ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ
Posted on June 20, 2025
Posted By: oiaCategories: All News
.
./,
1
…
……
3
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութիւնը իր տարեգրութեանց պատմական օրերէն մին ապրեցաւ, միութեան կեդրոնին մէջ հիւրընկալելով Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ 18 Յունիս 2025, Չորեքշաբթի երեկոյ ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան, պաշտօնական ընթրիք մը սարքուեցաւ Պոլսահայ Միութեան մէջ։
Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, Պոլսահայ Միութեան մուտքին դիմաւորուեցաւ գործադիր մարմնի ատենապետ Հերման Չէլիքի գլխաւորած վարչութեան անդամներու կողմէ։ Աղ ու հացի օրհնութեամբ Պատրիարք Հայրը մուտք գործեց շէնքէն ներս եւ ապա միութեան համալիրին մէջ շրջապտոյտ տեղի ունեցաւ։ Միութիւնը զոյգ սրահներով, վարչական սենեակներով եւ Կեդրոնականի, Էսաեանի եւ Մխիթարեանի շրջանաւարտներու համար յատկացուած համալիրներով ընդարձակ տեսք մը ունի։ Միութիւնը Երանաշնորհ Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքներէ յետոյ այժմու պատրիարքը եւս հիւրընկալելու պատիւը ունեցաւ։
Պատրիարք Հայրը նախ կանգ առաւ վարչական սենեակին մէջ, ուր վարչութեան անդամներ Պոլսահայ Միութեան պատմականին եւ առաքելութեան մասին տեղեկութիւններ տուին ։ Ներկայ շէնքի կառուցման մասին կամքի դրսեւորումը յատուկ ձեւով գնահատանքի արժանացաւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Այստեղ Պատրիարք Հայրը, Տ. Յովնան Արքեպս. եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. մակագրեցին պատուոյ տոմարը։
Ժամը 18.30-ին, Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու սրահի մէջ հաւաքուած աւելի քան 150 մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Արժ. Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան, Պրազիլէն նախկին Պոլսահայ Արժ. Տ. Եզնիկ Ա. Քհնյ. Կիւզէլեան, Արժ. Տ. Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան, Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, Տ. Գէորգ Քհնյ. Ապեան, Ատենապետ Սարօ Մարուգեանի գլխաւորած Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան Թեմէն ներս կազմուած կարգադիր յանձնախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տէրիք Ղուկասեան։
Հանդիսավարն էր Քրիստին Տէմիրալ։ Սեղանի օրհնութենէ յետոյ ներկաներ ունկնդրեցին հայկական մեղեդիներ։ Ապա, նախկին Պոլսահայ Լիտա Քէօսէօղլու մեներգեց տոհմիկ երգեր։ Յաջորդաբար Պարոյր Սեւակէ բանաստեղծութիւններ ասմունքեց Ժպիտ Չընար։ Ներկայացումները բոլորի գնահատանքին արժանացան։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ատենապետ Հերման Չէլիք եւ յայտնեց, թէ ինք նոր կոչուած է ատենապետութեան պաշտօնին եւ այս շրջանին մեծ ուրախութիւն էր, որ Պոլսահայ Միութիւնը կը հիւրընկալէր Պատրիարք Հայրը։ Միութիւնը ներկայիս առաւել եւս թափ ստանալ սկսած էր իր գործունէութեան եւ սոյն հանդիսութիւնը կու գար ըլլալու մղիչ զօրութիւն մը իրենց առաքելութեան մէջ։ Ապա հանդէս եկան Կլենտէյլի Արա Տէնս Մշակութային Կեդրոնի պատանիները, որոնք հայկական ժողովրդական պարերով ծափողջոյններ խլեցին։
Յանուն Պոլսահայ Միութեան արտայայտուեցաւ նախկին ատենապետներէն Սիմոն Աճըիլաչօղլուն, որ միութեան անցեալին մասին տեղեկութիւններ տալով յայտնեց, թէ ներկայ շէնքի հիմնարկէքին եւ թէ՛ բացման արարողութեանց ներկայ եղած էին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսը։ Հետեւաբար Պոլսահայ Միութեան ներկայ սրահի վերակառուցումը պատուական սկզբնակէտի մը արժանացած էր։ 49 տարիներու ընթացքին միութիւնը կը ջանար Պոլիսէ հեռու ըլլալով հանդերձ Պոլսական հայեցի շունչը վառ պահել եւ տարածել իր շուրջ։ Այս առումով կարեւորեց Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը եւ ըսաւ, որ ինք անցեալին եւս գտնուած էր այստեղ, իսկ այս անգամ որպէս Պոլսոյ Պատրիարք ներկայութիւնը առաւել եւս իմաստալից կը դառնար։ Աճըիլաչօղլու յիշեցուց նաեւ, թէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը միշտ իր հովանաւորութիւնը բերած է միութեան գործունէութեանց։ Այս առթիւ նշեց նաեւ Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 45-ամեակը եւ շնորհաւորեց զինքը։ Նաեւ նշեց, թէ Պոլիսէն տարբեր առիթներով եկեղեցականներ փութացած են Լոս Անճելըս եւ առիթը ունեցած են շփուելու տեղւոյն ժողովուրդին հետ։ Այսպէս Տ. Յարութիւն Վրդ., որ սոյն այցելութեան ընթացքին Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ որպէս գաւազանակիր, եղած էր Պոլսահայ Միութիւն այցելող Պատրիարքական Աթոռոյ վերջին հոգեւորականը եւ գնահատանքին արժանացած՝ տեղւոյն ժողովուրդին։ Այս առթիւ շնորհաւորեց նաեւ Հայր Սուրբին քահանայական ձեռնադրութեան 10-ամեակը։
Եզրափակիչ փուլին սրտի խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս եւ յայտնեց, թէ Պատրիարք Հօր պատմական առաջին այցելութիւնը թեմական կեանքէ ներս արդէն իսկ իր դրական անդրադարձը ունեցած էր։ Անցեալ երկու օրերու ընթացքին, Պատրիարք Հօր հետ շփման մտած ժողովուրդը, իր գոհունակութիւնը յայտնած էր։ Իսկ, բնական էր, որ Պոլսոյ Պատրիարքը արժանավայել ձեւով պէտք է հիւրընկալուէր Պոլսահայ Միութեան մէջ եւ այս գիշեր այս մէկը իրականացած էր։ Սրբազան Հայրը, ըսաւ որ սոյն այցելութիւնը մինչեւ Կիրակի վստահաբար առաւել եւս անդրադարձներ պիտի ունենայ, բան մը որ առիթ պիտի ստեղծէ Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ լսելու իր պատգամները։
Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսին, որ առաջին օրէն սկսեալ ամէն պահուն կը հետաքրքրուի սոյն այցելութեան մանրամասնութիւններով եւ իր ներկայութեամբ ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Արեւմտեան Թեմէ ներս ինչպէս ազգային եկեղեցական կեանքը տարիներու ընթացքին այսքան զարգացած էր։ Ի միջի այլոց ըսաւ. «Իրապէս շուարած եմ այսօր եւ այսքանը չէի ակնկալած։ Պոլիսէն այսքան հեռաւոր Լոս Անճելըսի մէջ այսօր տեսայ Պոլիս մը եւ ալ աւելին՝ որակաւոր Պոլիս մը, այսինքն իր հայեցի ներկայութեամբ, մշակոյթով եւ կազմակերպութիւնով։ Շնորհակալ եմ որ այս տեսարանը տեսնելու արժանի եղայ»։
Պատրիարք Հայրը յատուկ ձեւով նշեց Սարօ Մարուգեանը, Սիմոն Աճըիլաչօղլուն եւ Հերման Չէլիքը եւ զանոնք որպէս օրինակ ցոյց տալով ըսաւ, որ կան անձեր որոնք իրենց սուրբ յամառութեամբ կը կատարեն գործունէութիւն մը յօգուտ ազգին եւ այս պարագային Պոլսահայ հասարակութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ բախտաւոր է, քանի յաջողած կրնայ համարուիլ իր ծոցէն ելած կամաւորներու արտադրումով։ Իր խօսքերու աւարտին մաղթեց որ շարունակական մնայ այս սուրբ առաքելութիւնը, որպէսզի Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքը որ ներկայիս կանգուն է, իր արտացոլացումը ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ։
Յաջորդաբար ատենապետ Հերման Չէլիքի եւ խնամակալութեան համաատենապետ Յովհաննէս Սապունճուի ձեռամբ, Պատրիարք Հօր յանձնուեցաւ ապակեայ յուշապնակ մը, միութեան երախտագիտական զգացումները արձանագրուած։ Իսկ Պատրիարք Հայրը, որպէս յիշատակ նուիրեց Պատրիարքարանի շքամուտքի նկարով շրջանակ մը։ Բաց աստի նուիրեց Աթոռոյս հրատարակութիւններէն «Պոլիսը՝ Հին Եւ Նոր» եւ “Աւետիք Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը” գիրքերը։
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներ Պատրիարք Հօր հետ անմիջական զրոյց ունենալու առիթը ունեցան։
Լոս Անջելեսի Պոլսահայ միութեան անդամների համար Յունիսի 18ը պատմական էր` կենտրոնում հիւրընկալել էին Պոլսի Սահակ Բ. պատրիարքը: Այս սպասուած այցի առիթով, պոլսահայերը կազմակերպել էին տօնական ձեռնարկ, որին պատրիարքի հետ միասին ներկայ էին նաեւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, Յարութիւն վրդ. Տամատեանն ու համայնքի այլ հոգեւոր հայրեր:
Պոլսահայ միութեան հանդիսութիւնների սրահում հիւրերին դիմաւորեցին միութեան անդամներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, համայնքի տարբեր կազմակերպութիւնների շուրջ 200 ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութեան մեկնարկն ազդարարեց հանդիսավար Քրիստին Տեմիրալը գեղարուեստական յայտագրով, որի շրջանակներում պոլսահայ Լիտա Քէօսէօղլին հանդէս եկաւ ժողովրդական երգերի կատարումներով, Ժպիտ Չընարը` Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւններով, եւ Գլենդելի «Արա Դենս» Մշակութային կենտրոնի սաները` հայկական պարային համարներով:
«Դարեր շարունակ Պոլսի Հայոց պատրիարքարանը հանդիսացել է ոչ միայն կրօնական հաստատութիւն, նաեւ` պատմական եւ քաղաքական խորհրդանիշ է եղել պոլսահայութեան համար, փարոս: Մենք մեր էութիւնը, գոյութիւնը ձեւաւորել ենք եկեղեցու շուրջ, եւ ստեղծել դպրոցներ ու համայնքային կազմակերպութիւններ: Մեր պատրիարքը, հոգեւոր առաջնորդ լինելուց զատ, պոլսահայերի պաշտպանն է եղել, ձայնը, կամուրջը համայնքի եւ Թուրքիայի կառավարութեան միջեւ: Այսօր մեծ ուրախութիւն եւ ոգեւորութիւն ենք ապրում` ընդունելով մեր սիրելի պատրիարքին», ողջոյնի խօսքում նշեց միութեան Գործադիր մարմնի ատենապետ Հերման Չելիքը:
Նախկին ատենապետներից Սիմոն Աճըիլաչօղլուն էլ Պոլսահայ միութեան անունից իր խօսքում հաւաստիացրեց, որ Ամերիկայում հաստատուելով էլ, միեւնոյնն է, պոլսահայերը հաւատարիմ են մնացել անցեալին եւ մշտապէս ուշադրութեամբ հետեւել են Պոլսոյ եկեղեցական եւ ազգային կեանքին, որտեղ կենտրոնում է եղել է Պատրիարքական աթոռն ու նրա գործունէութիւնը: Սիմոն Աճըիլաչօղլուն այնուհետեւ ամփոփ ներկայացրեց Լոս Անջելեսի Պոլսահայ միութեան պատմութիւնը, երբ 1976 թուականի Սեպտեմբերին, Պոլիսից գաղթած մի խումբ հայրենասէր երիտասարդներ հիմնադրեցին միութիւնը` առաջնային նպատակով նեցուկ կանգնել Պոլիսից գաղթած կարիքաւոր հայ աշակերտներին: Տարիների ընթացքում, միութիւնն ընդլայնուել է, ստեղծուել են տարբեր յանձնախմբեր, իսկ կառոյցի գործունէութիւնը նոր թափ է ստացել 2005 թուականին` սեփական շէնքի վերակառուցումից յետոյ: «49 տարիների ընթացքին, մեր միութիւնը ջանում էր Պոլիսից հեռու լինելով հանդերձ` Պոլսական հայեցի շունչը վառ պահել եւ տարածել իր շուրջ», նշեց Աճըիլաչօղլուն:
Սահակ Բ. պատրիարքը Լոս Անջելեսում էր Հիւսիսային ԱՄՆ Արեւմտեան թեմ այցի շրջանակներում, ինչի առիթով թեմի առաջնորդ, Յովնան արք. Տէրտէրեանը մասնաւորապէս նշեց, որ «ձեռնարկը կը դրոշմուի ներկաներից իւրաքանչիւրի հոգում, քանզի իր բովանդակութեամբ եւ ոգեղէն ներշնչող պատգամով, կը դառնայ ոսկէ կամուրջ` ի մասնաւորի Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան, այնտեղ բնակուող հայերի ու ԱՄՆում հաստատուած պոլսահայերի միջեւ»:
Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, եւ սրտի խօսքն ուղղեց ներկաներին: «Հազարաւոր մղոններ հեռու, Լոս Անջելեսում Պոլիսը գտանք, եւ աւելի որակաւոր` իր հայեցի ներկայութեամբ, մշակոյթով եւ կազմակերպութեամբ: Ուրախ եմ, ձեզ այստեղ զօրացած, միասին տեսնելով եւ շնորհակալ եմ, որ այս տեսարանը տեսնելու արժանի եղայ», նշեց պատրիարքը: Նա ընդգծեց արմատներին կառչելու եւ հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը` նշելով, որ «եթէ արմատները ապրեն, առողջ լինեն, յոյս կայ, որ ամենավատ իրավիճակներն էլ, ինչը բազմիցս պատահել է հայ ազգի հետ, հնարաւոր է յաղթահարել: «Մեր համայնքից, երբեմն ինձ դիմում են` ասելով, որ նոր սերունդներին հայութիւնը փոխանցելու հարցում դժուարութիւններ ունեն, որ պատանիների համար նրանց հայ լինելը` հայերէն սովորելը, մշակոյթին ծանօթանալը դժուար է: Մինչդեռ, մեր սերնդի համար հայ լինելը դիւրին է, որովհետեւ հաճոյք է: Ուստի մեր նոր սերունդների համար հայ լինելը պէտք է վերածենք հաճոյքի, որ սիրով պարէն հայ պարը, երգեն հայ երգը եւ հաճոյք զգան եւ այդ պարագայում մենք այլեւս ապահով կը լինենք», նշեց Սահակ Բ. պատրիարքը: Այդ հարցում նա կարեւորեց ազգային անհատների դերը` որպէս օրինակ նշելով պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչների, ովքեր սուրբ յամառութեամբ ստանձնել են ազգին օգտակար լինելու առաքելութիւն, եւ մաղթեց, որ շարունակական մնան այդ գործում, որպէսզի պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքն իր արտացոլացումն ունենայ Լոս Անջելեսում:
Նա համառօտ ներկայացրեց Պոլսի համայնքային կեանքը: եկեղեցու, վարժարանների ներկայի կացութիւնը` նշելով, որ 17 վարժարաններում աշակերտների թիւը տարեց տարի քչանում է: Նոյն միտումն է նաեւ եկեղեցի այցելողների հարցում, սակայն գործում է հայկական պատկերասփիւռն ու լրատուամիջոցներ, ինչն ըստ պատրիարքի, լաւատեսութեան եւ յոյսի աղբիւր է: «Մայր եկեղեցին, որի շուրջ ժամանակին քառասուն հազար հայ էր հաւաքուած, ներկայում քառասուն հայ էլ չկայ: Սա Սփիւռքի ճակատագիրն է, բայց որոշ տեղեր պակասում են, եւ որոշ տեղեր աւելանում են, ինչպէս Լոս Անջելեսում, եւ հետեւաբար, պէտք է մեր հայրենակիցներին կապել եկեղեցիների հետ, իսկ զաւակներին ուղղորդել դէպի հայկական վարժարաններ: Մեր մեծագոյն խնդիրը ժողովրդագրութիւնն է, բայց որպէս քրիստոնեայ յոյսը ունենք, եւ իւրաքանչիւրս մեր բաժին աշխատանքը պէտք է կատարենք: Մեր արմատները զօրաւոր են, եւ նոր ներշնչանքներ են գալիս», յուսատու ելեւէջներով խօսքն ամփոփեց Պոլսոյ պատրիարքը:
Ձեռնարկի աւարտին, Պոլսահայ միութեան ատենապետ Հերման Չելիքի եւ խնամակալութեան համաատենապետ Յովհաննէս Սապունճուի ձեռամբ, պատրիարք հօրը յանձնուեց յուշապնակ: Պատրիարքն էլ, որպէս յիշատակ նուիրեց պատրիարքարանի շքամուտքի նկարով շրջանակ եւ գրքեր:
Ջերմ եւ անկաշկանդ միջավայրում, ձեռնարկի ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ անմիջական հաղորդակցուելու պատրիարք հօր հետ: