No comments yet

ՇԻՇԼԻԻ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԱՏՈՒՌԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ


ՇԻՇԼԻԻ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԱՏՈՒՌԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատունը, որ ենթակայ է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդին, ժամանակէ մը ի վեր գերեզմանատան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մատրան մէջ տեղի կ՚ունենային բարեզմարդման աշխատութիւններ։ Աշխատութիւնները աւարտած ըլլալով, 20 Յունուար 2024, Շաբաթ, ժամը 13.00-ին, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, տեղի ունեցաւ մատրան նաւակատիքի եւ օծման արարողութիւնը։

Արարողութեան ներկայ էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Պէյօղլուի Երէց՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, ինչպէս նաեւ սարկաւագներ ու դպիրներ։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին արարողութեան։

Նախ քան արարողութիւնը, Պատրիարք Հայրը Գերեզմանատան մուտքին աղ եւ հացով դիմաւորուեցաւ։ Իսկ արարողութեան սկիզբը, կազմուած թափորը, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդեց դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մատուռ։ Այստեղ կատարուած Դռնբացէքի արարողութենէն յետոյ, ներկայ հաւատացեալներ մուտք գործեցին մատուռ։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց մատրան Ս. Սեղանը, ինչպէս նաեւ մատրան համար յատկապէս պատրաստուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սրբապատկերը։

Արարաղութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ մեծապէս գնահատեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Քարոզիչ Յարութիւն Վարդապետը, որոնց բծախնդիր աշխատութեամբ Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատան մէջ ներկայանալի աղօթատեղի մը պատրաստ էր գործածութեան։ Այս առումով ըսաւ, թէ՝ գերեզմանատուները իրենց յատուկ խորհուրդը ունին ժողովուրդին համար եւ այստեղ օգտագործելի մատրան մը գոյութիւնը առաւել եւս օգտակար պիտի դառնար ժողովուրդին համար։

Արարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։ Արարողութեան աւարտին նաեւ յիշատակուեցան մատրան հիմնադիրներ Աստուածատուր Ասպետ Ջունդը եւ Նեքտարինէ Ասպետուհի Ջունդը։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն։ Այս առթիւ յանուն Թաղային Խորհուրդի, Բ. Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ վարչութեան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարք Հօր։ Իսկ վարչութեան անդամ եւ Շիշլիի Գերեզմանատան պատասխանատուներէն Բրկ. Ղազար Կ.Սրկ. Սապունճու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մատրան եւ ընդհանրապէս Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ կատարուած բարեզարդումներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։

Բաց աստի, Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ գործել սկսած է նաեւ մոմավառութեան սրահ մը, ուր ուխտաւորներ եւ կամ հանգուցեալներու հարազատներ առիթը կը գտնեն մոմավառութիւն կատարելու։

Պատրիարք Հայրը, լսելով ու տեսնելով կատարուած դրական զարգացումները մեծապէս գտանահատեց եւ մաղթեց, որպէսզի կատարուած այս դրական աշխատութիւնները, ժամանակօք առաւել եւս ընդարձակուին։

Post a comment