No comments yet

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐԸ

 

.

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐԸ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի »Զուարթնոց« Մշակութային Մարմնի եւ Պոլսահայ Միութեան կազմակերպութեամբ« Մայիս 21ին« 2019« երեկոյեան ժամը 8:00ին« առաջնորդարանի Գալայճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան նախաձեռնութիւն մը Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու մասին։

Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութիւնը վայելող սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Հ.Բ.Ը.Մ.ը« Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը« Թէքէեան« Պոլսահայ« Իրանահայ« Իրաքահայ եւ Համազգային միութիւններն ու Ապրիլ գրատունը։

Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Զուարթնոց Մշակութային Մարմնի ատենապետ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան։ Ան հակիրճ կերպով բնութագրեց թէ ինչպէս հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկ ու կէս միլիոն  հայերու կողքին կային նաեւ ջարդէն մազապուրծ ազատած հայեր« որոնք դաժան պայմաններու բերումով« հարկադրուած էին իսլամանալ եւ որոնց շառաւիղներուն թիւը ներկայիս պատկառելի թիւ մը կը կազմէ։

Այնուհետեւ խօսք առաւ նախկին պոլսհայ եւ ներկայիս քանատահայ ծանօթ ազգայիններէն դաշնակահար« մանկավարժ եւ հրապարակագիր Ռաֆֆի Պետրոսեան։ Յարգելի զեկուցաբերը իր ելոյթին մէջ հպանցիկ ակնարկով անդրադարձաւ 104 տարիներ առաջ ահաւոր ջարդի եւ բռնագաղթի ենթարկուած« թրքական եաթաղանի հայ զոհերու ինչպէս նաեւ իսլամացած թաքուն եւ ծպտեալ հայերու մասին։ Ըստ իրեն ծպտեալ հայերու շառաւիղէն վերապրողներու մեծամասնութիւնը՝ ¤թիւով  շուրջ 100,000) ներկայիս կը բնակին Տիգրանակերտ (այժմ Տիարպէքիր) քաղաքին մէջ: Նախքան ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ հայերն ունէին 2500 եկեղեցի, 400 վանքեր, բազմահարիւր դպրոցներ եւ առեւտրական հաստատութիւններ: Ներկայիս Իսթանպուլ քաղաքէն դուրս մնացած է 5 գործօն եկեղեցի, որոնց մեծագոյնն է Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Արդարեւ այս եկեղեցին վերանորոգուած է 2015ին, որուն բացումին ներկայ եղած են 4000է աւելի հոգիներ, որոնց մեծ մասը ծպտեալ էին: Իսկ ցեղասպանութեան 100-ամեակին  առիթով միեւնոյն եկեղեցիի մէջ սարքուած համերգին մասնակցած են 2000 ծպտեալ հայեր:

Վերջին տասնամեակին Ռաֆֆի Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ, իսլամացած ծպտեալ հայերու խումբեր, զբօսաշրջային պտոյտներ կատարած են դէպի Հայաստան: Անոնք իրենց արմատներուն մօտէն ծանօթանալէ ետք ոմանք մկրտուած են եւ առաւել հայացած վերադարձած տուն: Անոնցմէ Սէլիմը ուզած է մնալ Հայաստան եւ իր անունը փոխած է Սեւանի…: Իսլամացած շատ հայեր կան ներկայիս քիչ մը ամէն տեղ, մասնաւորաբար՝ Ուրֆա, Այնթէպ, Մարտին, Վան, Սասուն եւ Համշէն: Դժբախտաբար Համշէնի հայերը իսլամացած են 3-4 դար առաջ: Այսուհանդերձ անոնք կառչած կը մնան իրենց արմատներուն եւ կը պահեն իրենց ուրոյն հայադրոշմ բարբառը եւ ոմանք կըսեն »Ես հայ չիմ, ես թուրք իմ«…: Նշենք նաեւ որ Տէրսիմի եւ Համշէնի հայերն արդէն ունին իրենց հայրենակցական միութիւնները:

Հետաքրքրական էր իմանալ որ Աղթամարի հայոց Ս. Խաչ եկեղեցիի վերանորոգութեան գլխաւոր նախաձեռնութիւնը  Եաշար Քամալ անունով հռչակաւոր գրող եւ լրագրողին կը պատկանի: Արդարեւ, ան իր մահուընէ առաջ իր շուրջիններուն իմացուցած է որ հայ արմատներ ունի…: Իմացանք նաեւ որ հայ արմատներ ունեցող բազմաթիւ զինուորներ կան թրքական բանակին մէջ եւս, բայց անոնք չեն կրնար տիրանալ աւելի բարձր պաշտօններու: Պարագան նոյնն է նաեւ պետական եւ այլ պաշտօնական հաստատութիւններէ ներս պաշտօնավարողներուն: Խտրականութիւն ամենուրեք…:

Ռաֆֆի Պետրոսեան յորդորեց երեւան հանել ծպտեալ հայերը եւ համագործակցիլ անոնց հետ, քանի որ վերադառնալով իրենց արմատներուն՝ կրնան օգտակար ըլլալ նաեւ հայութեան:

Միւս կողմէ կիմանանք թէ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կան աւելի քան 100,000 թաքնուած հայեր: Իսկ խառն ամուսնութիւններու բերումով, հայ արմատներ ունեցողներու թիւը կը գնահատուի քանի մը միլիոնի:

Սոյն շահեկան միջոցառումի փակման խօսքը կատարեց Գերշ. Տ. Յովնան Սրբազանի ներկայացուցիչ հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան: Ան անդրադառնալով ցեղասպանութենէն ետք ստեղծուած նոր իրավիճակի մասին՝ յայտնեց թէ տակաւին կան հարիւրաւոր հարցումներ, որոնց պէտք է պատասխանել: Անոնց մասին արդէն սկսած են իրենց բնութագրումը կատարել Թաներ Ագշամ, Իիւմիւտ Թուրք եւ ուրիշներ: Այնուհետեւ յարեց. »…Կեանքի նաւակն իւր հետքը թողած է մեր վրայ…: օր մը այդ նաւակը պիտի հասնի իր ափերուն…«:

Գնահատելի նախաձեռնութիւն մը արդարեւ, որուն համար կը նախատեսուէր աւելի բազմամարդ հասարակութիւն մը:

 

 

Post a comment