Comments are off for this post

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ –

20131025_221308.jpg

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ

Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ  ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐՈՒՆ

 

Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս

 

Կազմակերպութեամբ  Պոլսահայ Միութեան, Արարատ Էսքիճեան Թանգարանի, Համազգային Հայ Կրթական եւ  Մշակութային Միութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի, եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի Ծննդեան  1650  ամեակի առթիւ,  Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2013  Woodbury Համալսարանին մէջ,  առաւօտեան ժամը  9:00-5:00: Մասնակից Դասա-խօսներն էին՝ Փրօֆ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Փրօֆ. Աբրահամ Տէրեան, Դոկտ. Սրբուհի Հայրապետեան, Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Դոկտ. Երուանդ Զօրեան, Փրօֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեան եւ Փրօֆ. Րապըրթ Հիւսըն:  Գիտաժողովէն օր մը առաջ, Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ Մխիթարեան Սանուց Յանձնա-խումբի հովանաւորութեամբ՝  Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2012, ժամը 19.30ին, Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ ընդունելութիւն մը սարքեցին, հիւրասիրելու համար վերոյիշեալ դասախօսները: Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատե-նապետ Իրաւաբան Էտվին Մինասեան եւ Հոգաբարձութեան կարգ մը անդամներ, նաեւ Միութեան Գործադիր Յանձ-նախումբի եւ միութեան անդամներ, Քոյր Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Ձեռնարկը սկսաւ համադամ ընթրիքի սպասարկումով, շնորհակալութիւն Միութեան Մխիթարեան Սանուց Յանձնախումբի անդամ՝ Տիար Կարօ Հաթունին որ սոյն ընդունելութեան համեղ աղանդերները նուիրեց, որմէ ետք Դասախօսներուն կենսագրականներու ընթերցումները կատարեցին Իրաւաբան Էտվին Մինասեան եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս  Գ.  Աւետիքեան:  Խօսք առին նաեւ The Armenian Observer շաբաթաթերթի տէր եւ տնօրէն՝ Փրօֆ. Օշին Քէշիշեան եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատե-նապետ՝ Տիար Յարութ Տէր Դաւիթեան:

Ձեռնարկի աւարտին Փրօֆ. Տէրեան եւ Փրօֆ. Հիւսըն, Իրաւաբան Էտվին Մինասեանին նուիրեցին իրենց վերջին հրատարակուած բազմագիտակ հատորներէն որ ընդուն-ուեցաւ Պոլսահայ Միութեան կողմէ եւ զետեղուեցան Միութ-եան գրադարանին մէջ:

Նշենք թէ Սոյն գիտաժողովը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ Պոլսահայ Միութեան, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ Civil Netի կայքէջերէն:

=============

 

THE ORGANIZATION OF ISTANBUL ARMENIANS

CULTURAL AND MEKHITARIAN ALUMNI COMMITTEES HOST LECTURERS OF MESROB MASHDOTS 1650TH ANNIVERSARY SYYMPOSIUM

 

By  Mariette Minassian-Okhanes

 

Organized by Organization of Istanbul Armenians, Ararat Eskijian Museum, Hamazkayin Armenian Cultural Association, AGBU and Nor Serount Cultural Association, a symposium was held on the occasion of Mesrob Mashdots 1650th anniversary, Saturday October 26, 2013 at Woodbury University, from 9:00 am to 5:00 pm.

Participating Lecturers were; Prof. Father Levon Zekiyan, Prof. Abraham Terian, Dr. Srbuhi Hayrapetian, Rev. Dr. Abel Manoukian, Dr. Yervant Zorian, Prof. Hagop Gulludjian and Prof. Robert Hewsen.

Prior to the symposium, OIA Cultural and Mekhitarian Committees hosted a reception on Friday October 26, 2012 at OIA’s “Hrant Dink Lecture” Hall. Present were Chairman of OIA Board of Trustees Mr. Edvin Minassian, Esq., and several members of Trustees, as well as OIA Executive Committee and OIA members, also, representatives of Sister Organizations and guests. The event started with a dinner in honor of the Lecturers. After the dinner, Chairman of OIA Board of Trustees Mr. Edvin Minassian, Esq., and Chairman of OIA Cultural Committee Dr. Ohannes K. Avedikyan read the biographies of the lecturers, followed by The Armenian Observer Newspaper’s Owner and Director Prof. Oshin Keshishian and Nor Serount Cultural Association’s Chairman Mr. Harout Der Tavitian’s speeches.

At the end of the event, both Prof. Terian and Prof. Hewsen presented Mr. Edvin Minassian, Esq., with their latest published scholarly books and it was accepted on behalf of the OIA and they were placed in the organization’s library.

We would like to thank Mr. Garo Hatun who donated the delicious appetizers for the reception.

The Symposium was broadcast live from OIA, Civil Net and Nor Serount Cultural Association’s websites.

Comments are closed.