No comments yet

ՄԱՀ՝ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ԱՆԹԱ ԹՈՐՈՍԻ

 

 

 

Nor Marmara

.

ՄԱՀ՝ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ԱՆԹԱ ԹՈՐՈՍԻ

Շաբաթավերջին հաղորդուած տխուր լուր մը մեծ ցաւ պատճառեց մշակութասէր հասարակութեան։ 77 տարեկան հասակին մէջ իր մահկանացուն կնքեց փորձառու դերասանուհի Անթա Թորոս։ Ան կողակիցն էր ողբացեալ բեմադրիչ, դերասան Միսաք Թորոսի (մահացած էր 2010ին)։
Անթա Թորոս որոշ ժամանակէ ի վեր առողջական խնդիրներէ կը տառապէր։ Մինչեւ վերջին քանի մը տարիները, Թորոս նկարահանուած էր հեռատեսիլային բազմաթիւ հաղորդաշարերու մէջ, որոնց կարգին են՝ «Անունը Ֆէրիհա դրի», «Երախաները չլսեն», «Դառն կեանք», «Կէս խնձոր», եւայլն։
Դերասանուհին 2022 թուականին հիւրընկալուած էր Հիւլիա Քօչեիղիթի «Կեանքը՝ ինչպէս շարժանկար» անուն յայտագրի կողմէ։ Նշելով որ հաղորդաշարերու մէջ իր մարմնաւորած կերպարներու մեծ մասը չար հերոսներ եղած են, Անթա Թորոս կ'աւելցնէր որ ատոր պատճառը մեծ հաւանականութեամբ իր դիմագծութիւնն էր. խիստ եւ սուր հայեացք մը ունէր։
Անթա Թորոս (իսկական անուն-մականունով՝ Անթառամ Թորոսեան) ծնած էր 12 Յունուար 1948ին։ Ան փոքր տարիքին որբացած էր կորսնցնելով իր հայրը։ Շրջանաւարտ եղած էր Սէն Պէնուա ֆրանսական լիսէէն, աւելի ուշ ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքի Մոնկալմի համալսարանի մէջ։
Արուեստագիտուհին 1965ին իր ասպարէզին սկսած էր որպէս սիրողական դերասանուհի, հետեւած էր «Տոսթլար» թատրոնի դասընթացքներուն, յետոյ արդէն որպէս թատրոնի նուիրեալ, 1971էն սկսեալ խաղացած էր Կիւլրիզ Սուրուրի-Էնկին Ճեզզարի թատրոնի մէջ։
Թորոս աշխատած էր հանրայայտ դէմքերու հետ, ինչպիսին են Ալի Փոյրազօղլուն ու Նիսա Սերեզլի-Թոլկա Աշքընէր թատրոնը, թատերական ուսումը շարունակած էր նաեւ ԱՄՆի մէջ։
Արուեստագիտուհին Միսաք Թորոսի ամուսնութենէն ունի Իրնա Պիւյիւքսաքայեան անունով դուստր մը։

 

A G O S

Kariyeri boyunca birçok yapımda yer alan usta oyuncu Anta Toros 77 yaşında hayatını kaybetti. Anta Toros 2010 yılında hayatını kaybeden tiyatrocu Misak Toros'un eşiydi. Anta Toros, bir süredir sağlık soruları yaşıyordu.

Oyuncunun ölüm haberini, Film San Vakfı sosyal medya hesabından paylaştı.

Türkiye Ermeni toplumundan  yetişen oyunculardan Anta Toros 'Adını Feriha Koydum', 'Çocuklar Duymasın', 'Acı Hayat', 'Yarım Elma' gibi birçok yapımda izleyici ile buluşmuştu.

Film-San Vakfı Genel Müdürü Kıvanç Terzioğlu, üzücü haber sonrası sosyal medyadan paylaşım yaptı. Terizoğlu, mesajında "Sinema ve tiyatro sanatçısı Anta Toros'a Allah'tan rahmet ailesine ve sevenlerine başsağlığı diliyoruz" ifadelerini kullandı.

Anta Toros, 2022 yılında meslektaşı Hülya Koçyiğit'in TRT 2'deki 'Film Gibi Hayatlar' programına konuk olmuştu.

Kariyerinde hayat verdiği karakterlerin çoğunun kötü karakterler olduğunu belirten Anta Toros "Yanılmıyorsam bir iki tane iyi karakter oynadım. Tiyatroda daha normal insanlar oynadım ama dizi ve sinemada daha sivri karakterleri canlandırdım. Sanırım fizik, yüz yapısından dolayı oldu. İfademde sertlik var benim, ben bu şekilde düşünüyorum. Ya da alışkanlıkla akla geldim sanırım. 'Bu rolü kim oynar?' dediklerinde akıllarına geldim belki de. Bütün rollerimi sevdim. İyi olsun kötü olsun, o kadar severek oynadım ki. Hiç ayrım yapamam. Bir karaktere hayat kazandırıp, canlandırmak çok hoşuma gidiyor" diye konuşmuştu.

2010 yılında hayatını kaybeden usta tiyatrocu Misak Toros ile uzun yıllar evli olan Anta Toros, kaybettiği eşiyle ilgili olarak şu ifadeleri kullanmıştı:

''Misak çok şeker bir insandı. Hümanist, yardımsever, bildiklerini öğretmeye çalışan ve çok yönlü biriydi. Çok enerjikti. 'Onun peşinde koşturmaktan topuklarım aşındı' diyebilirim. Bana çok yardımcı oldu. Oyunculukla ilgili en başta ondan öğrendim birçok şeyi. Çok iyi bir insandı. Bazen bakıyorum 'Öyle biri var mı acaba?' diyorum. Ama hiç rastlayamadım, göremedim. 'Uzaylı mıydı acaba?' diyorum.''

Sahnede Anta ismini kullanan Antaram Torosyan, 12 Ocak 1948'de İstanbul'da doğdu. Babasını küçük yaşta kaybetti. Saint Benoit Fransız Lisesinden mezun oldu ve daha sonra İsviçre'nin Lozan şehrindeki Institut Montcalme’de eğitimine devam etti.

1965'te amatör tiyatroya adım atan sanatçı, Dostlar Tiyatrosu'nda eğitim aldıktan sonra, 1971'de Gülriz Sururi-Engin Cezzar Tiyatrosu 'nda profesyonel sanat hayatına başladı. Ali Poyrazoğlu ve Nisa Serezli – Tolga Aşkıner Tiyatrosu gibi topluluklarda bulunan Toros, Amerika'da da tiyatro üzerine çalışmalar yaptı.

Sanatçının Misak Toros ile evliliğinden İrna Büyüksakayan adında bir kızı var. 

J A M A N A K
 

 
  1. ՄԱՀ՝ ԱՆԹԱ ԹՈՐՈՍԻ

  2.  

 

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է յայտնի արուեստագիտուհի Անթա Թորոս (Անթառամ Թորոսեան), որու կորուստը իսկապէս ցաւալի է եւ խոր յուզում յառաջացուցած է գեղարուեստասէր շրջանակներէ ներս։ Անթա Թորոս թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք թողած արուեստագիտուհի մըն էր՝ թատերական գետնի վրայ ծաւալած իր բազմակողմանի եւ յաւակնոտ գործունէութեամբ։

Շարժանկարի եւ թատրոնի աշխարհի մէջ համբաւ ձեռք բերած եւ հիղինակութիւններու շարքին դասուած Անթա Թորոս ծնած էր 12 յունուար 1948 թուականին, Իսթանպուլի մէջ։ Շատ երիտասարդ տարիքի մէջ՝ 1965 թուականին առաջին քայլերը առած էր թատերական ոլորտէն ներս՝ որպէս սիրող։ «Տոսթլար» թատերախումբէն ներս ստացած էր կրթութիւն, իսկ աւելի վերջ արհեստավարժ ձեւով գեղարուեստական, այսինքն թատերական կեանքի նուիրուած էր «Կիւլրիզ Սուրուրի-Էնկին Ճեզզար» թատերախումբէն ներս։ Ալի Փոյրազօղլուի, Նիսա Սերեզլիի եւ Թոլկա Աշքընէրի նման թատրոնի հեղինակութիւններու թատերախումբերուն մաս կազմած էր Անթա Թորոս, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ թատրոնի վրայ աշխատանքներ տարած էր։

Անթա Թորոս, որու կորուստը այսօր կը սգան պոյսահայ թատերական շրջանակները, իրականութեան մէջ, տասնամեակներ շարունակ իր հոգելոյս ամուսնոյն՝ Միսաք Թորոսի հետ նոյնացած ձեւով թատերական կեանքէ ներս աշխատանք տարած էր։ Միսաք եւ Անթա Թորոս ամոլը թէ՛ համայնքային շրջանակներէն ներս եւ թէ ընդհանրապէս Թուրքիոյ թատերական շրջանակներէն ներս կ՚ընկալուէին նոյնացած՝ թէեւ իւրաքանչիւրն ալ ունէին իրենց յատուկ ձիրքերը, իրենց յատուկ ոճը։ Անով հանդերձ, ամբողջութեամբ թատրոնի եւ շարժանկարի նուիրուած Միասք եւ Անթա Թորոսները բոլորի համատարած համակրանքին, յարգանքին ու գնահատանքին առարկայ դարձած էին։

2010 թուականին մահացած էր Միսաք Թորոս, որու կորուստը մեծ ցնցում պատճառած էր Անթա Թորոսին։ Անոնք բախտաւորուած էին դուստրով մը։ Այսօր բոլորը բարոյական զօրակցութեան տրամադրութեամբ կը շօշափեն Իրնա Պիւյիւքսաքայեանը, որ իր ծնողներուն շունչով մեծցած դէմք մըն է։

Թատերական գործունէութեան առընթեր, Անթա Թորոս շարժանկարի եւ հեռատեսիլի աշխարհներէն ներս ալ անանտեսելի աշխատանք տարած էր։ Ան հեռատեսիլներու վրայ սփռուած բազմաթիւ ֆիլմաշարերու մէջ ստանձնած էր դերեր։

Անթա Թորոս, միշտ իր ամուսնոյն՝ Միսաք Թորոսի հետ, պոլսահայ թատրոնի վերելքի ճանապարհին ալ անփոխարինելի եւ անուրանալի ջանքեր գործադրած էր։ Միութենական թատերախումբերու աշխատանքներուն մէջ միշտ գտնուած էր կեդրոնական դիրքի վրայ։ Այս բոլորը արդէն համայնքի գեղարուեստասէր շրջանակները իրեն նկատմամբ մեծ երախտագիտութեան առաջնորդած էին։

Անթա Թորոսի կորուստով թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի երկնակամարէն կը սահի մեծ աստղ մը, որու փայլը տակաւին երկար ժամանակ կրնայ ներշնչել սերունդները։

Դժբախտաբար, վերջին շրջանին Անթա Թորոս կը պայքարէր անողոք հիւանդութեան դէմ։ Իր առողջական վիճակը՝ մանաւանդ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին զգալիօրէն վատթարացած էր։ Ան դարմանման տակ առնուած էր Պոտրումի պետական հիւանդանոցին մէջ, ուր մասնագէտներու կողմէ իրեն համար ի սպաս դրուած ջանքերը դժբախտաբար մնացին ապարդիւն եւ ան աչքերը փակեց կեանքին։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Անթա Թորոսի հոգւոյն եւ կը վշտակցինք իր ընտանիքին։

 

..

—  follow on Twitter | like on Facebook | forward to a friend 

Post a comment