No comments yet

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԳԻՇԵՐ ՄԸ

nbsp;

 

..

 c

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԳԻՇԵՐ ՄԸ

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մ. Օհանէս

Հինգշաբթի, Յունիս 5ի գիշերը յաջող անցաւ շնորհիւ Միութեան կամաւոր
անդամներուն: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոլսահայ Միութեան Գործադիր,
Մշակութային եւ Տիկնանց Յանձնախումբերու կողմէ՝ հովանաւորութեամբ
Հայրենիք Միութեան:
Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, շուրջ 70 հոգիներու ներկայութեամբ,
Միութեան անդամներն ու հիւրերը վայելեցին ապուխտով եփած համեղ Լուբիան
եւ ձաւարէ փիլաւը, թթուաշն ու սու պէօրէկը՝ պատրաստուած Միութեան
Տիկնանց Յանձնախումբի կողմէ: Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի
նախագահ՝ Հերման Չէլիք կատարեց բացման խօսքը որուն մէջ անդրադարձաւ
Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենադպրուհի՝ Քրիսթին Տէմիրալի
պարգեւատրման մասին Ղեւոնդեանց Առաջնորդարանին մէջ իր կատարած
ծառայութիւններուն համար: Ապա խօսք առաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝
Բարունակ Չէլիքեան եւ յանձնեց Միութեան կողմէ պատրաստուած
յուշատախտակը Հայրենիք Միութեան ատենապետ՝ Յակոբ Ալեքսանեանի որ
իր խօսքով ուրախութիւնն յայտնեց երիտասարդութեան վերամիանալուն համար
Պոլսահայ Միութեան մէջ նաեւ ըլլալով քոյր Միութիւն՝ իրենց
պատրաստակամութիւնը յայտնեց ձեռք տալու Պոսահայ Միութեան թէ՛
նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս թիկունք կանգնելով անոր:
Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց հասոյթը
ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ Միութեան Կրթաթոշակի ծրագրին:
Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն:
Տօնակատարուեցան ծննդեան տարեդարձներ՝ Տիկին Սեդա Գ. Աւետիքեանի,
Տեարք՝ Երուանդ Տօնիկեանի եւ Միութեան Հոգաբարձութեան գանձապահ՝ Էսայի
Պալճեանի եւ հատուեցան երեք կարկանդակներ: Երեկոն անցաւ խաղաղ եւ
հանդարտ: Ներկաները ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր. ջինջ գիշերը իր
աւարտին հասաւ հասաւ ուշ ժամերուն:

Photo Album ( Click)


We had a truly memorable evening at the OIA Center on June 5th, thanks to the dedication and efforts of our volunteer members. The event was thoughtfully organized by the OIA Executive Committee, Cultural Committee, and the OIA Entertainment Group. It was generously sponsored by Hayrenik Miutyun, who covered the full cost of the event. All proceeds were dedicated to the OIA Scholarship Fund.

In a warm and welcoming atmosphere, approximately 80 attendees—including OIA members and guests—enjoyed a delicious meal featuring Bastirmali Kuru Fasulye, wheat pilaf, pickles, and Su Boreg, all prepared by the OIA Entertainment Group.

The evening began with opening remarks by OIA Executive Committee President Herman Celik, who proudly announced the recognition of Executive Committee Secretary Christine Demiral by St. Leon Cathedral for her outstanding service to the Armenian community. Following this, the Chairman of the OIA Board of Trustees presented a commemorative plaque to Mr. Hagop Alexanian, Chairman of Friends of Armenia, who graciously expressed his continued support for OIA’s future initiatives.

Generous donations were made throughout the evening, with all proceeds going directly to the OIA Scholarship Project. The event also included joyful birthday celebrations for Mrs. Seta K. Avedikyan, Yervant Donigian, and Esayi Baljian.

The night unfolded in a peaceful and convivial setting, filled with meaningful conversations and a strong sense of community. We look forward to seeing everyone again at the next Family Night.


3
 

—  follow on Twitter | like on Facebook | forward to a friend 

Post a comment