Comments are off for this post

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄԸ (Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi)

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, 1 Ապրիլ 2013, Ս. Զատկի Մեռելոցին, Ժամը 12.30-ին, Պալըքլըի Հայոց Գերեզմանատան մէջ, տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիրարքական Աթոռոյ 82. Գահակալ Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր կիսանդրիի բացումը։

Բացման հանդիսութեան նախագահեց՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրեր, քահանայ հայրեր ու հաւատացեալներ։ Շղարշով ծածկուած կիսանդիին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Ապա Արամ Արքեպիսկոպոս բացումը կատարեց կիսանդիին։ Ս. Սարգիս Մատրան մօտ կանգնուած կիսանդրին, ձեռակերտն էր Պոլսոյ ծանօթ արուեստագէտներէն Էրօլ Սարաֆեանի։

Արամ Սրբազան կիսանդրիի բացման ժամանակ արտայայտուեցաւ ըսելով թէ այս տարի կը Երանաշնորհ Շնորհք Սրբազան Պատրիարք Հօր ծննդեան 100-ամեակն էր։ Շնորհք Պատրիարք իր կեանքի օրինակով եւ իր գործով, 20-րդ դարուն իր հետքը թողած էր Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ան եղած էր իր ժողովուրդին գնահատանքին արժանացած հովուապետ մը։ Տարուայ ընթացքին նախատեսուած ծրագիրներով ու զանազան միջոցառումներով պիտի նշուէր Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100-ամեակը։

Նաեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Մելքոն Քարաքէօսէ ըսելով որ Շնորհք Պատրիարք անմոռանալի դէմք մըն էր Պոլսահայ համայնքի համար։ Երբ ծրագրուեցաւ կիսանդրին կերտե, զանազաններ կը հարցնէին թէ ինչո՞ւ կիսանդրին չէր կանգնուեր Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, քանի որ իր շիրիմը կը գտնուէր սոյն գերեզմանատան մէջ։ Մելքոն Քարաքէօսէ պարզաբանեց թէ Շնորհք Սրբազան Պատրիարք կը փափաքէր յետ մահու թաղուիլ Պալըքլըի Գերեզմանատան մէջ։ Նոյնիսկ Տիրամօր շիրիմը եւս կը գտնուէր Պալըքլըի Գերեզմանատան մէջ։ Եւս առաւել Շնորհք Պատրիարք իր գահակալութեան շրջանին աշխատանք տարած էր որպէսզի Ս. Սարգիս Մատուռը կառուցուէր։ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդը, ի նշան երախտագիտութեան, այս կիսանդրիով ուզած էր, յարգել երջանկայիշատակ պատրիարքին յիշատակը։

Comments are closed.