Comments are off for this post

Օսմանեան Կայսրութեան Հայ Մշակոյթին Նուիրուած Խորհրդաժողով՝ «Արարատ-Էսքիճեան» Թանգարանին Մէջ (ASBAREZ)

Օսմանեան Կայսրութեան Հայ Մշակոյթին Նուիրուած Խորհրդաժողով՝ «Արարատ-Էսքիճեան» Թանգարանին Մէջ

 

ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ կ.ե ժամը 4։30, տեղի պիտի ունենայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ արուեստին ու մշակոյթին նուիրուած խորհրդաժողով մը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած։
Առաւօտեան նիստը (առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 12։30) պիտի համադրէ Նորթրիճի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան, իսկ անոր ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն դոկտ. Ռանըլտ Մարչեզէ, իրաւաբան Արամ Գույումճեան, դոկտ. Վաչէ Մանկրեան եւ Վան Արոյեան։
Երկրորդ նիստը (կ.ե. ժամը 1:30էն մինչեւ 4։30) պիտի համադրէ Նորթրիճի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի դասախօս դոկտ. Յասմիկ Պարան, իսկ անոր ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան դոկտ. Քրիսթինա Մարանչի, դոկտ. Ռանըլտ Մարչեզէ, Մարիամ Վարդանեան եւ դոկտ. Սիւզան Փաթի։
Այս առիթով կազմակրպուած է նաեւ հայկական արծաթագործութեան նմոյշներու ցուցադրութիւն մը՝ այդ մասին հատոր մը հեղինակած Յովսէփ Թոքաթի հաւաքածոյէն։
Խորհրդաժողովի համահովանաւորողներն են՝ Հայ ոսկերիչներու միութիւնը, Համազգայինը, Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութիւնը (NAASR), «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Պոլսահայ միութիւնը, Թէքէեան մշակութային միութիւնը եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինը։
Թանգարանին հասցէն է՝ 15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA 91345: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 677-3456, (818) 357-1606 թիւերուն կամ՝ Maggiegoschin@gmail.com ու vahram.shemmassian@csun.edu հասցէներուն:

Comments are closed.