Comments are off for this post

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ ԵՒ ՏԵՍԱԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

P1010913.JPGP1010908.JPG

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ

ԵՒ ՏԵՍԱԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս

 

            Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2014 երեկոյեան ժամը 8:00ին, Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբը կազմակերպած էր վաւերագրական տեսաժապաւէնի ցուցադրութեան երեկոյ մը հիւր ունենալով Պոլիսէն «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր եւ բաժնետէր, ինչպէս նաեւ IMC հեռուստատեսիլի «Կամուրջ» յայտագրի խօսնակ՝Արիս Նալճըն:

Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, սկսաւ տեսաժապաւէնի ցուցադրութիւնը որ կը պատմէր 44 ուղեւորներուն մասին որոնք, 36 ժամ, մեծընտանիքի մը նման ուղեւորեցին միեւնոյն հանրակառքին մէջ …

Տեսաժապաւէնին հիմնական նպատակն էր որոշ լոյս սփռել այն մարտահրաւէրներուն վրայ որոնք դիմագրաւուած են հայ գաղթականներուն կողմէ, որոնք Թուրքիա եկած են Վրաստանի տարածքով եւ բարձրացնելիրազեկութիւնը այն ճանապարհորդական խնդիրներուն որոնք մասնաւորապէս կապ ունին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ:

Ցուցադրութենէն ետք, Տոքթ. Աւետիքեան ընթերցեց Տիար Նալճըի կենսագրականը, շնորհակալութիւններ յայտնեց Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝,  Իրաւաբան Էտվին Մինասեանին, Գործադիր Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Մարուքեանին, Մշակութային Յանձնախումբի անդամներ՝ Կարպիս Սարաֆեանին, Օհաննէս Սապունճուին, Տիկին Ռիթա Սապունճուին, Տիկին Թալին Սարաֆօղլուին եւ Օրդ. Լիզա Կայտային,  իրենց աջակցութեան համար:

Ապա հրաւիրուեցաւ հիւր դասախօսը որ բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի … երկու փակերկիրներու եւ երկու հեռու հարեւաններուն մասին, որոնք ողջ պատմութեան ընթացքին բաժնեկցած են նոյն հողը: «Այսօր,այդ երկու ժողովուրդները, չնայած որ անոնք կ՛ապրին կողք կողքի, սակայն իրար անտեսած են», ըսաւ Արիս Նալճընֆիլմարտադրիչ եւ ծրագրի համակարգողը որ կը հետապնդէ կեանքն ու պատմութիւնները, ուղեւորներուն, վարորդներուն եւհանրակառքերուն, որոնք կը ճանապարհորդեն Երեւանի եւ Պոլսոյ միջեւ ամէն շաբաթ: Քանի որ սահմանը փակ է երկուերկիրներու միջեւ եւ մէկ ճանապարհ ըլլալուն համար ուղեւորութիւնը կը տեւէ 36 ժամ, անցնելով Վրաստանի տարածքով:Ան տեղեկացուց Արտահանցի Էրհան Արըքի մասին որուն հետ նկարահանումներ կը կատարէ, լրագրութեան նշանաբան ունենալով այն՝ թէ եթէ պիտի գրէ, պէտք է որ տեսնէ:

Դասախօսը անդրադարձաւ իր Հայաստան կեցութեան մասին, Լիբանան այցին, նաեւ Պոլսոյ եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, Թեմերուն մասին եւ շեշտեց թէ հայ երիտասարդները կը քալեն հանգուցեալ Հրանդ Տինքի սկզբունքներուն ճամբէն անոր կտակը կիրարկելու մտօք:

Առիթը տրուեցաւ ներկաներուն զիրենք հետաքրքրող բոլոր հարցումները ներկայացնելու, որոնց պատասխանեց դասախօսը:

Ապա Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեան, Տիար Նալճըն գնահատեց նուէրով մը՝ Միութեան կողմէ:

Դասախօսութեան յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ նկարահանում:

Նշենք թէ դասախօսը այլ ելոյթներ ունեցաւ նաեւ Լոս Անճէլըսի Occidental Collegeի մէջ ուր հրաւիրուած էր Հայ Յեղախոխական Դաշնակցութեան «Շանթ» Ուսանողական Միութեան կողմէ, «Հայթուրք յարաբերութիւնները» խորագրով, Հայերն ու յառաջադէմ քաղաքականութեան Գիտաժողովին, ինչպէս նաեւ անցեալ ամիս ան մասնակցեցաւ Massachusettsի Արուեստից Հիմնարկին մէջ խումբ մը ականաւոր բանախօսներու հետ, Հայոց Ցեղասպանութեան փոխհատուցման նաեւ Հայաստանի յառաջդիմական Քաղաքականութեան մասին կայացած Գիտաժողովին:

 

 

ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸի կենսագրականը:

Ծնած է 1980 թուականին: Աւարտած է Մէրամէթճեան հայ վարժարանը եւ Կեդրոնական

Բարձրագոյն վարժարանը, ապա Եըլտըզ Արուեստից  Համալսարանէն վկայուած է իբրեւ  Արհեստից Երկրաչափ:

               Սկսած է աշխատիլ Ակօս շաբաթաթերթի հայկական թերթին մէջ 1997 թ. մինչեւ 2011 թ որպէս, խմբագիր գլխաւոր եւ բաժնետէր: Ան գրած է յօդուածներ Պիրկիւն Օրաթերթին, Րատիքալ Օրաթերթին եւ Պէյօղլու Շաբաթաթերթերուն մէջ: Նաեւ շատ մը Հայկական եւ Թրքական թերթերուն մէջ:

               Ան բացած է իր առաջին ցուցահանդէսը պարի լուսանկարչութեան մասին Անգարայի մէջ

 2006 թուին: Նաեւ ան արտադրած է շատ մը ընկերութիւններու մէջ Թուրքիոյ տարածքին եւ յաճախած է  պարային ընկերութիւններու Lyon  Dance Biennial հիմնարկը:

                    Խորհրդակցած եւ կառավարած է տասնեակ մը ծրագիրներ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ

նաեւ թուրք Հայկական երկխօսութիւնը, ինչպէս՝  լրագրութեան եւ  յօդուածի փոխանակման , գիտաժողովներ Թուրքիոյ մասին Հայաստանի եւ Հայաստանը՝ Թուրքիոյ մէջ:

               Ան  մինչեւ  հիմա կ՛աշխատակցի Թուրքիոյ IMC հեռուստատեսութեան մէջ որպէս արտադրիչ եւ խմբագիր:

               Ան ստեղծած է առաջին հեռուստատեսիլի ներկայացումը՝ «Կամուրջ» խորագրով Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն մասին, յատկապէս Հայերը 2011ին, որ տակաւին կը շարունակուի:

Արձանագրած է կարգ մը վաւերագրականներ Հայ ժողովուրդի հարցերուն մասին, փոքրամասնութիւններու  իրաւունքներուն եւ խօսքի ազատութեան մասին, ինչպէս avtobus (2012), 23 եւ կէս մը(2013):

Comments are closed.