոգիներով, նպատակ ունենալով պահպանել հայկական ժառանգականութիւնն ու
մշակոյթը նաեւ՝ կրթաթոշակներ հայթայթել հայ ծագում ունեցող
աշակերտներու: Շնորհակալութիւն յայտնեց Ընդհանուր Ժողովի ատենապետ՝
Սիմոն Աճըլաչի որուն ջանքերով կազմուեցան ներկայ նորընտիր
վարչութիւններն ու Տիկնանց Յանձնախումբը:
Ապա հրաւիրեց Գործադիր Յանձնախումբի համա-ատենապետուհի՝
կրթական մշակ՝ Տկ. Ռոզալին Մատոեանը իր հակիրճ խօսքը փոխանցելու: Ան
շնորհակալութիւն յայտնեց իր յանձնախումբի անդամներուն այսպիսի յաջող
ձեռնարկի մը համար որ արդիւնքն է շատ մը զոհողութիւններու եւ
ստեղծագործութեանց, քաջ գիտնալով որ իւրաքանչիւր յաջող երեկոյի ետին
կայ մեծ աջակցութիւն մը: Տկ. Մատոեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին
հովանաւորներուն մի առ մի թուելով անոնց անունները: Ան խրախուսեց բոլորը
միասնաբար դիմաւորելու Նոր Տարին որ պիտի ըլլայ Պոլսահայ Միութեան
50րդ տարուան սկիզբը:
Հիւրերը վայելեցին Flamenco, յունական, հայկական, արաբական զանազան
երգերու ճոխ երաժշտութիւնը DJի եւ Սաքսոֆոնի նուագածուի կողմէ հրամցուած
մեղեդիներուն: Անոնք պարեցին գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերը,
մեծամասնութիւնը մնաց մինչեւ կէս գիշերէն ետք, աստղազարդ երկնքին տակ
վայելելով համեղ ճաշերն ու բարեկամներու ընկերային տաքուկ մթնոլորտը:
Նաեւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Բոլորն ալ խոստացան
վերադառնալ Միութեան ապագայ ձեռնարկներուն:


 

..

Post a comment