Comments are off for this post

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԻ ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ (Պատրիարքութիւն Հայոց)

Photo: ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ
ԿԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԻ ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երկար ատենէ ի վեր կը վայելէ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի բժշկական դասուն խնամքը։ Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակը կը շարունակէր մնալ կայուն ընթացքի մէջ։ Սակայն, անցեալ շաբաթավերջին, 24 Փետրուար 2013, Կիրակի, ջերմութեան բարձրացման եւ արեան ճնշման անակնկալ անկման պատճառներով բժշկական թելադրութեամբ փոխադրուեցաւ հիւանդանոցի խտացեալ դարմանման բաժինը։

Բժիշկներու հսկողութեամբ բծախնդրօրէն կիրարկուած դարմանման իբր հետեւանք, Ամենապատիւ Տիրոջ մօտ դիտարկուած խանգարումները սկսած են տակաւ առ տակաւ չքանալ։ Բժշկական միջոցառումները այժմ կեդրոնացած են արեան ճնշման նուազումը դարմանելու ուղղութեամբ։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը առ այժմ մինչեւ շաբաթավերջ պիտի մնայ խտացեալ դարմանումի բաժնին մէջ։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Comments are closed.