Comments are off for this post

 

Այնթապի Դերակատարութեան Նուիրուած Դասախօսական Ձեռնարկ

 

0000Aintab2

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը հաստատած է աւանդութիւն մը՝ շրջանին մէջ, ամսական հերթականութեամբ, Ս. պատարագի աւարտին կազմակերպել դասախօսական հանդիպումներ ու մշակութային ձեռնարկներ, որոնց ճամբով մեր ժողովուրդը հաղորդ կը դառնայ մեր պատմութեան, մշակոյթի ժառանգութեանց, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակակից աշխարհի օգտակար նորութիւններուն:
Կարգ մը ձեռնարկներ կը կազմակերպուին հայկական հայրենակցական եւ մշակութային միութեանց հետ գործակցաբար, լուսարձակի տակ բերելու համար հայկական պատմական օճախներու ժառանգութիւնները: Այս ծիրին մէջ, Կիրակի, Նոյեմբեր 15ին, կ.ե. ժամը 1ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave. La Crescenta, CA 91214), դասախօսական ձեռնարկ մը կազմակերպուած է՝ Լոս Անճելըսի Այնթապի մշակութային միութեան հետ գործակցաբար, վեր առնելու համար Այնթապի դերը մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, ապա նաեւ լուսարձակի տակ բերելու այնթապցիներու յետ-եղեռնեան գործը՝ Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Նոյն օրը, Ս. պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն, Այնթապի նահատակներուն եւ հանգուցեալներուն յիշատակին։
Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեան, որ սահիկներու ընկերակցութեամբ պիտի անդրադառնայ Կիլիկիոյ պատմութեան մէջ Այնթապի դերին՝ իբրեւ մշակոյթի եւ կրթութեան լուսաւոր օճախ, եւ կանգ պիտի առնէ բռնագաղթի հետեւանքներուն ու հայկական այս օճախի ինքնապաշտպանական մարտերուն վրայ, ապա նաեւ՝ բռնի սփիւռքացումէն ետք վերապրողներու դերակատարութեան՝ Սփիւռքի հայկական օճախներու վերականգնումին, կազմաւորման, կրթական ու մշակութային ասպարէզներու մէջ կատարած իրագործումներուն, ու տակաւին՝ Հայաստանի բարգաւաճման մէջ:
Թէեւ դասախօսութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Այնթապի, անոր ստեղծած ժառանգութեանց ու ժառանգորդներուն գործին վրայ, սակայն այս ներկայացումը պիտի ըլլայ մէկ մանրանկարը այն դժբախտութեանց ու իրագործումներուն, որոնք մեր հաւաքական կեանքին մէջ արձանագրուեցան վերջին 100 տարիներուն ընթացքին: Պատահական չէ, որ դասախօսական այս ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ այն հանգրուանին, երբ ազգովին կը յիշատակենք Ցեղասպանութիւնը, բարձրացուցած ենք՝ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանաբանը եւ զօրակցութիւն կը յայտնենք Սիսի կաթողիկոսութեան պատմական կալուածներուն: Այդ բոլորը մասնիկներն են մեր լիագումար պահանջատիրութեան, որ կ՛ընդգրկէ ամբողջ Կիլիկիան ու Արեւմտեան Հայաստանը՝ պատմականօրէն հայապատկան բոլոր հողերը: Չենք մոռնար նաեւ մշակութային այն կոթողներն ու ժառանգութիւնները, որոնք մեծ մասամբ փոշիացուած են թուրքի ոճրագործ ձեռքերով, իսկ կանգուն մնացող կարգ մը «բախտաւոր» ժառանգութիւններ վերածուած են մզկիթի, թանգարանի կամ պետական այլ հաստատութեանց, ինչպիսին է Այնթապի հռչակաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին:
Մուտքը ազատ է: Դասախօսութենէն ետք ներկաները պիտի հիւրասիրուին Այնթապի հայկական անուշեղէններով:

(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)

Comments are closed.