Comments are off for this post

ՏՈՔԹ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՈՒԼԱԿ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ, ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՎԱՐԴԵՐԵՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

karagoz44

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ  ԱՏԵՆԱՊԵՏ՝ ՏՈՔԹ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՈՒԼԱԿ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ

ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ, ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՎԱՐԴԵՐԵՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

Յարգելի սգակիրներ՝

          Մենք հայերս, Պոլսահայերս, Կեդրոնական վարժարանի սաներս՝ կորսնցուցինք մեր ազգին արժէքաւոր մտաւորականներէն, բանաստեղծ, հրապարակագիր, Էրէպունի հրատարակչատան հիմնադիր, Պոլսահայ Միութեանս «Ցկեանս Պատուոյ անդամ» Վարդերէս Գարակէօզեանը:

          Ողբացեալը, հայ ազգին, նամանաւանդ Պոլսահայերուս, Կեդրոնականցիներուս համար մեծ հպարտութիւն եղած էր: Թէեւ Պոլիս բանաստեղծներ, մտաւորականներ ունէինք, սակայն Լոս Անճէլըսի մէջ իրեն նման, ազգանուէր մտաւորական բանաստեղծի մը գոյութեամբը հպարտ էինք:

          Հարկաւ թէ ան միայն մեզի պոլսահայերուս չէր պատկանէր իր Պոլսահայ ծագում ունենալուն համար: Ան կը պատկանէր համայն հայութեան, արդէն իր բանաստեղծութիւնները, հրապարակային խօսքերն ու գրութիւնները, նամանաւանդ Էրէպունի հրատարակչական կազմակերպութեան միջոցաւ լոյս տեսած գիրքերը որոնք հայ մշակոյթի վերաբերեալ լաւագոյններն էին, նոյնպէս Հայաստան սփիւռք կապի իր անխոնջ եւ անմոռանալի աշխատանքները, ապացոյցն էին իր պատկանելիութեան:

          Մեզի համար, ալ աւելի արժէք կը ներկայացնէր Պոլիսէն, Կեդրոնական վարժարանի նստարաններէն սկսած Հայաստան զարգացած, սփիւռքի մէջ Հայրենիքէն հեռու այս ափերուն վրայ ունենալ իրեն նման եղբայր մը, որ մի կերպով մեզ ալ կը ներկայացնէր:

          Մենք Պոլսահայերս իրեն «Միութեան Ցկեանս Պատուոյ անդամ»ի տիտղոս տալով, իրեն հանդէպ ունեցած մեր յարգանքն ու սէրը ցոյց տուած էինք արդէն:

          Ան նոյնպէս Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի Պատուոյ անդամն ալ էր: Ամէն տարի մեր աւանդական «Բաժակի Պահ»ը որ Դեկտեմբեր ամսուան 2րդ շաբթուան գիշերը կը տօնէինք՝ ան իր պատուոյ տեղը կը գրաւէր մեր մէջ:

          Նոյնպէս, Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբը իր 55ամեայ յոբելինական հանդիսութիւնը կատարելէ յետոյ, իր բանաստեղծութեան երկերէն «Վերցրէք Մի պուտ երկինքի Ծովից» գիրքին շնորհահանդէսը եւ նոյնպէս իր ուրիշ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ «Դեռ չեմ սպառել» գիրքը, ոչինչ ակնկալելով Պոլսահայ Միութեան առաջին գիրք հրատարակութիւնը ըլլալով պարգեւեց եւ մեզի ուղղութիւն տուաւ որ մենք ալ մասնակցինք հայ գիրքի եւ գիրքերու հրատարակութեան համար: Շնորհակալ ենք իրեն, ապա  2 այլ հատորներու ալ հրատարակչութիւնը կատարեցինք:

          Յարգելի սգակիրներ՝

          Մենք՝ Պոլսահայերս, Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Մարմնի, Կեդրոնական Սանուց եւ միւս յարակից Յանձնախումբերու վարչական անդամներուն անունով կը սգանք մեր սիրելի եւ յարգելի «Ցկեանս Պատուոյ անդամ», մտաւորական, բանաստեղծ, հրապարակագիր, եղբայր Վարդերես Գարակէօզեանի մահը եւ այս առիթով կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնները իր այրիին՝ Տիկին Անահիտին եւ զաւկին՝ Նարեկին եւ իր բոլոր մտերիմ բարեկամներուն, նամանաւանդ իր մօտիկ ընկեր՝ գրականագէտ՝ Երուանդ Գոչունեանին որ հիւանդութեան շրջանին իրեն հոգ կը տանէր եւ իր հիւանդ վիճակով մեր բոլոր մշակութային ձեռնարկներուն ներկայ ըլլալու փափաքին իր աջակցութիւնը կը բերէր:

Բանաստեղծ, մտաւորական  Վարդերես Գարակէօզեանի մահով, հայ ժողովուրդը կորսնցուց յայտնի անուն մը հայկական բանաստեղծական աշխարհին մէջ:

    Անոր քերթուածներուն մէջ իւրայատուկ համ մը կար եւ իր յատուկ ոճով լեզուաբանական հանգոյցէ հեռու էր, գործածելով առօրեայ կեանքին ամենամօտիկ լեզուն եւ յենելով այն «հոգերուն» վրայ որոնք աւելի փակչած էին մարդոց պարզ կեանքին, քան «ուսեալի մը հոգերուն»:

    Անողոք մահը ժամանեց, ձգելով խորունկ վիշտ անոր ազգականներուն եւ բարեկամներուն հոգիներուն մէջ: Անոր մահը պարապութեան մեծ հետք մը թողուց բանաստեղծներուն միութեան կեանքին մէջ:

          Երթաս բարով, քու գաղափարներուդ միշտ տէր կանգնած ու կառչած, առանց կենցաղդ փոխելու, քու ուզած ձեւովդ ապրած՝ սիրելի եղբայր:

          Աստուած հոգիդ լուսաւորէ:

Comments are closed.